Արխիւ

Չորեքշաբթի, Յունուար 20, 2016

«Փակ սահմանի երկխօսութիւն» փաստավաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութեան յաջորդած ասուլիսին ընթացքին Վոլքան Վուրալի ելոյթը:
Վաստակաւոր դեսպանին համոզմամբ, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն անմիջապէս վերջ դիւանագիտական յարաբերութիւններ պէտք է հաստատուէին Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ, այս քայլին տակաւին չառնուած ըլլալը մեծ դժբախտութիւն մըն է, իսկ Պաքուն համոզելը կը վիճակի Անգարային:

Չորեքշաբթի, Յունուար 20, 2016

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն յայտ­նի ու­տա­հար­ներ՝ հայր ու որ­դի Ռի­չըրտ եւ Հե­րոլտ Յա­կո­բեան­նե­րը, ո­րոնք վեր­ջին օ­րե­րուն այ­ցե­լե­ցին Իս­թան­պուլ։ Ծա­նօթ է, որ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին Պէ­յօղ­լուի մէջ, բա­րե­կա­մա­կան շրջա­նա­կէ ներս մե­ծա­րան­քի հան­դի­սու­թիւն մը կազ­մա­կեր­պուած էր Ռի­չըրտ Յա­կո­բեա­նի հա­մար։

Չորեքշաբթի, Յունուար 20, 2016

Ն. ՊԷՐ­ՊԷ­ՐԵԱՆ

Ո՛չ պա­տա­հա­կա­նօ­րէն ը­սուած խօսք է, ո՛չ ալ այդ­պէս` շռայ­լան­քով տրուած գնա­հա­տա­կան է շա­րու­նակ շեշ­տուող այն հաս­տա­տու­մը, ո­րուն հա­մա­ձայն, հայ մա­մու­լը հիմ­նա­կան դեր խա­ղա­ցած է մեր ժո­ղո­վուր­դի լե­զուամ­տա­ծո­ղու­թեան ար­դիա­կա­նա­ցու­մը, քա­ղա­քակր­թա­կան ինք­նա­հաս­տա­տու­մը եւ մշա­կու­թա­յին կեն­սա­գոր­ծու­մը յա­ռաջ մղե­լու, մշտա­նո­րոգ պա­հե­լու եւ նպա­տա­կաս­լաց հու­նով ա­ռաջ­նոր­դե­լու ազ­գա­կերտ գոր­ծին մէջ:

Երեքշաբթի, Յունուար 19, 2016

Յու­նահ­ռո­մէա­կան ո­ճի ըմբ­շա­մար­տի Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­քա­կա­նի ան­դամ Ռա­ֆիկ Մա­նու­կեան Իրանի մայրաքաղաքը՝ Թեհ­րա­նի մէջ Թախ­թիի բա­ժա­կի մի­ջազ­գա­յին 36-րդ մր­ցա­շար­քին տի­րա­ցաւ ոս­կիէ մե­տայ­լին:

Երեքշաբթի, Յունուար 19, 2016

Հայաստան-ԵՄ համագործակցութեան խորհուրդի 16-րդ նիստը:
Երեւան վերահաստատեց իր հաստատակամութիւնը՝ խորացնելու համար կապերը:

Երեքշաբթի, Յունուար 19, 2016

Թուրքիոյ եւ Անգլիոյ միջեւ համագործակցութիւնը կը գտնուի կատարեալ մակարդակի վրայ:
Երկու երկիրներու վարչապետները՝ Ահմէտ Տավուտօղլու եւ Տէյվիտ Քեմրըն երէկ ունեցան կարեւոր տեսակցութիւն մը:

Երեքշաբթի, Յունուար 19, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Ի­նը տա­րի. եւ Հրանդ կը սպա­սէ ար­դա­րու­թեան:
Մեր օ­րագ­րու­թեան մէջ 19 Յու­նուա­րը դար­ձաւ Հրան­դի օր եւ ա­մէն տա­րի պահ մը լռե­ցինք ու վեր­յի­շե­ցինք ա­նոր մեծ ան­կու­մը:

Երեքշաբթի, Յունուար 19, 2016

«Փակ սահմանի երկխօսութիւն» փաստավաւերագրական ժապաւէնի թրքերէն տարբերակի առաջին ցուցադրութեան յաջորդած շահեկան ասուլիսը:
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման հեռանկարներուն շրջագծով ամբողջական պատկեր մը՝ թեր ու դէմ կարծիքներով:

Երեքշաբթի, Յունուար 19, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, ե­կէ՛ք այ­սօր ա­ռա­կով մը սկսինք մեր խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րուն։ Ա­ռա­կը կը պատ­մէ Սմբատ Սար­կա­ւագ Խա­նուէ­լեան՝ ուր գե­ղե­ցիկ եւ ի­մաս­տա­լից կեր­պով կը նկա­րագ­րէ «եր­ջան­կու­թիւն»ը։

Երեքշաբթի, Յունուար 19, 2016

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը շա­բա­թա­վեր­ջին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան նա­խա­գահ Պերճ Սեդ­րա­կեա­նը։

Երեքշաբթի, Յունուար 19, 2016

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

19-րդ դա­րուն աղ­ջիկ­նե­րը տղոց հա­ւա­սար ու­սում չէին ստա­նար: Հա­րուստ­նե­րու աղ­ջիկ­նե­րը քիչ մը հա­յե­րէ­նի եւ քիչ մըն ալ ֆրան­սե­րէ­նի անձ­նա­կան դա­սեր կ’առ­նէին, իսկ աղ­քատ­նե­րը ա­տոնց­մէ ալ զրկուած էին:

Երեքշաբթի, Յունուար 19, 2016

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

​Հա­յաս­տա­նի մօտ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պա­նա­տան Հա­սա­րա­կայ­նու­թեան հետ կա­պե­րու բաժ­նին կից գոր­ծող Տե­ղե­կա­տուա­կան մի­ջոց­նե­րու կեդ­րո­նի տնօ­րէն, Հա­յաս­տա­նի Գրա­դա­րա­նա­յին միու­թեան վար­չու­թեան հիմ­նա­դիր նա­խա­գահ Ներ­սէս Հայ­րա­պե­տեա­նի հետ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի զրոյ­ցը ա­ռա­ւե­լա­բար կը վե­րա­բե­րի իր ղե­կա­վա­րած կեդ­րո­նի տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րուն:

Երեքշաբթի, Յունուար 19, 2016

Տիար­պա­քը­րի մէջ մահ­կա­նա­ցուն կնքեց քա­ղա­քի վեր­ջին հա­յե­րէն Սար­գիս Է­քէն, որ 25 օ­րէ ի վեր դար­մա­նում կը տես­նէր «Տիճ­լէ» հա­մալ­սա­րա­նի հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ։ 2014 թուա­կա­նին ան կորսն­ցու­ցած էր իր 65 տա­րուան կո­ղա­կի­ցը՝ Պայ­ծառ Է­քէ­նը, ո­րու մա­հէն վերջ իր կեանքն ալ դուրս ե­կած էր բնա­կա­նոն հու­նէն։

Երեքշաբթի, Յունուար 19, 2016

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է մեր հա­մայն­քի ե­րէց սե­րուն­դի այն­քան սի­րուած ու յար­գուած դէմ­քե­րէն մին՝ Կար­պիս Ու­ղուր­լուեան։ Իր սե­րուն­դի ա­մե­նա­յատ­կան­շա­կան դէմ­քե­րէն մին էր Կար­պիս Ու­ղուր­լուեան, որ թրքա­հայ կեան­քէ ներս կը վա­յե­լէր թէ՛ մեծ հա­մակ­րանք եւ թէ մեծ վստա­հու­թիւն։

Երկուշաբթի, Յունուար 18, 2016

Շիշ­լի մար­զա­կում­բին կող­մէ կազ­մա­կերպուած պաս­քեթ­պո­լի դա­սըն­թաց­քին մաս­նա­կից փոք­րիկ­նե­րը ե­րէկ ապ­րե­ցան յատ­կան­շա­կան օր մը։ Պա­քըր­գիւ­ղի մէջ, Տա­տեան վար­ժա­րա­նի նո­րա­կա­ռոյց հա­մա­լի­րէն ներս, «Եդ­քին Պէր­պէ­րօղ­լու» մար­զա­դահ­լի­ճի եր­դի­քին տակ ա­նոնք պի­տի ի­րա­կա­նաց­նէին ի­րենց հեր­թա­կան պարապ­մունքը։

Երկուշաբթի, Յունուար 18, 2016

Թաք­սի­մի Ս. Յա­րու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ բիւր յար­գան­քով ո­գե­կո­չուե­ցան բա­րե­յի­շա­տակ Յով­հան­նէս եւ Մկրտիչ Է­սաեան հա­րա­զատ­նե­րը, ո­րոնք յա­րա­կից Է­սաեան վար­ժա­րա­նի հիմ­նա­դիր­ներն են։ Այս առ­թիւ Է­սաեա­նի ըն­տա­նի­քը հեր­թա­կան ան­գամ իր խո­նար­հու­մը բե­րաւ հիմ­նա­դիր հա­րա­զատ­նե­րու բա­րի յի­շա­տա­կին առ­ջեւ ու վե­րա­նո­րո­գեց ա­նոնց նկատ­մամբ ե­րախ­տա­գի­տա­կան զգա­ցում­նե­րը։

Երկուշաբթի, Յունուար 18, 2016

Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները առիթ հանդիսացան մեծ խանդավառութեան:
Աշակերտները օրուան յայտագրին ընթացքին հանդէս եկան «Յիշենք անցեալը, կերտենք ապագան» կարգախօսով՝ շեշտելով հայ դպրոցին առաքելութիւնը:

Երկուշաբթի, Յունուար 18, 2016

Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան Գումգաբուի մէջ անդրադարձաւ շարք մը հրատապ համայնքային հարցերու:
«Յովակիմ 1461» նորահաստատ հիմնարկի պաշտօնական վաւերացումը վերջնականօրէն ապահովուեցաւ: Պատրիարքարանը անվճար պիտի կատարէ մէկ քահանայով յուղարկաւորութիւններն ու մկրտութիւնները: Ընդհանուր Փոխանորդը կը խոստանայ կրթաթոշակներ:

Երկուշաբթի, Յունուար 18, 2016

Շա­բա­թա­վեր­ջին Ան­գա­րա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ գլխա­ւոր ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցու­թեան՝ ՃՀՓ­-ի հեր­թա­կան հա­մա­գու­մա­րը։ «Ա­թա­թիւրք» մար­զա­դահ­լի­ճին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ՃՀՓ­-ի հա­մա­գու­մա­րը, ո­րու ար­դիւն­քին Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու վե­րընտ­րուե­ցաւ կու­սակ­ցա­պետ։

Երկուշաբթի, Յունուար 18, 2016

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան այ­սօր կ՚այ­ցե­լէ Պրիւք­սէլ։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ան մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ Հա­յաս­տան-Եւ­րո­միու­թիւն խոր­հուր­դի 16-րդ նիս­տին։

Էջեր