Արխիւ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2024

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ հասարակութեան հոգեւոր կեդրոնին գլուխը անցած է Հայր Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան՝ 2 հոկտեմբեր 2024 թուականի դրութեամբ։ Ան երկար տարիներէ ի վեր Պոլսոյ մէջ ծառայութիւն կը մատուցէ՝ արժանացած ըլլալով համատարած յարգանքի եւ համակրանքի։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2024

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Արեւմուտքը Երեւանին կ՚աջակցի՝ յուսալով, թէ կը յաջողի Հարաւային Կովկասէն վերջնականօրէն դուրս մղել Մոսկուան, որու տեղը անխուսափելիօրէն կ՚առնէ Անգարան:
Հայաստան BRICS-ի գագաթաժողովին ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը մասնակցի՝ երբ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններուն կապակցութեամբ օրակարգի վրայ են բազում հարցականներ:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2024

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայոց պատմական դպրոցներէն մէկը՝ Ներսիսեան դպրոցը, օրերս կրկին յիշուեցաւ Երեւանի մէջ. հոկտեմբերի 17-18-ը տեղի ունեցած միջազգային գիտաժողովը նուիրուած էր Թիֆլիզի այդ նշանաւոր դպրոցին, որու հիմնադրման 200-ամեակը լրացաւ այս տարի: Գիտաժողովը կազմակերպած էին Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան» հայկական պետական մանկավարժական համալսարանն ու Թիֆլիզի «Կովկաս» համալսարանը:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2024

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Դարձեալ ես ինծի հետ հաշտ չեմ: Շուարած եմ: Կարծես բան մը նորէն փլած է հոգիիս մէջ, բազմախաւ տառապանքի նման: Որովհետեւ, ազգային ալեկոծութիւններն ու մեր երազանքները կեանքի սովորական հոլովոյթը դժուարացուցած են:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2024

Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով խորհրդատուական հարթակի՝ Իսթանպուլի մէջ անցեալ շաբաթավերջին կազմակերպուած արտաքին գործոց նախարարներու ժողովի աւարտին հրապարակուեցաւ համատեղ հռչակագիր մը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2024

Թուրքիա-Գերմանիա յարաբերութիւններուն մէջ կ՚ակնկալուի նոր սկիզբ մը՝ բարձր մակարդակի որոշումներով:
Էրտողան-Շոլց շաբաթավերջի բանակցութիւններու լոյսին տակ կ՚ուրուագծուին շօշափելի համագործակցութեան հեռանկարներ: Անգարայի եւ Պերլինի միջեւ պիտի վերակենդանացուի միջկառավարական խորհրդակցութեան դրութիւնը:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2024

Ռոպէր Քոփթաշի առաջին վէպը բաւական լայն արձագանգ ստեղծած է գրասէր շրջանակներէն ներս:
«Նոսթալժի» գրախանութ-սրճարանի երդիքին տակ կազմակերպուած շնորհանդէսին ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2024

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

22-24 հոկտեմբերին Քազանի մէջ նախատեսուած գագաթաժողովը միջազգային հետաքրքրութեան առարկայ:
BRICS-ը կը համախմբէ երկիրներ, որոնք կրնան պայմանաւորել հրատապ օրակարգի խնդիրները՝ բոլոր բարդ ծալքերով:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2024

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Իր մահէն երկու տարի առաջ արեւմտահայ անուանի գրող Միսաք Մեծարենց սկսած է թարգմանութիւններ կատարել: Սակայն անոր գործունէութեան այս կարեւոր մասը այնքան չէ լուսաբանուած, որքան որ հռչակուած է անոր գրականութիւնը:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սրբոց Թարգմանչաց գործունէութիւնը իր ազդեցութիւնը ցոյց տուած է Հայոց Եկեղեցւոյ եւ հայ գրականութեան վրայ։ Ուստի, կը ներկայացնենք Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի «Հայոց Եկեղեցին» գիրքէն հայ գրականութեան մասին շահեկան տողերը, յուսալով, որ հետաքրքրութեամբ պիտի դիմաւորեն մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2024

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Մարդու իրաւունքները էապէս պէտք է ընդգրկեն բոլոր անհատները՝ տղամարդիկ եւ կիներ: Այս հիմնարար իրաւունքները, որոնք կրնանք կոչել նաեւ հաւասար, ազատ եւ արժանապատիւ ապրելու իրաւունք, անխափան կը շարունակեն մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին, անօտարելի են եւ չեն կրնար փոխուիլ որեւէ պարագային։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այդ տարիներուն, երբ տակաւին արգիլուած էր իգական սեռի ներկայացուցիչներուն «ձայն բարձրացնել» եւ տակաւին լուրջ բանավէճի նիւթ էր անոնց ուսում ստանալու անհրաժեշտութեան հարցը, հայ ազգին մէջ յայտնուեցաւ Սիպիլը, որ տակաւին իր պատանի տարիքին, հազիւ 16-17 տարեկանին, հիմնեց Ազգանուէր հայուհեաց ընկերութիւնը, որուն հիմնական նպատակն էր կրթել գաւառներու հայ աղջիկները. ընկերութիւն, որ իր հիմնադրութենէն տարի մը ետք յաջողեցաւ Էրզրումի Քղի գաւառին մէջ հիմնել իր առաջին դպրոցը:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2024

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ Թարգմանչաց տօնի եւ հայ մշակոյթի շաբթուան առթիւ կեանքի կոչուեցաւ ճոխ ծրագիր մը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2024

Համայնքային շրջանակները երէկ ժամադրուած էին Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր կրօնական ու աշխարհիկ արարողութիւններ տեղի ունեցան՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2024

Թրքահայ ակադեմականներու հարթակը, որ կը գործէ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ, շաբաթավերջին հրապարակեց տեղեկագիր մը, որ պատրաստուած է հարցախոյզի մը հիման վրայ։ «Թուրքիոյ հայ հաւաքականութեան ապագային արտացոլացումը» խորագրեալ այս տեղեկագիրը յիշեալ հարթակի տեղեկատուութեան խմբակի ջանքերով կը մատուցուի համայնքին։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2024

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեան վերջերս ստացած է կարեւոր պարգեւ մը։ Այսպէս, Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի խնամատար մարմինը որոշած է տքթ. Հրայր Ճէպէճեանը պարգեւատրել Լապիպ Մատանաթի յիշատակին հաստատուած կոչումով։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2024

Երէկ, Երեւանի մէջ սկսաւ «Ռէանիմանիա» փառատօնը, որ 16-րդն է իր տեսակին մէջ։ Անիմասիոն ժապաւէններու այս միջազգային փառատօնը արդէն ձեւաւորուած նախընթացներով միշտ ուշագրաւ է գեղարուեստասէրներուն համար։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2024

Հայաստանի Ազգային գրադարանը վերջերս ձեռք բերաւ երկու հազուագիւտ հրատարակութիւն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, անոնցմէ մին է Եփրեմ Ասորիի «Գիրք աղօթից»ը, իսկ միւսը՝ հայատառ թրքերէն Աստուածաշունչ մը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հերման Կիւրճեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2024

Երէկ, Պերլինի մէջ տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի եւ Անգլիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըրի հանդիպումը։

Էջեր