Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը խօսինք «բարի»ին եւ «չար»ին մասին, ի՛նչ որ բնական պէտք է համարուի, քանի որ «բարի»ն ու «չար»ը անբաժան են մարդկային կեանքի ամէն ապրումի մէջ՝ ամէն պահ կը զգացուի անոնց ազդեցութիւնը կեանքի ընթացքին։
«Արաս» եւ «Իսթոս» հրատարակչութիւնները շաբաթավերջին գրքի երկօրեայ համատեղ տօնավաճառ մը իրականացուցին Պէյօղլուի մէջ, ինչ որ արժանացաւ գրասէրներու անմիջական ուշադրութեան։ Ամանորի նախօրեակին զուգադիպած այս ձեռնարկը իրականացուեցաւ Իսթիքլալ պողոտայի Փանաիա Իսոտիոն յունաց եկեղեցւոյ բակէն ներս։
Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ եւ յարակից վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած տարեկան զօրակցութեան հաւաքոյթը փայլուն անցաւ։
Թաղային խորհուրդը յամառ աշխատանքով կը հետապնդէ համայնքապատկան բացօթեայ շուկայի տարածքի արժեւորման ծրագիրը, որու շրջագծով ցարդ կնքուած պայմանագրերու պարագային խնդրոյ առարկայ չեն դարձած ժամկէտի խախտումներ։
Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նախապէս խորհրդածեցինք Եկեղեցւոյ «պաշտօնական լեզու»ին մասին եւ ըսինք, որ Եկեղեցին, ինչպէս ամէն հաստատութիւն եւ կազմակերպութիւն, իր պաշտօնը կամ առաքելութիւնը կարենալ գործադրելու համար «լեզու»ի պէտք ունի եւ որպէսզի ամէն ինչ կարգին ընթանայ, հարկաւոր է որ «հասարակաց» կամ «պաշտօնական» լեզու մը գործածէ՝ ներդաշնակութիւնը ապահովելու որպէս միջոց։
Պէշիկթաշի քաղաքապետարանը մեծարեց փոքրամասնութիւններու շրջանակները:
Պատրիարքական Աթոռը ներկայացուց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան: Ներկայ էր նաեւ Սելինա Տողան:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու վաղը պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Թիֆլիզ, ուր բարձր մակարդակի շփումներ պիտի ունենայ Վրաստանի ղեկավարութեան հետ։ Օր մը վերջ ալ՝ Դեկտեմբերի 23-ին, Թիֆլիզի մէջ տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմանի հանդիպումը՝ հինգերորդը իր տեսակին մէջ։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
1997 թուականին կը կարծէի, որ Ատրպէյճանի հետ հնարաւոր է խաղաղութեան հասնիլ՝ երկուստեք փոխզիջումներու միջոցաւ։ Գուցէ այն ժամանակ սա իսկապէս չէր բացառուեր։ Բայց այս տարիներու ընթացքին կարծիքս փոխուած է՝ որեւէ բանի շուրջ, յամենայնդէպս՝ Ատրպէյճանի այս ղեկավարութեան օրով հարեւան պետութեան հետ հնարաւոր չէ պայմանաւորուիլ։
Պեռնի մէջ շարունակուեցան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման բանակցութիւնները՝ Զուիցերիոյ կառավարութեան «Լանտկութ Լոհն» համալիրէն ներս:
Սերժ Սարգսեան եւ Իլհամ Ալիեւ տեսակցեցան աւելի քան տարի մը վերջ:
Եդուարդ Նալպանտեան. «Եթէ մենք իսկապէս կը փափաքինք յառաջ շարժիլ, ապա պէտք է ստեղծուի համապատասխան մթնոլորտ»:
Շաբաթավերջին Բանկալթիի մէջ, Galeri Birzamanlar-ի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխման եզակի հաւաքոյթ մը։ Արդարեւ, Օսման Քէօքէրի կողմէ ղեկավարուած Galeri Birzamanlar-ը վերջերս կազմակերպած էր միջհամալսարանական ուսանողական լուսանկարչական հետաքրքրական մրցոյթ մը։
Կիւմրիի մէջ ռուսական ռազմակայանի համալիրէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ անցեալ Յունուարի 12-ին Աւետիսեաններու ընտանիքի եօթ անդամները սպաննած ռուս զինուորական Վալերի Փերմեաքովի դատավարութեան առաջին նիստը։ Հայաստանի Շիրակի մարզի Ընդհանուր իրաւասութեան ատեանին կողմէ կը դատուի մեղադրեալը, դատաւոր Յարութիւն Մովսէսեանի գլխաւորութեամբ։
Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Տ.Տ. Քիրիլ Պատրիարքը շքանշան մը շնորհեց ռուսահայ յայտնի գործարար ու բարերար Սամուէլ Կարապետեանին, որ «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի հիմնադիր-նախագահն է։ Նորին Սրբութիւնը Սամուէլ Կարապետեանին շնորհեց «Սուրբ մեծ իշխան Դանիէլ Մոսկուացի» երրորդ աստիճանի շքանշան՝ Տոպրովսքայի Սուրբ Քիրիլի եւ Մեթոտիոսի տաճարի շինարարութեան հարցին մէջ ունեցած աւանդին համար։
Հայ երաժշտական աշխարհի երկու երիտասարդ աստղերը՝ Նարեկ Հախնազարեան եւ Սէրկէյ Խաչատրեան այսօր համերգով մը հանդէս կու գան Փարիզի մէջ։ Թաւջութակահար Նարեկ Հախնազարեանի եւ ջութակահար Սէրկէյ Խաչատրեանի ելոյթը կը կայանայ Փարիզի նուագախումբին հետ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիական տագնապի շուրջ ընթացող խմորումներու ծիրին մէջ երէկ կարեւոր համարուած ժողով մը տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի մէջ: Բացի ժողովին ունեցած արդիւնքներէն, պէտք է շեշտադրել երկու հիմնական կէտեր:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները այսօր կը տեսակցին Պեռնի մէջ:
Զուիցերիա ուղեւորուելէ առաջ Սերժ Սարգսեան երէկ խորհրդակցութիւն մը իրականացուց Պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս: Արցախի ճակատին վրայ սաստիկ լարուածութիւնը միշտ կը մնայ առկայ:
Վաքըֆլըգիւղցիներու հայրենակցական միութեան մէջ երէկ ապրուեցաւ ամանորեան քէրմէսի եռուզեռ։ Տիկնանց կազմին կողմէ կազմակերպուած քէրմէսին ընթացքին այցելուներուն հրամցուեցան գիւղին բնորոշ արտադրանք, ձեռային աշխատանքներ եւ Կաղանդի իրեղէններ, որոնք առարկայ դարձան հիւրերու հետաքրքրութեան։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ ապրեցաւ քէրմէսի հրճուանք։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Ամանորին ընդառաջ թաղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ յարդարուած տաղաւարները առիթ հանդիսացան թէ՛ յարակից Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ զօրակցութեան եւ թէ տօնական շրջանի աւանդութեան մը տեւականացման։
Քըրմըզեան եղբայրներուն կողմէ հովանաւորուած նախագիծը բաւական հասունցած:
Պալեան գերդաստանի շիրմին նորոգութիւնը կ՚ընթանայ նախատեսուած հունին մէջ: «Հայճար» այժմէն պատրաստութիւններու ձեռնարկած է Մայիսին կայանալիք բացման հանդիսութեան համար:
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական հանդիսաւոր աղօթք մը՝ աշխարհի խաղաղութեան համար։
Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան եւ Լոս Անճելըսի շրջանի հոգեւոր առաջնորդները համախմբուեցան Ս. Ղեւոնդեանց մայր տաճարին մէջ։
Երեւանի մէջ, Ծիծեռնակաբերդի թանգարանի երդիքին տակ երէկ տեղի ունեցաւ ուշագրաւ ցուցահանդէսի մը բացումը։ «Մաքառելով կեանքի եւ արժանապատուութեան համար. ինքնապաշտպանական մարտերը Մեծ եղեռնի տարիներուն» խորագրեալ այս ցուցահանդէսի բացման զուգահեռ ներկայացուեցաւ նաեւ համանուն գիրքը, որ եւս նոր հրատարակուած է նոյն նիւթերով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը դիմաւորուինք սա հարցումով. եկեղեցւոյ պաշտամունքը, ընթերցանութիւնը գրաբա՞ր թէ աշխարհաբար ըլլալու է։ Ոմանք կ՚ըսեն, թէ եկեղեցին իր առաքելութիւնը կատարելու համար ո՛ր լեզուն որ աւելի շատ կ՚արդիւնաւորէ, կ՚օգնէ, այդ լեզուն գործածելու է, քանի որ եկեղեցւոյ առաքելութեան առաջնակարգ նպատակը՝ հաւատքն է, լեզուն անոր միջոցն է, առարկան է։