Արխիւ

Չորեքշաբթի, Մարտ 5, 2025

Ի պաշտպանութիւն Պաքուի մէջ տեւական ժամանակէ ի վեր պահուած հայ պատանդներուն եւ գարիներուն:
Երեւանի կեդրոնին միշտ բազմամարդ բողոքի ցոյցեր տեղի կ՚ունենան, Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ արձագանգներ:

Չորեքշաբթի, Մարտ 5, 2025

Հայաստանի սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան յայտարարեց, որ Երուսաղէմի հայ համայնքը լուրջ խնդիրներու դէմ յանդիման կը գտնուի։
«Արմէնփրէս»ի մամլոյ սրահին մէջ տեղի ունեցած ասուլիսի ընթացքին Զարեհ Սինանեան անդրադարձաւ Հայ Երուսաղէմի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։ 

Չորեքշաբթի, Մարտ 5, 2025

Սամաթիոյ ընտանիքը անցեալ շաբթուան մէջ, Բարեկենդանի ընդառաջ կազմակերպուած խրախճանքով ապրեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Թաղի «Հրաչեայ Աճառեան» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու յայտագիրը կեանքի կոչուեցաւ միջնակարգի սաներուն կողմէ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 5, 2025

Նորոգ հանգուցեալ Անի Ֆուլիանէ Ֆերահեանի վերջին հրաժեշտը՝ յուզումնախառն մթնոլորտով:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարքը Հայրը ներկայ էր՝ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ տխուր արարողութեան:

Երեքշաբթի, Մարտ 4, 2025

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պատրիարքարանի մամլոյ ասուլիսը շարք մը անժամանցելի հաստատումներու դուռ բացաւ։ Այստեղ, անշուշտ, հիմնական պատճառն է՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգին շատ սթաթիք ըլլալը։ Համայնքը տասնամեակներէ ի վեր հետամուտ է նոյն խնդիրներու լուծման, սակայն, չի յաջողիր յառաջընթաց արձանագրել։

Երեքշաբթի, Մարտ 4, 2025

Գալֆաեան տան մէջ վերջին շաբաթները բնորոշուեցան խտացեալ աշխատանքով եւ զանազան ձեռնարկներով։

Երեքշաբթի, Մարտ 4, 2025

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ուրբաթ երեկոյեան կը մեկնի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ չուերթով կը հասնի Հայաստան։

Երեքշաբթի, Մարտ 4, 2025

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ուղեւորութեան մը ձեռնարկած է դէպի Հարաւային Ամերիկա։ Այս ուղեւորութեան առաջին փուլին ան այցելեց Արժանթին։

Երեքշաբթի, Մարտ 4, 2025

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան. «Թուրքիա ջանքերը խտացուցած է Հարաւային Կովկասէ ներս կայունութեան ու բարգաւաճման համար, Հայաստանի հետ կը զարգացնէ բնականոնացման գործընթացը եւ կը սպասէ Ատրպէյճանի հետ ստորագրուելիք վերջնական խաղաղութեան համաձայնագրին»:
ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնատեղիէն ներս իֆթարի սեղան՝ Անգարայի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններու առաքելութիւններու ղեկավարներուն համար: Ընթրիքին հրաւիրուած էր նաեւ Ամեն. Ս.Պատրիարք Հայրը:

Երեքշաբթի, Մարտ 4, 2025

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հոգեւոր կեանքը այնպիսի հետաքըրքրական իրականութիւն մըն է, որ իր մէջ կը պարունակէ բազմաթիւ երեսներ եւ երբ մարդիկ կը փորձեն այդ երեսներէն մէկը կամ միւսը իրարմէ անջատել, կամ առանձնաբար կեանքի կոչել, ապա անպայմանօրէն տեղ մը, պահու մը խնդիրներ կը յառաջնան եւ տուեալ մարդը կը յայտնուի խորխորատի մը մէջ, ուրկէ դուրս գալու համար կարիք կ՚ունենայ Աստուծոյ օգնականութեան:

Երեքշաբթի, Մարտ 4, 2025

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Վերջերս լոյս տեսաւ անուանի հայագէտ, պատմաբան Յակոբ Չոլաքեանի արձակ էջերու վերջին գիրքը՝ «Լեզուական հնհնուքներ»։ Ժողովածոն կը մէկտեղէ ակնարկներու փունջ մը, ուր հեղինակը, իբրեւ ուսուցիչ, կը պատմէ ու կը մտորէ արեւմտահայերէնի պահպանման ու զարգացման խնդիրներուն եւ սփիւռքահայ դպրոցի մասին։

Երեքշաբթի, Մարտ 4, 2025

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ինչպէ՞ս հասկնալ Առակացի հետեւեալ համարը. «Թզենիին հոգ տանողը անոր պտուղը կ՚ուտէ եւ իր տէրը պահպանողը պատիւ կը գտնէ» (Առ 27.18):

Երեքշաբթի, Մարտ 4, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Միութիւնը եւ միաբանութիւնը ընկերային կեանքի գոյապահպանման եւ բարւոք գոյատեւման համար անհրաժեշտ պայմաններն են։ Արդարեւ, հոն՝ ուր կը բացակայի միութիւնը եւ միաբանութիւնը, հոն կը սկսի քայքայում, կազմալուծում եւ փլուզում։

Երեքշաբթի, Մարտ 4, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մարդ արարածը իր գոյութեան սկիզբէն մինչեւ այսօր զգացած, ինչպէս նաեւ ըմբռնած է անտեսանելի, սակայն, միեւնոյն ժամանակ անժխտելի ուժի կամ ուժերու գոյութիւնը եւ զայն կոչած է Աստուած կամ աստուածներ եւ այդ ըմբռնումին շուրջ ձեւաւորած է իր հաւատալիքները՝ ստեղծելով հոգեւոր, ինչպէս նաեւ մշակութային ինքնութիւն մը:

Երկուշաբթի, Մարտ 3, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Սակայն, անկեղծութիւնը դրական արժէք ըլլալով հանդերձ ունի իր բացասական կողմերը, որոնք կրնան վնասել մարդու բարօրութիւնը, որովհետեւ անկեղծութիւնը յաճախ կրնայ խաթարել յարաբերութիւնները, վիրաւորել թէ՛ շրջապատը եւ թէ մանաւանդ՝ ինքնասիրութիւնը, որովհետեւ մեր անկեղծութիւնը կրնայ ուրիշներու համար սեփական շահեր հետապնդելու շարժառիթ դառնալ: 

Երկուշաբթի, Մարտ 3, 2025

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի տիրական ներկայացուցիչներէն՝
ՏԻԿԻՆ
ԱՆԻ ՖՈՒԼԻԱՆԷ ՖԵՐԱՀԵԱՆ

որու կորուստը սուգի մատնած է իր ընտանիքը, միեւնոյն ժամանակ, համայնքային շրջանակներէն ներս գտած է լայն արձագանգ։ 

Երկուշաբթի, Մարտ 3, 2025

Պէզճեան Մայր վարժարանի սաները շաբաթավերջին մասնակցեցան «6. Technovation Turkey Launch Event» ձեռնարկին։ Այս նախաձեռնութեան նպատակն էր՝ խրախուսել STEM-ի մարզէն ներս յաւակնոտ երիտասարդներու պատրաստութիւնը։

Երկուշաբթի, Մարտ 3, 2025

Մխիթարեան վարժարանի հիմնադրութեան 200-ամեակին ձօնուած յոբելենական ձեռնարկներու շարքէն ներս, շաբաթավերջին փայլուն համերգ մը տեղի ունեցաւ՝ Սաքըզաղաճըի Ս. Աստուածածին հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ երդիքին տակ։

Երկուշաբթի, Մարտ 3, 2025

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Բարեկենդանի աւանդական արարողութիւններուն նախագահեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուր պատարագեց Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան:

Երկուշաբթի, Մարտ 3, 2025

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հովանաւորութեամբ, մաէսթրօ Ատրուշան Հալաճեանի սաները Բուն Բարեկենդանին զուգադիպած երեկոյթը վերածեցին երաժշտութեան անմոռանալի խնջոյքի մը:

Էջեր