Արխիւ
Լրագրող-հրապարակագիր Հայքօ Պաղտատ ետ ստացաւ իր անցագիրը։
Ատրպէյճան կը պատրաստուի նոր ռազմաօդանաւեր գնել Ռուսաստանէն:
Տիմիթրի Ռոկոզին տեղեկացուց, որ Պաքուի մէջ գործարան մըն ալ պիտի հիմնուի:
Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի ուշագրաւ յայտարարութիւնները՝ «Արեւելք» կայքէջին:
«Հակառակ ծանրակշիռ շրջափակումին, հալէպահայութիւնը կը շարունակէ մնալ պատնէշի վրայ»:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա, ուր կը տեսակցի Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Քրեմլինի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երկու նախագահները քննարկումներ կը կատարեն քաղաքական, առեւտրատնտեսական եւ մարդասիրական բնագաւառներէ ներս համագործակցութեան հարցերուն շուրջ։
Սեն Փեթերսպուրկի մէջ երէկ տեղի ունեցած Էրտողան-Փութին տեսակցութեան արդիւնքը կը համարուի գերազանց:
Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ նոր էջ մը բացուեցաւ: Աքքույուի մէջ կառուցուելիք հիւլէակայանին համար սահմանուեցաւ ռազմավարական ներդրումի կարգավիճակ:
Թուրքիա-Ռուսաստան համագործակցութիւնը պիտի նպաստէ նաեւ տարածքաշրջանային բազմաթիւ խնդիրներու լուծման:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Ռիոյի Ողիմպիականներուն յաջող մասնակցութիւն կը բերէ ամերիկահայ Նարեկ Կիւրեղեան։ Ան որդին է նախկին պոլսահայ Միրիճան Կիւրեղեանի։
Գալֆաեան Տան տնօրէնուհի Այտա Քայաէր արդէն իր պաշտօնը փոխանցած է Թամար Ներկիզին։ Ան Գալֆաեանի ընտանիքէն հրաժեշտ կ՚առնէ յուզումնախառն զգացումներով։
Վաքըֆներու խորհուրդը անցեալ Երկուշաբթի իր հերթական ժողովը գումարեց մայրաքաղաք Անգարայի մէջ։ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճանի գրասենեակը տեղեկացուց, որ նիստին ընթացքին կարեւոր որոշում մը առնուած է թրքահայ համայնքին տեսակէտէ։ Այսպէս, խորհուրդը որոշած է փոփոխութեան ենթարկել Պէյքոզի հայոց գերեզմանատան տարածքին կարգավիճակը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ամուսնութիւնը, եւ ամուսնութեամբ կազմուած ընտանիքը՝ մարդկային անհատական եւ հաւաքական կեանքին հի՛մն է։ Ուստի ամուսնութիւնը, մարդկային ամենահին եւ էական միութիւնն է, քանի որ մարդկութիւնը կը գոյատեւէ որդեծնութեան շնորհիւ եւ կը շարունակէ սերունդէ՜ սերունդ՝ ընտանիքներու բազմացման հետեւանքով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ կը խօսինք կորուստներու վրայ, կը տեսնենք, թէ «կորուստ»ը իր ամենալայն իմաստով, ցաւ եւ վիշտ պատճառող երեւոյթ մըն է։ Կեանքի անխուսափելի երեւոյթներէն մէկն է կորուստը, քանի որ որքան բնական է շահիլ, ունենալ եւ պահել որեւէ արժէք, նոյնքան բնական է վնասուիլ, կորսնցնել եւ ունեցածէն կերպով մը բաժնուիլ, հեռանալ։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան յայտնի մեկնաբանը ԺԱՄԱՆԱԿ-ին հարցազրոյց մը տուաւ՝ նոր գրքի հրատարակութեան առթիւ:
Աբրահամ Գասպարեան. «Անփոխարինելի ու անկրկնելի միակ փրկութիւնը կրթական յեղափութիւնն է»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հալէպի մէջ գրանցուող զինուորական մարտերը դարձեալ ստիպեցին, որ Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամա ու աւելի վերջ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին պատկերասփռուած ելոյթներով խօսին տեղի ունեցող արագ զարգացումներուն մասին:
Լուսանկարիչ Ռոպերթ Կարապետեանի ծննդեան 80-ամեակին եւ մասնագիտական գործունէութեան 60-ամեակին նուիրուած «Արուեստի աշխարհին մէջ» խորագրեալ ցուցահանդէսը բացուած է Երեւանի մէջ:
Յ. Ա.
Ամէն տարուան գեղեցիկ սովորութեան մը համաձայն, այս տարի եւս Մոնթրէալի Թէքէեան մշակութային Միութեան (ԹՄՄ) վարչութիւնը անդամական եւ համակիր լայն շրջանակի մը մասնակցութեամբ գնահատական ընդունելութեամբ մը շնորհակալութիւն յայտնեց զանազան մշակութային մարզերէ ներս բեղուն եւ պատուաբեր աշխատանք կատարող անհատներու եւ յանձնախումբերու:
«Սասնայ ծռեր» զինեալ խումբին կողմէ Երեւանի մերձակայքին ոստիկանական կեդրոնի մը բռնագրաւումով ծնունդ առած դէպքերու շարքը կը շարունակէ առաջնահերթութիւն ներկայացնել Հայաստանի ներքին քաղաքական օրակարգին վրայ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժինը վերջերս լոյս ընծայեց երեք նոր գիրքեր՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ։
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձին շրջագծով նոր բացայայտումները վերջին օրերուն առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնեն հանրային կարծիքը։
Ռուսաստան-Իրան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն մէջ նոր շրջանի մը սկիզբը:
Փութին, Ռուհանի եւ Ալիեւ հրապարակեցին համատեղ հռչակագիր մը՝ եռակողմանի գործակցութեան ապագային շուրջ, մասնաւորապէս կարեւորելով ուժանիւթի եւ փոխադրութեան ոլորտներու ծրագրերը:
Էրտողան եւ Փութին այսօր ժամադրուած են Սեն Փեթերսպուրկի մէջ՝ հաստատելու համար սառցահալը:
Թուրքիա-Ռուսաստան բանակցութիւններուն ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը օրակարգի վրայ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ։