Արխիւ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2016

Հա­յաս­տա­նի մէջ նոր կա­ռա­վա­րու­թեան ձե­ւա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի ե­րէ­կուան նշա­նա­կում­նե­րով գրե­թէ եզ­րա­փակուե­ցաւ։ Ե­րէ­կուան կար­գադ­րու­թիւն­նե­րը ոչ միայն յստա­կե­ցու­ցին նո­րան­շա­նակ վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած կա­ռա­վա­րու­թեան շարք մը ա­ռանց­քա­յին դէմ­քե­րը, այլ նաեւ վե­րա­ձե­ւա­ւո­րե­ցին բա­նա­կի վեր­նա­խա­ւը եւ ռազ­մա­վա­րա­կան նշա­նա­կու­թեամբ պե­տա­կան կա­ռոյց­նե­րու գլխա­ւոր դէմ­քե­րը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2016

Գեր­մա­նա­ցի խորհր­դա­րա­նա­կան­ներ վա­ղը պի­տի այ­ցե­լեն Ին­ճիր­լի­քի ռազ­մա­խա­րիս­խը։ Ան­գա­րա­յի մօտ Գեր­մա­նիոյ դես­պան Քունց ե­րէկ յայտ­նեց, որ Պուն­տես­թա­կի վեց ան­դամ­ներ վա­ղը պիտի այ­ցե­լեն Ին­ճիր­լիք։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2016

Թրքական եւ օսմանական ուսումնասիրութիւններու երկրորդ համաեւրոպական համաժողովը տեղի ունեցաւ Համպուրկի մէջ:
Գիտական հաւաքին զուգահեռ կազմակերպուած ցուցահանդէսի ալպոմին մէջ յատուկ անդրադարձ՝ հայոց ձեռագրերու աւանդութեան:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2016

ՊՕ­ՂՈՍ ՇԱՀ­ՄԵ­ԼԻ­ՔԵԱՆ

Շատ մը նա­խա­պա­շա­րեալ­ներ կը հա­ւա­տան, որ ե­րազ­նե­րը ան­պայ­ման  ի­մաստ մը կ՚ու­նե­նան, եւ որ ա­նոնք մեկ­նա­բա­նու­թեան կը կա­րօ­տին

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2016

Ն. ՊԷՐ­ՊԷ­ՐԵԱՆ

Հա­յա­գի­տա­կան մե­ծար­ժէք ժա­ռան­գու­թեան տէր՝ բազ­մա­վաս­տակ հե­ղի­նա­կու­թիւն է Փրոֆ. Սի­րար­փի Տէր-Ներ­սէ­սեան (1896-1989), ո­րուն ծննդեան 120-ա­մեա­կը կը նշուի Սեպ­տեմ­բե­րի 5-ին:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2016

Երեւանի մէջ «Վերսուս» սթիւտիոյի նոր նախագծին հիման վրայ շահեկան ցուցահանդէս մը. «Մարդը դէմ յանդիման բռնութեան»:
Տիգրան Պասկեւիչեան, Արա Շիրինեան եւ Սաթենիկ Ֆարամազեան հերթական անգամ կը թարմացնեն հաւաքական յիշողութիւնը՝ արդի պատմութեան լաբիւրինթոսներուն մէջ, ուր մարդիկ իրենց ապրումներու յաճախ զգացական, նաեւ զգայացունց դրուագներով կ՚ունենան ներքին հայեացքի եզակի հնարաւորութիւնը:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​«Լոյ­սը աշ­խարհ ե­կաւ, բայց մար­դիկ խա­ւա­րը լոյ­սէն ա­ւե­լի սի­րե­ցին, ո­րով­հե­տեւ չա­րու­թիւն կը գոր­ծէին։ Ով որ չար գործ կը կա­տա­րէ, կ՚ա­տէ լոյ­սը եւ լոյ­սին չի գար, որ­պէս­զի իր գոր­ծե­րը չյայտ­նուին։ Սա­կայն ով որ կը կա­տա­րէ ի՛նչ որ ճշմա­րիտ է՝ լոյ­սին կու գայ, որ­պէս­զի յայտ­նի ըլ­լայ թէ իր գոր­ծե­րը Աս­տու­ծոյ կամ­քին հա­մա­ձայն գոր­ծուած են» (ՅՈՎ­ՀԱՆ­ՆԷՍ, Գ 19-21)։­

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2016

Ա­մե­րի­կա­հայ յայտ­նի հե­ռուս­տաաստղ Քիմ Քար­տա­շեան նա­խըն­թաց գի­շեր յար­ձակ­ման ու կո­ղո­պու­տի են­թար­կուե­ցաւ Փա­րի­զի մէջ, ուր կը գտնուէր մաս­նակ­ցե­լու հա­մար նո­րա­ձե­ւու­թեան շաբթուան։ Կէս գի­շե­րը անց, ոս­տի­կա­նա­կան տա­րա­զով անձ մը յա­ջո­ղե­ցաւ մուտք գոր­ծել Քիմ Քար­տա­շեա­նի ի­ջե­ւա­նած բնա­կա­րա­նը՝ չէզո­քաց­նե­լով պա­հա­կը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2016

Ճա­բո­նէն յայտ­նի գիտ­նա­կան Եո­շի­նո­րի Օհ­սու­մի նուա­ճեց 2016 թուա­կա­նի Նո­պէ­լեան բժշկու­թեան մրցա­նա­կը։ 71-ա­մեայ գիտ­նա­կա­նը նպաս­տած է՝ որ­պէս­զի քաղց­կե­ղի եւ փար­քին­սո­նի նման հի­ւան­դու­թիւն­նե­րը ըմբռ­նուին ա­ւե­լի լաւ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2016

Ամ­րան ա­միս­նե­րուն Մեծ կղզիի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին Հայ Կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ կող­մէ յա­ռաջ տա­րուե­ցան շարք մը աշ­խա­տանք­ներ՝ համախմ­բե­լու հա­մար մա­նուկ­նե­րը։ Կա­թո­ղի­կէ Հա­յոց Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեա­նի օրհ­նու­թեամբ սկսան աշ­խա­տանք­նե­րը, ո­րոնց շրջագ­ծով ար­ժէ­քա­ւոր ա­րուես­տա­գի­տու­հի Նա­թա­լի Դա­ւի­թեա­նի մա­կա­նին ներ­քեւ ստեղ­ծուե­ցաւ ման­կա­պա­տա­նե­կան թա­տե­րա­խումբ մը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2016

Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ նախագահեց Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ աւանդական արարողութիւններուն:
Կէտիկփաշայի Զուարթնոց Դպրաց Դաս-երգչախումբին տարեդարձը այս տարի նշուեցաւ արտասովոր խանդավառութեամբ եւ յիշատակներու վերաթարմացմամբ:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2016

Հրաչ եւ Յակոբ Քըրմըզեան եղբայրները ի յիշատակ իրենց ծնողաց Սկիւտարի գերեզմանատան Ս­. Խաչ թաղամասէն ներս ապահովեցին շքեղ շիրիմի մը կառուցումը:
Արքունի ճարտարապետներու Պալեան գերդաստանի անդամներու նորակերտ դամբարանի պաշտօնական բացման առթիւ հանդիսաւոր արարողութիւն: Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի գլխաւորութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Ներկայ էին նաեւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Քատիր Թոփպաշ, Մշակոյթի նախարարութեան խորհրդատու Էօմէր Արըսօյ եւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթէմ: Բարերարներուն յանձնուեցաւ օրհնութեան գիր մը՝ Պատրիարքական Աթոռին կողմէ:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2016

Իր մահ­կա­նա­ցուն կնքեց տաս­նեակ մրցա­նակ­նե­րու եւ գնա­հա­տագ­րե­րու,  Իս­լա­մա­կան մշա­կոյ­թի ու ա­ռաջ­նորդ­ման նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ ա­րուես­տի տոք­թո­րի կո­չու­մին եւ ա­րուես­տի ա­ռա­ջին կար­գի մե­տայ­լի ար­ժա­նա­ցած ի­րա­նա­հայ ա­նուա­նի ար­ձա­նա­գործ Նշան Թա­նիք:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2016

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ դես­պան Ճէյմս Ո­ւոր­լիք յայ­տա­րա­րեց, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ հա­ւա­տա­րիմ կը մնայ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մէջ խա­ղա­ղու­թեան հաս­տատ­ման։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ո­ւոր­լիք ընդծ­գեց, որ Ո­ւա­շինկ­թըն պի­տի շա­րու­նա­կէ աշ­խու­ժօ­րէն աշ­խա­տիլ միւս հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն հետ՝ հա­կա­մարտ կող­մե­րուն հա­մար ըն­դու­նե­լի լու­ծում մը գտնե­լու նպա­տա­կով։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2016

Սրբազան Քահանայապետը հիւրընկալուեցաւ Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեանց կողմէ:
Ֆրանսիսքոս Ա. մէկտեղուեցաւ Նախագահ Իլհամ Ալիեւի, կողակցին եւ իր ընտանիքի անդամներուն հետ:

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2016

Ե­րու­սա­ղէ­մի հա­յոց վան­քէն դար­ձեալ հա­սաւ զգա­յա­ցունց լուր մը։ Այս­պէս, կը հա­ղոր­դուի, որ կար­գա­թող ե­ղած է Սրբոց Յա­կո­բեանց միա­բա­նու­թեան ան­դամ­նե­րէն Տ. Հայ­կա­զուն Վրդ. Ե­ղիա­յեան։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2016

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

- «Իսկ այն մար­դի­կը ո­րոնք ի­րեն հետ կ­­՚եր­թա­յին, ապ­շած կե­ցեր էին, ձայ­նը կը լսէին, բայց մէ՛­կը չէին տես­ներ: Եւ Սօ­ղոս գե­տէն ե­լաւ, ու բաց աչ­քե­րով՝ մէ՛­կը չէր տես­ներ»: (Գործք Ա­ռա­քե­լոց 10:1.8)

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2016

ՅԱ­ԿՈԲ ՄԱՐ­ՏԻ­ՐՈ­ՍԵԱՆ

Մէկ տա­րիէ ի վեր Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հա­կան թեկ­նա­ծու­թեան պայ­քա­րը կը շա­րու­նա­կուի հե­ռա­տե­սի­լի եւ լրա­տուա­կան զա­նա­զան մի­ջոցնե­րու պաս­տառ­նե­րուն եւ է­ջե­րուն վրայ, զգաստ պա­հե­լով ա­մե­րի­կա­ցին եւ նաեւ մեզ, հա­յերս։ Չեմ գի­տեր ին­չո՞ւ մեզ, պարզ ու ռա­միկ հա­յերս, ո­րով­հե­տեւ ոչ մէկ ա­մե­րի­կա­ցի նա­խա­գահ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ գործ նուի­րած է հա­յե­րուն, բա­ցի խոս­տում­նե­րէ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Կի­րա­կի, 25 Սեպ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ւօ­տուն, ե­րեք կա­պար­ներ վերջ կու տա­յին Յոր­դա­նան­ցի մտա­ւո­րա­կան Նա­հէտ Հաթ­թա­րի կեան­քին: 
50-ա­մեայ ծայրայեղական մը Հաթ­թա­րը կը սպան­նէր մայ­րա­քա­ղաք Ամ­մա­նի Ար­դա­րա­դա­տու­թեան պա­լա­տի շէն­քի դրան շեմին: 

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2016

Էսաեան սանուց միութեան երդիքին տակ «Մարալ» երգի-պարի համոյթը շաբաթավերջին ձեռնարկեց 2016-2017 շրջանի աշխատանքներուն
Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի մականին ներքեւ խումբը յառաջիկային կը նախատեսէ նոյն կարգապահութեամբ ընթացք տալ իր բազմակողմանի գործունէութեան

Էջեր