Արխիւ
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Գեղանկարիչ Հրայրը (Հրայր Տիարպեքիրեան) մեծ արուեստականութիւն ունեցող անձ մըն է: Ան արթիսթիք է իր պահելաձեւով, խօսելաձեւով, ապրելակերպով… Արտաքինով հանրութեան մէջ աչքի զարնող այս գեղանկարիչը ծանօթ անուն մըն է:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Արժանթինի Մխիթարեան վարժարանէն սաներ, որոնց կ՚ուղեկցէր հայերէնի ուսուցչուհի Զեփիւռ Տիզչէքէնեան։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ծանօթացաւ իւրաքանչիւր սանի հետ, իր օրհնութիւնը փոխանցեց երիտասարդներուն, նաեւ վերյիշեց դէպի Արժանթին հովուապետական ուղեւորութեան ընթացքին վարժարան տուած այցը։
Արթիւր Պաղտասարեան երէկ երեկոյեան ելոյթ մը ունեցաւ Երեւանի մէջ:
Իսթանպուլահայ երգիչը պարգեւատրուեցաւ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ:
ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ
1992-ի ամառը ընտանեօք Երեւան անցուցինք: Այդ օրերու մանկական յիշողութիւններուս մէջ անջնջելի տեղ կը գրաւէ Հայաստանի հացը: Օ՜հ, ինչ կարծր ու անհամ էր այդ օրերու Հայաստանի սովորական հացը, քա՛ր էր կարծէք: Վրան ալ մեզի համար անսովոր ու տհաճ հայաստանեան ճաշատեսակները եւ յատկապէս կանաչիով պատրաստուած ապուրները կ՚աւելնային…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ընդհանուր մարդկային պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ «սիրտ»ը կարեւոր տեղ մը կը գրաւէ յարաբերութիւններու մէջ եւ ուղեցոյց մը կ՚ըլլայ անոնց զարգացման համար։
Ֆրանսայի իշխանութիւնները որդեգրած են օրէնք մը, որ կ՚արգիլէ 2020 թուականէն սկսեալ կերպընկալէ մէկ անգամ օգտագործուող պնակեղէնի վաճառքը: Մինչ այդ արտադրողները պէտք է ձերբազատուին բոլոր գոյութիւն ունեցող կերպընկալէ ամբողջ արտադրանքներէն: Հետագային անոնք պիտի կարենան այդպիսի ապրանքներ արտադրել միայն կենսատարրալուծուող նիւթերէ:
Ատրպէյճանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ հանրաքուէ մը։ 69.7 մասնակցութեան համեմատութեամբ այս հանրաքուէին հիման վրայ կը նախատեսուի վեց նոր յօդուած աւելցնել երկրի սահմանադրութեան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, մասնակիցներու 86.8 տոկոսը հաւանութիւն տուաւ սահմանադրութեան փոփոխութեան։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, երէկ, Երեւանի մէջ համագործակցութեան յուշագիր մը ստորագրուեցաւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքին եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին միջեւ։
Խոր ցաւով վերահասու դարձանք, թէ Մոնրէալի մէջ իր մահկանացուն կնքած է երէց սերունդէ սփիւռքահայ մտաւորական Արա Կարմիրեան։ Թէեւ բաւական յառաջացած տարիքի մէջ ան կնքած է իր մահկանացուն, սակայն իր կորուստը ցաւալի է՝ մանաւանդ, որ սփիւռքեան մեր իրականութենէն կը պակսին իրեն նման մտաւորական դէմքերը։ Որպէս ճարտարագէտ, գրող ու ֆիլաթելիստ ան իր սերունդի եզակի դէմքերէն մին էր
Ուժանիւթի նախարար Պերաթ Ալպայրաք յայտարարեց, որ Մեծամօրի աթոմակայանը կը շարունակէ մտահոգութեան առիթ մը մնալ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միւս հարեւաններուն համար։
Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութիւնը անընդհատ կը շարունակէ իր յարձակումները, որոնք կ՚ունենան արիւնալի հետեւանքներ։ ՓՔՔ-ականներու յարձակումներուն հետեւանքով երէկ նահատակուեցան տասն զինուորներ, ինչ որ խոր ցաւ ու ցասում յառաջացուց բովանդակ երկրէն ներս։
Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճանսըն կ՚այցելէ Թուրքիա։ Եռօրեայ ուղեւորութեան առաջին հանգրուանին ան երէկ շփումներ ունեցաւ Կազիանթէպի մէջ։ Ճանսըն այցելեց գաղթականաց ճամբարը, ուր զրուցեց ապաստանեալ ընտանիքներուն հետ։ Մանկապարտէզի մը մէջ ան լսեց փոքրիկներուն երաժշտական կատարումները։
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Չորեքշաբթի, 14 Սեպտեմբեր 2016-ին, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի «Ասեմպլի Հոլ»ին մէջ տեղի ունեցաւ Ամերիկեան համալսարանի «Սերունդներու պատմական աւանդ» յատուկ հանդիսութիւնը՝ նոյնինքն համալսարանի հիմնադրութեան 150-ամեակին առթիւ:
ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Սեպտեմբեր 5, 2016 թուականին, վաղ առաւօտեան Ս. Էջմիածնէն կ՚ուղեւորուինք Արցախ աշխարհ, երկար տարիներու չիրականացուած երազը առաջին անգամ կեանքի կոչելով: Թէ ինչո՞ւ այսքան ուշացում դէպի Արցախ ուխտագնացութիւնը իրականացնելու համար այդ խորքին մէջ ինձ համար յստակ չէ: Երեւի Աստուծոյ նախախնամութիւնը այս էր:
Արցախի ճակատին վրայ շաբաթավերջին հայ զինուոր մը եւս նահատակուեցաւ։ Երէկ, օրուան առաջին կէսին Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ բացուած կրակին թիրախը դարձաւ Սեւակ Խաչատրեան (1997)։
«Լեհավա» ցեղամոլ կազմակերպութեան անդամներուն կողմէ ծայրայեղական արարք:
Քաղաքապետարանի կազմակերպած համերգին յարձակման ենթարկուեցաւ «Ժառանգաւորաց» երգչախումբը, որ քաղաքի քրիստոնեաներու միակ ներկայացուցիչն էր այդ ծրագրին շրջագծով:
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեան Նիւ Եորքի մէջ տեսակցեցաւ Ամերիկայի հրէական կոմիտէի ներկայացուցիչներուն հետ:
Արտակ Զաքարեան. «Հայաստան եւ Իսրայէլ յառաջիկայ շրջանին պիտի ընդլայնեն իրենց համագործակցութիւնը զանազան բնագաւառներու մէջ»:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Սամաթիոյ երէկուան մատաղօրհնութիւնը թէեւ ընթացիկ նշանակութիւն ունէր, սակայն համայնքի այժմու իրադրութեան տեսանկիւնէն ունէր եզակի նշանակութիւն։ 2016-2017 կրթական շրջանը ու զուգահեռաբար՝ մատաղօրհնութիւններու շրջանը սկսած էր յոռետես պայմաններու ներքեւ։
«Կոմիտասը եւ միջնադարեան երաժշտական մշակոյթը» խորագրեալ գիտաժողով-փառատօն:
Բազմաթիւ միջազգային մասնագէտներ պիտի զեկուցեն, նախատեսուած են նաեւ շարք մը համերգներ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Արցախի Քարվաճառի շրջանի հինգ գիւղերէն քսանչորս դպրոցականներ։ Հարկ է նշել, որ դէպի Արցախ այցելութեան ժամանակ՝ Սեպտեմբերի 9-ին, Դադիվանքի մէջ Վեհափառ Հայրապետը զանոնք հրաւիրած էր այցելել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։