Արխիւ

Շաբաթ, Փետրուար 22, 2025

Պատրաստեց եւ արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ղասան Քանաֆանի, պաղեստինցի գրող, հրապարակախօս, լրագրող եւ քաղաքական գործիչ: 
Ծնած է 9 ապրիլ 1936 թուականին, Պաղեստին: 
Եաֆայի մէջ ապրած է մինչեւ 1948 թուականի մայիսը, երբ պարտադրուած է ապաստան գտնել նախ Լիբանան եւ ապա Սուրիա: 

Շաբաթ, Փետրուար 22, 2025

«Պոլիս լուսատու» լուսանկարիչներու միաւորման «Վարպետ ձեռքերու կախարդանքը» խորագրեալ ցուցահանդէսը կը շարունակէ գեղարուեստասէրներու եւ հետաքրքիրներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ 

Շաբաթ, Փետրուար 22, 2025

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կը պատրաստուի սարքել մամլոյ ասուլիս մը։ 

Շաբաթ, Փետրուար 22, 2025

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մերձաւոր Արեւելքը նոր իրականութեան մը առջեւ է եւ առաջին բանալին Լիբանանը կը հանդիսանայ։ Տարածաշրջանի պարագային օրըստօրէ երեւելի սկսած են դառնալ նոր ձեւափոխութիւններ

Շաբաթ, Փետրուար 22, 2025

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Ուքրայնայի պատերազմը աւարտելու նպատակով, առանց ուքրանացիներու եւ եւրոպացիներու մասնակցութեան, Ռուսաստանի հետ ուղղակի բանակցութիւններ վարելու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միակողմանի որոշումը, արեւմտեան «քաղաքակիրթ» ու զարգացած պետութիւններու ակումբին մէջ երկրաշարժ մը յառաջացուց, եւրոպացիներուն համար «երկինքը փուլ եկաւ»։

Շաբաթ, Փետրուար 22, 2025

Երուսաղէմի Հին քաղաքի Հայկական թաղամասէն ներս պատահեցաւ զգայացունց դէպք մը։ Այսպէս, տղամարդ մը կացինով յարձակեցաւ կնոջ մը վրայ

Շաբաթ, Փետրուար 22, 2025

Համպուրկի մէջ կազմակերպուած համաժողովի ծիրէն ներս ասուլիսի ձեւաչափով նախարարական քննարկում։
«Խաղաղութեան խաչմերուկ»ի նպատակն է կապ սետեղծել Արեւելքի եւ Արեւմուտքի, Հիւսիսի եւ Հարաւի միջեւ։

Շաբաթ, Փետրուար 22, 2025

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ մեր համայնքի 43-ամեայ անդամներէն Ռաֆֆի Փեքմէզ երէկ առաւօտ երթեւեկի արկածի մը զոհ գացած է Ենիգիւղի մէջ։ Դէպքը պատահած է ժամը շուրջ 09.30-ին։

Շաբաթ, Փետրուար 22, 2025

Բնութեան պարզած պատկերէն՝ մինչեւ մարդոց ներկայացուցած տեսքը…
Երեւոյթները երբեմն հրապուրիչ են, երբեմն ուրախ, սարսափազդու կամ տխուր, երբեմն պայծառ են կամ մռայլ։ Եւ յաճախ այս բոլորը ընդելուզուած է, միահիւսուած թէ՛ աչքի առջեւ եւ թէ մտքերու մէջ։

Ուրբաթ, Փետրուար 21, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մարդկային նկարագիրը տարօրինակ առեղծուած մըն է, որ դարեր շարունակ եղած է ուսումնասիրութեան առարկայ եւ կը շարունակէ ըլլալ եւ այնքան ատեն, որ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունի մարդ արարածը՝ այդ որոնումը վերջ պիտի չունենայ:

Ուրբաթ, Փետրուար 21, 2025

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ քահանայ ձեռնադրեց տիրացու Արի Էքինճեանը, որ վերանուանուեցաւ՝ Տ. Արսէն Քահանայ։ Պոլսահայ հոգեւորականաց դասը այսպէսով համալրուեցաւ երիտասարդ ուժով մը, ինչ որ ողջունելի է հաւատացեալ ժողովուրդին տեսակէտէ։

Ուրբաթ, Փետրուար 21, 2025

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան երէկ նամակ մը ուղարկեց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուին։ Սուրբ Աթոռի դիմագրաւած ծանր անարդարութեան դիմաց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ահազանգ հնչեցուց ամենաբարձր մակարդակի վրայ։

Ուրբաթ, Փետրուար 21, 2025

Ամերիկեան «Newsweek»ը վերջերս տեղեկացուց, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ունի Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու բացառիկ հնարաւորութիւնը. բան մը, որ չըրաւ նախկին նախագահ Ճօ Պայտըն։

Ուրբաթ, Փետրուար 21, 2025

Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին արկածահար դարձաւ՝ երէկ պատահած ցաւալի դէպքի մը հետեւանքով։ Մինչ, Երեւանի մէջ կը տիրէ խստաշունչ ձմեռ՝ դեսպանի պաշտօնական ինքնաշարժը երէկ արկածի մը ենթարկուեցաւ։

Ուրբաթ, Փետրուար 21, 2025

Թիֆլիզի ղեկավարութիւնը անդրդուելի կը մնայ՝ «3+3» հարթակի աշխատանքներուն չմասնակցելու դիրքորոշման մէջ։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նախընթաց օր յայտնած էր, թէ Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած այս խորհրդատուական հարթակի դուռը միշտ բաց կը մնայ Վրաստանի առջեւ։

Ուրբաթ, Փետրուար 21, 2025

Պաքուի մէջ կը շարունակուին Արցախի նախկին ղեկավարներու ձեւական դատավարութիւնները, որոնք վերածուած են՝ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ կազմակերպուած ցոյցերու։ Ստեղծուած մթնոլորտին մէջ, Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան դարձեալ հացադուլի սկսած է։

Ուրբաթ, Փետրուար 21, 2025

Միջազգային օրակարգը այս շրջանին կը բնորոշուի՝ Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքի իրադարձութիւններով, նաեւ հաւանականութիւններով։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած տեղաշարժը կը ձեւաւորէ կլոպալ նոր կլիմայ մը։

Ուրբաթ, Փետրուար 21, 2025

Վարչապետի պատգամէն վերջ, արդարադատութեան նախարարին յստակացումը կը հաստատէ պնդումները:
Ըստ Սրբուհի Գալեանի՝ Հայաստանի մէջ նոր սահմանադրութենէն դուրս կրնայ թողուիլ Անկախութեան հռչակագրին յղումը:

Ուրբաթ, Փետրուար 21, 2025

Հայկական մտաւորական աշխարհի վառ ներկայացուցիչներէն Տիգրան Պասկեւիչեան այսօր կը դառնայ 60 տարեկան։ Ուրախառիթ եւ ողջունելի յոբելեան մըն է այս մէկը՝ քանի յոբելեարը հայոց արդի տարեգրութեանց մէջ ուրոյն հետք մը ունի՝ իր բազմակողմանի գործունէութեամբ։

Ուրբաթ, Փետրուար 21, 2025

Անգարա եւ Մոսկուա միշտ շփման մէջ՝ համաշխարհային անվտանգութեան խնդիրներու կապակցութեամբ:
G20-ի Եոհաննէսպուրկի արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքի ծիրէն ներս Հաքան Ֆիտան-Սերկէյ Լաւրով հանդիպում:

Էջեր