Արխիւ
«Արմէնփրէս» գործակալութիւնը Երեւանի մէջ վերջերս իրականացուց իր կողմէ կազմակերպուած «Տարուան պեսթսելըր» մրցոյթին մրցանակաբաշխութիւնը։ Գործակալութիւնը արդէն երրորդ անգամ կ՚իրականացնէ այս իւրայատուկ նախաձեռնութիւնը, որու շրջագծով կը ներկայացուի Հայաստանէ ներս ամենապահանջուած գիրքեր։
Իսթանպուլի Ծանր յանցագործութիւններու Բ. պատժական ատեանը ցմահ բանտարկութեան դատապարտեց Մուրատ Նազարեանը, որ Սամաթիոյ մէջ սպաննած էր տարեց հայ կին մը՝ Մարիձա Քիւչիւքը։
Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին տեսակէտէ երէկ ապրուեցաւ կարեւոր իրադարձութիւն մը։ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) միջեւ պաշտօնապէս ստորագրուեցաւ քաղաքական համագործակցութեան համաձայնագիր մը։
Երեւանի Օփերայի երդիկին տակ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ ոգեւոր ձեռնարկ մը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան երիտասարդները պարգեւատրեց՝ բարձր գնահատելով նոր սերունդի ձեռքբերումները:
Թուրք զինեալ ուժերը կը շարունակեն անխափան գործողութիւններ իրականացնել անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան դէմ։ Կը հաղորդուի, որ ռազմաօդային ուժերը երէկ Հիւսիսային Իրաքի մէջ ծանր հարուածներ հասցուցած են ՓՔՔ-ի դէմ։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յայտարարեց, որ սուրիահայոց համարկման հարցին մէջ պետութիւնը կը զգայ Սփիւռքի աջակցութեան կարիքը։ Ըստ նախարարին կողմէ ներկայացուած տուեալներուն, Սուրիոյ ներքին պատերազմին հետեւանքով ընդհանուր առմամբ շուրջ 20 հազար սուրիահայեր մուտք գործած են Հայաստան, իսկ անոնց 16 հազարը արդէն հաստատուած է երկրին մէջ։
Նախարարական մակարդակով հանդիսաւոր հաւաք՝ ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագրի յիսնամեայ յոբելեանին առթիւ:
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեան Նիւ Եորքի մէջ խօսեցաւ Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի շրջափակման խնդրին շուրջ՝ զայն որակելով ապօրինի:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Արեւագալի ժամերգութեան։ Սա Մեծ պահոց շրջանի երրորդ Արեւագալի արարողութիւնն էր Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ մէջ։
Փառաշուք յուղարկաւորութիւն՝ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ:
Խոնարհում՝ նորոգ հանգուցեալ Անդրանիկ Սրկ. Տեմիրճիօղլուի բարի յիշատակին առջեւ:
Հայաստանի Ելմտական նախարար Գագիկ Խաչատրեան եւ Համաշխարհային դրամատան Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանային տնօրէն Մերսի Թեմպօ երէկ ստորագրեցին վարկային համաձայնագիր մը։
Թեհրանի եւ Պաքուի միջեւ համագործակցութեան զարգացման ուղղեալ տասնմէկ համաձայնագիր:
Իրան Ատրպէյճանին առաջարկեց Կասպից ծովէն ներս արդիւնահանումներու վերաբերեալ նոր ծրագիր մը:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
VADİP-ի վերջին ժողովին ընթացքին օրակարգի վրայ եկած հրատապ հարցերուն շուրջ յառաջ կը տարուի հետեւողական աշխատանք:
Համայնքային վարիչները սերտ համագործակցութիւն մը հաստատած են երեսփոխան Մարգար Էսաեանի հետ՝ փոքրամասնական վարժարաններու պարագային տնտեսական ձեռնարկ համարուելու ռիսքը կանխելու նպատակով: Իրաւաբաններ յարմար կը դատեն Ազգային կրթութեան մասին օրէնքին մէջ յստակ յաւելումի մը ներառնուիլը:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան այսօր արդէն աւարտեց Իսթանպուլ կատարած իր այցելութիւնը։ Ծանօթ է, որ շաբաթէ մը ի վեր ան կը գտնուէր քաղաքիս մէջ եւ անցեալ շաբաթավերջին կարճատեւ այցելութիւն մըն ալ տուած էր Անգարա։
«Մարդասիրական արձագանգէ դէպի կայուն լուծումներ» որոնումներու հանգրուան:
Սուրիայէն խոյս տալով Հայաստան հաստատուած անձերու համարկման դիւրացման ճանապարհին առկայ խնդիրները խոշորացոյցի տակ: Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը:
Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Շահին Տօնիկեանի յուղարկաւորութիւնը։ Ծանօթ է, որ հանգուցեալը հայրն է Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեանի եւ իր կորուստը վերջին օրերուն մեծ ցաւ ստեղծեց համայնքային շրջանակներէն ներս։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային բնութիւնը եւ կրօնը համապատասխան ըլլալու եւ համընթաց ընթանալու համար պայմա՛ն է ներդաշնակել այս երկուքը, եւ այն ատեն է, որ կրօնը օգտակար տարր մը կ՚ըլլայ մարդուն համար։ Կրօնին նպատակայարմար գործածութիւնն է, որ մարդս կ՚երջանկացնէ հոգեպէս եւ ան կը ծառայէ մարդուն վերջնական երանելութեան։
Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Անցեալի ապագայ» խորագրեալ հագուստներու հաւաքածոյի մը հանդիսաւոր ցուցադրութիւնը, որ արժանացաւ մօտիկ հետաքրքրութեան։
Երեւանի մէջ վերջերս լոյս տեսաւ «Եղեռնապատում Փոքուն հայոց եւ նորին մեծի մայրաքաղաքին Սեբաստիոյ» գիրքին ռուսերէն թարգմանութիւնը։ Կարապետ Գաբիկեանի կողմէ հեղինակուած այս գիրքը թարգմանուած է բանասէր Տքթ. Քնարիկ Տէր-Դաւթեանի կողմէ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց հոգելոյս Յակոբ Պատրիարք Նալեանի «Մեկնողական աղօթք Սրբալոյս Իւղ Միւռոնի մասին» (Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» ՂԳ գլխի մեկնութիւն) աշխատութիւնը։ Այս գործը գրաբարէ աշխարհաբարի վերածած է Ցոլակ Սրկ. Յարութիւնեան։
Ի. Չ.
Վահէ Օշականի (1922-2000) հրապարակային մէկ բանախօսութիւնը, - Համազգայինի կողմէ իր գրական գործունէութեան յիսնամեայ յոբելեանին առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկներէն մէկը, - 3 Հոկտեմբեր 1995-ին, Պուրճ-Համուտի (Պէյրութ) Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ տեղի ունեցած, իմաստ մը ունեցած էր: