Արխիւ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2016

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ մեր ե­րի­տա­սարդ ձեռ­նե­րէց­նե­րէն Ա­րէտ Սի­լահ­լը Պէ­յօղ­լուի մէջ բա­ցած է նոր ճա­շա­րան մը։ Ա­րէտ Սի­լահ­լը ա­նուն մըն է, ո­րու համ­բա­ւը հետզ­հե­տէ կը տա­րա­ծուի կա­պե­լա-ճա­շա­րա­նի աշ­խար­հէն ներս։ Իր ար­ձա­նագ­րած վե­րել­քը ան­շուշտ ու­ղիղ հա­մե­մա­տու­թեան մէջ է իր մա­տու­ցած ծա­ռա­յու­թեան ո­րա­կով:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2016

Սիւհա եւ Պենկիւ Համամճը ամոլը նոր դիմագծով մը կ՚ողջունեն իր յաճախորդներն ու հիւրերը:
Բանկալթիի «Նոսթալժի»ն տարբեր ձեւաչափի մը մէջ, սակայն նոյն արհեստավարժութեամբ կը շարունակէ սպասարկութիւնը:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2016

Ռուս բա­նաս­տեղծ Մա­յա­կովս­կի, լե­նի­նեան յե­ղա­փո­խու­թեան եր­գի­չը գրու­թիւն մը ու­նի, ուր կ՚ը­սէ. «Մենք կը հաս­նինք ու կ՚անց­նինք»… ի հարկէ, խօս­քը ուղ­ղե­լով դրա­մա­տի­րա­կան աշ­խար­հին:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ող­ջա­խո­հու­թիւն» կը նշա­նա­կէ սե­ռա­կա­նու­թեան ստեղ­ծած եւ կազ­մա­ւո­րած հա­մար­կու­մը ան­ձին մէջ եւ ա­նոր մի­ջո­ցով՝ մար­դուն «ներ­քին միու­թիւն»ը իր մարմ­նա­ւոր-ֆի­զի­քա­կան եւ հո­գե­ւոր-բա­րո­յա­կան էու­թեան մէջ։ «Սե­ռա­կա­նու­թիւն»ը՝ ո­րուն մէջ կ՚ար­տա­յայ­տուի մար­դուն մարմ­նա­կան եւ կեն­սա­բա­նա­կան աշ­խար­հին պատ­կա­նե­լիու­թիւ­նը, կը դառ­նայ անձ­նա­կան եւ իս­կա­պէս մարդ­կա­յին՝ երբ ան կը հա­մար­կուի ան­ձէ անձ կա­տա­րուած ա­ռըն­չու­թեամբ, մար­դուն եւ կնոջ ամ­բող­ջա­կան եւ ժա­մա­նա­կա­պէս ան­վերջ փո­խա­դարձ նուի­րու­մին մէջ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2016

Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք Զէ­քիեան ան­ցեալ Կի­րա­կի Թա­քսի­մի Ս. Յով­հան Ոս­կե­բե­րան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տոյց Ս. Պա­տա­րագ եւ խօ­սե­ցաւ քա­րոզ մը։ Ս. Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծառ ծայ­րա­գոյն վար­դա­պե­տի գա­ւա­զան շնոր­հեց Հայր Վար­դան Գա­զան­ճեա­նին, որ Պէյ­րու­թէն ե­կած ըլ­լա­լով՝ մի­ջո­ցէ մը ի վեր կը պաշ­տօ­նա­վա­րէ քա­ղա­քիս մէջ, Հայ Կա­թո­ղի­կէից  Ար­քե­պիս­կո­պո­սա­րա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2016

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Գում­գա­բուի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Հրանդ Մոս­կո­ֆեա­նը, ան­դամ­նե­րէն Նուր­հան Ճէմ­ճէ­մը եւ Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Սե­ւան Կիւ­րիւ­նը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2016

Ա­մե­րի­կա­հայ յայտ­նի հե­ռուս­տաաստղ Քիմ Քար­տա­շեան նա­խըն­թաց գի­շեր յար­ձակ­ման ու կո­ղո­պու­տի են­թար­կուե­ցաւ Փա­րի­զի մէջ, ուր կը գտնուէր մաս­նակ­ցե­լու հա­մար նո­րա­ձե­ւու­թեան շաբթուան։ Կէս գի­շե­րը անց, ոս­տի­կա­նա­կան տա­րա­զով անձ մը յա­ջո­ղե­ցաւ մուտք գոր­ծել Քիմ Քար­տա­շեա­նի ի­ջե­ւա­նած բնա­կա­րա­նը՝ չէզո­քաց­նե­լով պա­հա­կը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2016

Ճա­բո­նէն յայտ­նի գիտ­նա­կան Եո­շի­նո­րի Օհ­սու­մի նուա­ճեց 2016 թուա­կա­նի Նո­պէ­լեան բժշկու­թեան մրցա­նա­կը։ 71-ա­մեայ գիտ­նա­կա­նը նպաս­տած է՝ որ­պէս­զի քաղց­կե­ղի եւ փար­քին­սո­նի նման հի­ւան­դու­թիւն­նե­րը ըմբռ­նուին ա­ւե­լի լաւ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2016

Ատր­պէյ­ճա­նի բա­նա­կը ե­րէկ զօ­րա­վար­ժու­թիւն­նե­րու սկսաւ Նա­խի­ջե­ւա­նի մէջ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ ինք­նա­վար Հան­րա­պե­տու­թե­նէն ներս ռազ­մա­փոր­ձե­րուն կը մաս­նակ­ցի ա­ռան­ձին բա­նակ մը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2016

ՄԱԿ-ի Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան հետ կապակից երկիրներու հաւաքը:
Երեւանի մէջ ծաւալուած աշխատանքը նոր հորիզոններ կ՚ուրուագծէ Հայաստանէ ներս այս ոլորտի զարգացման առջեւ:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2016

Ե­րէկ, մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դին ժո­ղո­վը։ Պեշ­թե­փէի պա­լա­տէն ներս կա­ռա­վա­րու­թեան նիս­տը գլխա­ւո­րեց Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խագահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան, ո­րու կող­քին էր նաեւ Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ։ Ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին ո­րո­շուե­ցաւ եւս ե­րեք ա­մի­սով եր­կա­րաձ­գել՝ երկ­րէն ներս հաս­տա­տուած ար­տա­կարգ դրու­թեան կի­րա­ռու­մը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2016

Հա­յաս­տա­նի մէջ նոր կա­ռա­վա­րու­թեան ձե­ւա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի ե­րէ­կուան նշա­նա­կում­նե­րով գրե­թէ եզ­րա­փակուե­ցաւ։ Ե­րէ­կուան կար­գադ­րու­թիւն­նե­րը ոչ միայն յստա­կե­ցու­ցին նո­րան­շա­նակ վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած կա­ռա­վա­րու­թեան շարք մը ա­ռանց­քա­յին դէմ­քե­րը, այլ նաեւ վե­րա­ձե­ւա­ւո­րե­ցին բա­նա­կի վեր­նա­խա­ւը եւ ռազ­մա­վա­րա­կան նշա­նա­կու­թեամբ պե­տա­կան կա­ռոյց­նե­րու գլխա­ւոր դէմ­քե­րը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2016

Գեր­մա­նա­ցի խորհր­դա­րա­նա­կան­ներ վա­ղը պի­տի այ­ցե­լեն Ին­ճիր­լի­քի ռազ­մա­խա­րիս­խը։ Ան­գա­րա­յի մօտ Գեր­մա­նիոյ դես­պան Քունց ե­րէկ յայտ­նեց, որ Պուն­տես­թա­կի վեց ան­դամ­ներ վա­ղը պիտի այ­ցե­լեն Ին­ճիր­լիք։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2016

Թրքական եւ օսմանական ուսումնասիրութիւններու երկրորդ համաեւրոպական համաժողովը տեղի ունեցաւ Համպուրկի մէջ:
Գիտական հաւաքին զուգահեռ կազմակերպուած ցուցահանդէսի ալպոմին մէջ յատուկ անդրադարձ՝ հայոց ձեռագրերու աւանդութեան:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2016

ՊՕ­ՂՈՍ ՇԱՀ­ՄԵ­ԼԻ­ՔԵԱՆ

Շատ մը նա­խա­պա­շա­րեալ­ներ կը հա­ւա­տան, որ ե­րազ­նե­րը ան­պայ­ման  ի­մաստ մը կ՚ու­նե­նան, եւ որ ա­նոնք մեկ­նա­բա­նու­թեան կը կա­րօ­տին

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2016

Ն. ՊԷՐ­ՊԷ­ՐԵԱՆ

Հա­յա­գի­տա­կան մե­ծար­ժէք ժա­ռան­գու­թեան տէր՝ բազ­մա­վաս­տակ հե­ղի­նա­կու­թիւն է Փրոֆ. Սի­րար­փի Տէր-Ներ­սէ­սեան (1896-1989), ո­րուն ծննդեան 120-ա­մեա­կը կը նշուի Սեպ­տեմ­բե­րի 5-ին:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2016

Երեւանի մէջ «Վերսուս» սթիւտիոյի նոր նախագծին հիման վրայ շահեկան ցուցահանդէս մը. «Մարդը դէմ յանդիման բռնութեան»:
Տիգրան Պասկեւիչեան, Արա Շիրինեան եւ Սաթենիկ Ֆարամազեան հերթական անգամ կը թարմացնեն հաւաքական յիշողութիւնը՝ արդի պատմութեան լաբիւրինթոսներուն մէջ, ուր մարդիկ իրենց ապրումներու յաճախ զգացական, նաեւ զգայացունց դրուագներով կ՚ունենան ներքին հայեացքի եզակի հնարաւորութիւնը:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​«Լոյ­սը աշ­խարհ ե­կաւ, բայց մար­դիկ խա­ւա­րը լոյ­սէն ա­ւե­լի սի­րե­ցին, ո­րով­հե­տեւ չա­րու­թիւն կը գոր­ծէին։ Ով որ չար գործ կը կա­տա­րէ, կ՚ա­տէ լոյ­սը եւ լոյ­սին չի գար, որ­պէս­զի իր գոր­ծե­րը չյայտ­նուին։ Սա­կայն ով որ կը կա­տա­րէ ի՛նչ որ ճշմա­րիտ է՝ լոյ­սին կու գայ, որ­պէս­զի յայտ­նի ըլ­լայ թէ իր գոր­ծե­րը Աս­տու­ծոյ կամ­քին հա­մա­ձայն գոր­ծուած են» (ՅՈՎ­ՀԱՆ­ՆԷՍ, Գ 19-21)։­

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2016

Էսաեան սանուց միութեան երդիքին տակ «Մարալ» երգի-պարի համոյթը շաբաթավերջին ձեռնարկեց 2016-2017 շրջանի աշխատանքներուն
Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի մականին ներքեւ խումբը յառաջիկային կը նախատեսէ նոյն կարգապահութեամբ ընթացք տալ իր բազմակողմանի գործունէութեան

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ էա­կը կը խօ­սի, խօս­քով կ՚ար­տա­յայ-տըւի եւ խօս­քը յատ­կան­շա­կան եւ իւ­րա­յա­տուկ ա­ռա­ւե­լու­թի՛ւնն է մար­դուն։ Ա­մէն մարդ կը խօ­սի, ո­մանք քիչ խօս­քով շատ բան կ՚ը­սեն, ո­մանք ալ շատ խօս­քով ո՛­չինչ կ՚ը­սեն…։

Էջեր