Արխիւ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016

Միացեալ Նահանգներու փոխ-նախագահը յաջորդ շաբաթ պիտի այցելէ Թուրքիա:
Քննարկումներու օրակարգի հիմնական խնդիրը պիտի ըլլայ Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի վերադարձը:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին կող­մէ ե­րա­նաշ­նորհ Շնորհք Պատ­րիար­քի ծննդեան 100-ա­մեա­կին առ­թիւ հաս­տա­տուած «Շնորհք Պատ­րիարք 100» մա­տե­նա­շա­րէն լոյս տե­սաւ «Գու­նա­գեղ Կի­րա­կի­ներ եւ Հո­գե­գա­լուստ» հա­տո­րը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան շա­բա­թա­վեր­ջին այ­ցե­լեց Գա­րա­կէօ­զեան Տան Գնա­լը կղզիի Կազ­դուր­ման կա­յա­նը։ Կղզեաց հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան կող­քին էր Նո­րին Սրբազ­նու­թեան։ Այ­ցե­լու­թեան մաս­նակ­ցե­ցան նաեւ Կղզեաց թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Լե­ւոն Շա­տեան, Կազ­դուր­ման կա­յա­նի խնա­մա­տար մարմ­նէն Նաժ­տա Շա­տեան եւ այլ պա­տաս­խա­նա­տու­ներ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016

Պա­լըք­լըի գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ վեր­ջերս հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը օ­ծուե­ցաւ նո­րա­կերտ խաչ­քար մը, ո­րու բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան հան­դի­սա­պե­տեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Ա­րիս Տե­մի­րի բա­րե­րա­րու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի մէջ պատ­րաս­տուած է այս խաչ­քա­րը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան վեր­ջերս Գում­գա­բուի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց «Ի­թի­մատ պիւ­րօ»ի բազ­մա­մեայ պա­տաս­խա­նա­տու Սար­գիս Գրի­գո­րեա­նը։ Հան­դիպ­ման ներ­կայ էին Պատ­րիար­քա­րա­նի հա­շուա­պահ­նե­րէն Հեր­ման Կիւր­ճիեան եւ Պետ­րոս Մար­զուան։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ մեր հա­մայն­քի ար­ժէ­քա­ւոր ե­րի­տա­սար­դու­հի­նե­րէն Սե­լի­նա Մա­նան փայ­լուն նուա­ճում մը ար­ձա­նագ­րած է հա­մալ­սա­րա­նա­կան մտից քննու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քին։ Այս­պէս, ան յա­ջո­ղած է մուտք գոր­ծել Իս­թան­պու­լի հա­մալ­սա­րա­նի Ճեր­րահ­փա­շա­յի բժշկու­թեան բա­ժի­նը։ Ծա­նօթ է, որ հա­մալ­սա­րա­նի մտից քննու­թիւն­նե­րու դժուարին դրու­թեան մէջ այս ար­դիւն­քին հաս­նիլ կը նշա­նա­կէ գե­րա­զանց մա­կար­դա­կի մը վրայ գտնուիլ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016

«Մանկական Եւրոտեսիլ-2016» մրցոյթին Հայաս­տան այս տարի կը մասնակցի զուգերգով մը։ Այս­պէս, «Ման­կա­կան եւ­րո­տե­սիլ-2016» եր­գի մի­ջազ­գա­յին հե­ղի­նա­կա­ւոր մրցոյ­թին այս տա­րի Հա­յաս­տա­նը պի­տի ներ­կա­յաց­նեն Մե­րի Վար­դա­նեանն ու Ա­նա­հիտ Ա­դա­մեա­նը: Ա­նոնց թեկ­նա­ծու­թիւ­նը հաս­տա­տած է Հան­րա­յին հե­ռուս­տաըն­կե­րու­թեան ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան խում­բը՝ ներ­քին ընտ­րու­թեան իբ­րեւ ար­դիւնք:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով նշեց Սուրբ Աստուածածնի տաղաւարը:
Խաղողօրհնէքի աւանդութիւնը այս տարի եւս հաւատացեալները միացուց բերկրանքի սրտաբուխ մաղթանքով:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016

Ա­մե­րի­կա­հայ գրող Ո­ւի­լիըմ Սա­րո­յեա­նի «Մարդ­կա­յին կա­տա­կեր­գու­թիւն» վէ­պի հի­ման վրայ նկա­րա­հա­նուած «Ի­թա­քա» շար­ժա­պատ­կե­րին ա­ռա­ջին ծա­նու­ցու­մը ար­դէն իսկ պատ­րաս-տուած է ու կարելի է դիտել կայքէջի վրայ:

Շաբաթ, Օգոստոս 13, 2016

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

​Յի­սուս Քրիս­տո­սի ծծնդեան ժա­մա­նակ Տի­րա­մայ­րը բնու­թեան օ­րէնք­նե­րէ բարձր դիր­քի մը մէջ կը գտնուէր, նոյն­պէս ալ Տի­րա­մօր մա­հուան ժա­մա­նակ ալ բնա­կան օ­րէնք­ներ չգոր­ծադ­րուե­ցան ա­նոր։ Տի­րա­մօր ծննդա­բե­րու­թիւ­նը ցա­ւով եւ նե­ղու­թեամբ չէր ի­րա­կա­նա­ցած, ինչ­պէս ա­նոր մա­հը հի­ւան­դու­թեամբ չպա­տա­հե­ցա՛ւ։

Շաբաթ, Օգոստոս 13, 2016

​ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ա­ռա­ջին ան­գա­մը չէ, որ ՀՏՓ կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ եւ Թուր­քիոյ խորհդա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր Կա­րօ Փայ­լան կը փոր­ձէ «աստղ» դառ­նալ մաս­նա­ւո­րա­պէս սփիւռ­քի հա­յու­թեան լայն հա­սա­րա­կու­թեան հա­մար: Աս­կէ ա­ռաջ ալ նոյ­նան­ման խօս­քե­րով եւ քա­րոզ­չու­թեամբ ան փոր­ձած է շա­հիլ «սիրտ»ը սփիւռ­քի այն հա­տուած­նե­րուն, ո­րոնց հա­մար կա­րե­ւո­րը ոչ թէ խօս­քին խո­րու­թիւնն է, այլ՝ Թուր­քիոյ դէմ սուր խօս­քե­րուն ար­ձա­գան­գը:

Շաբաթ, Օգոստոս 13, 2016

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թիւ­նը (ՀԲԸՄ) հիւ­րըն­կա­լեց մար­սէյ­լաբ­նակ հա­յազ­գի լեռ­նագ­նաց Ա­րա Խա­չա­տու­րեա­նը, որ մագլ­ցած է աշ­խար­հի ա­մե­նա­բարձր գա­գա­թը՝ Է­վե­րես­թը:

Շաբաթ, Օգոստոս 13, 2016

​Թուրքիա եւ Իրան տարածքաշրջանէն ներս առաջնահերթութիւն կ՚ընծայեն Սուրիոյ ճգնաժամին նկատմամբ:
Ճեւատ Զարիֆ երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Անգարայի ղեկավարութեան կողմէ:

Ուրբաթ, Օգոստոս 12, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​Աս­տուա­ծա­մօր, Իր Միա­ծին Որ­դիին մօտ վե­րա­փոխ­ման տօ­նին՝ Սուրբ Պա­տա­րա­գէն յե­տոյ կը կա­տա­րուի խա­ղո­ղօրհ­նու­թեան կարգ եւ ա­պա օրհ­նուած ող­կոյզ­նե­րը կը բաժ­նուի ժո­ղո­վուր­դին։ Ար­դա­րեւ այս ա­րա­րո­ղու­թիւնն ալ ու­նի իր ի­մաս­տը, պատ­ճա­ռը՝ զոր կ՚ա­նուա­նենք իր լայն ու սո­վո­րա­կան ա­ռու­մով՝ «խոր­հուրդ»։­

Ուրբաթ, Օգոստոս 12, 2016

Խա­ղո­ղօրհ­նէ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւնը սեր­տօ­րէն կա­պ-ւած է Տի­րա­մօր Վե­րա­փոխ­ման տօ­նին հետ, ա­պա ա­նի­կա մաս­նա­ւոր կապ մը չու­նի ե­կե­ղե­ցա­կան վար­դա­պե­տու­թեան հետ, այլ ա­ւան­դու­թիւն մըն է, որ կու գայ հե­թա­նոս մեր պա­պե­րէն, ո­րոնք, երբ բեր­քը կը հաս­նէր, հա­սուն­ցած ա­ռա­ջին բա­ժի­նը կը նուի­րէին աս­տուած­նե­րուն։

Ուրբաթ, Օգոստոս 12, 2016

Ռու­սաս­տա­նի հա­ւա­քա­կա­նի ան­դամ, 17-ա­մեայ Սե­դա Թութ­խա­լեան իր խմբա­կից­նե­րուն հետ, «Ռիօ-2016»ի ա­մառ­նա­յին ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րուն հան­դի­սա­ցաւ փոխ-ա­խո­յեան՝ մարմ­նա­մար­զու­թեան խմբա­յին մրցում­նե­րուն ըն­թաց­քին:

Ուրբաթ, Օգոստոս 12, 2016

Չի­նաս­տա­նի հայ­կա­կան հա­մայն­քի գոր­ծա­դիր մար­մի­նը կրթա­կան հար­ցե­րու փոխ-նա­խա­գահ ընտ­րեց Մե­րի Կնեա­զեա­նը:

Ուրբաթ, Օգոստոս 12, 2016

Շու­շիի մէջ սկսաւ «Յա­կոբ Գիւր­ջեան» քան­դա­կա­գոր­ծու­թեան չոր­րորդ մի­ջազ­գա­յին կո­չուն­քը: Այս մա­սին յայտ­նած է «Շու­շի քա­ղա­քի թան­գա­րան­ներ» ՊՈԱԿ-ի տնօ­րէն Լու­սի­նէ Գաս­պա­րեան՝ ա­ւելց­նե­լով, որ ար­դէն ա­ւան­դա­կան դար­ձած Շու­շիի մէջ ի­րա­կա­նա­ցուող քան­դա­կա­գոր­ծու­թեան կո­չուն­քը մի­ջազ­գա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան, մշա­կու­թա­յին ու մաս­նա­գի­տա­կան երկ­խօ­սու­թեան եւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ո­գեշնչ­ման հար­թակ է ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու հա­մար:

Ուրբաթ, Օգոստոս 12, 2016

Ե­րի­տա­սար­դու­թեան մի­ջազ­գա­յին տօ­նի օ­րուան կա­պակ­ցու­թեամբ այ­սօր՝ Ար­ցա­խի շրջան­նե­րուն եւ Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ կը կազ­մա­կեր­պուին տօ­նա­կան շարք մը ձեռ­նարկ­ներ:

Ուրբաթ, Օգոստոս 12, 2016

Ո­ՒԷ­ՖԱ-ի ֆութ­սա­լի բա­ժա­կի 2016-2017 խա­ղար­կու­թեան նախ­նա­կան փու­լին մրցա­շար­քը ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով պի­տի կա­յա­նայ Հա­յաս­տա­նի մէջ։

Էջեր