Արխիւ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015

Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ բա­խում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին ամ­բողջ թա­փով։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ-Ատր­պէյ­ճան շփման գծին վրայ գի­շե­րուան ժա­մե­րուն դար­ձեալ ապրուե­ցաւ լա­րուա­ծու­թիւն։ Հայ­կա­կան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ Ատր­պէյ­ճան շա­րու­նա­կած է թա­փով խախ­տել հրա­դա­դա­րը՝ շուրջ 250 ան­գամ։ Ա­զէ­րի զօր­քե­րը օգ­տա­գոր­ծած են զա­նա­զան տրա­մա­չա­փի հրաձ­գա­յին զի­նա­տե­սակ­ներ, ա­կա­նա­նե­տեր, նըռ-նա­կա­նե­տեր եւ ընդ­հա­նուր առ­մամբ հայ դիր­քա­պահ­նե­րու ուղ­ղու­թեամբ ար­ձա­կած են 2700 կրա­կոց։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015

ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Պան Քի Մուն յոր­դո­րեց ոչն­չաց­նել աշ­խար­հի բո­լոր մի­ջու­կա­յին զէն­քե­րը։ Ե­րէկ, ան այս­պի­սի կո­չով մը հան­դէս ե­կաւ՝ Սէու­լի մէջ կազ­մա­կեր­պուած խորհր­դա­ժո­ղո­վի մը առ­թիւ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015

Հա­յաս­տա­նի եւ Եւ­րո­պա­կան միու­թեան մի­ջեւ ի­րա­ւա­կան շրջա­նա­կա­յին նոր հա­մա­ձայ­նագ­րի մը շուրջ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ե­րէկ սկսան Պրիւք­սէ­լի մէջ։ Սոյն բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու պաշ­տօ­նա­կան մեկ­նար­կը ազ­դա­րա­րե­ցին՝ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան եւ Եւ­րո­միու­թեան միաս­նա­կան ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ու պաշտ­պա­նու­թեան հար­ցե­րով գե­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տար, Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի փոխ-նա­խա­գահ Ֆե­տե­րի­քա Մո­կե­րի­նի։ Եւ­րո­միու­թեան կեդ­րո­նա­տե­ղիէն ներս այս առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սկիզ­բը ազ­դա­րա­րուե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը երէկ ելոյթով մը մեկնաբանեց Սահմանադրութեան բարեփոխման շաբաթավերջի հանրաքուէն:
Սերժ Սարգսեանի համոզմամբ, յառաջիկայ ընտրութիւններու արդիւնքին պէտք չէ ըլլան ամէն ինչ ստացածներ եւ ամէն ինչ կորսնցուցածներ:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015

​Արտաքին գործոց նախարար Չավուշօղլու հարցազրոյց մը տուաւ ռուսական ԹԱՍՍ գործակալութեան:
Մոսկուա ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի օրակարգին վրայ կը բերէ թրքական զօրքերու Մուսուլի մէջ կատարած վերջին կուտակումը: Մեսուտ Պարզանի պիտի այցելէ Թուրքիա: Իրաք Գերմանիոյ հրաւէր ուղղեց՝ իր զինուորներու մարզման համար:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ա­տե­լու­թիւ­նը մո­լու­թիւն մըն է՝ որ մարդս կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ ու­րիշ մո­լու­թիւն­նե­րու, զոր օ­րի­նակ՝ խա­բէու­թեան, ինչ­պէս կ՚ը­սէ Ա­ռա­կա­խօ­սը. «Ա­տո­ղը իր շրթունք­նե­րը կը կեղ­ծէ ու սրտին մէջ նեն­գու­թիւն կը պա­հէ։ Ա­նոր գե­ղե­ցիկ խօս­քե­րուն մի՛ հա­ւա­տար, քա­նի որ ա­նոր սրտին մէջ եօ­թը զզուե­լի բան կայ։ Ան որ իր ա­տե­լու­թիւ­նը նեն­գու­թեամբ կը ծած­կէ, ա­նոր չա­րու­թիւ­նը ժո­ղո­վուր­դին մէջ պի­տի յայտ­նուի։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015

​ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Բա­ժա­նու­մը, խզու­մը ծանր է, մա­նա­ւանդ՝ «Ֆէյս­պուք»ի վրայ:

Չկայ զգա­ցում մը, այն­քան նման՝ ստա­մոք­սի պրկու­մին, որ դուք կ՚ու­նե­նաք, երբ պա­տա­հա­բար կը տես­նէք նա­մա­կագ­րու­թիւն մը ձեր եւ նախ­կին սի­րե­լիին մի­ջեւ, ա­ւե­լի եր­ջա­նիկ ժա­մա­նակ­նե­րու մէջ: Նոյ­նիսկ ա­ւե­լի դա­ժան է, երբ կը նկա­տէք, որ ա­նոր մա­կա­նու­նը փո­խուած է այդ ա­տե­նէն ի վեր:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Ե­րի­տա­սար­դը կի­թա­ռը ձեռ­քը ա­ռած կը հպի լա­րե­րուն։ Վար­պետ հպում­նե­րու իբր հե­տե­ւանք գե­ղե­ցիկ, հա­յա­բոյր ե­րաժշ­տու­թիւն մը կը ստեղ­ծա­գոր­ծէ մտքե­րու մէջ խո­րա­սու­զուած այս պա­հուն։ Ան թռիչ­քով մը փո­խադրուած է շատ գե­ղե­ցիկ վայր մը, ուր յա­ճախ կ՚այ­ցե­լէր պա­տա­նու­թեան տա­րի­նե­րուն։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի կառավարութեան նորկառոյց մասնաշէնքը նշանակութիւն ունի թէ՛ վարչական եւ թէ ճարտարապետական տեսանկիւնէն:
Ընդարձակ համալիրը արդէն եկած է համալրելու մայրաքաղաքի համայնապատկերը՝ իր շքեղութեամբ, առանձնայատկութիւններով եւ լուսաւորութեամբ:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8, 2015

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան նա­խըն­թաց օր հիւ­րըն­կա­լեց Հայ մարմ­նակր­թա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀՄԸՄ) կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Գառ­նիկ Մկրտի­չեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը, որ վեր­ջերս այ­ցե­լեց Ե­րե­ւան։ Հարկ է նշել, որ ՀՄԸՄ-ի կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ներ­կայ կազ­մը ընտ­րուած էր ան­ցեալ Սեպ­տեմ­բե­րին Ե­րե­ւա­նի մէջ գու­մա­րուած 11-րդ պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վի ար­դիւն­քին։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2015

Ե­րե­ւա­նի մէջ Ա­մա­նո­րի խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը հետզ­հե­տէ կը դառ­նայ զգա­լի։ Մայ­րա­քա­ղա­քի Հիւ­սի­սա­յին պո­ղո­տա­յին մէջ ար­դէն սկսած է Սուբր Ծննդեան տօ­նա­վա­ճա­ռը, որ այս տա­րի կազ­մա­կեր­պուած է չոր­րորդ ան­գամ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2015

Հայաստանի կառավարութեան նորակառոյց մասնաշէնքին բացումը՝ Երեւանի մէջ:
Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին Սերժ Սարգսեան եւ Վեհափառ Հայրապետը:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2015

Իրանէն եւ ԱՄՆ-էն վերջ Թուրքիա երրորդ երկիրը՝ Իրաքէ ներս զինուորական ներկայութեան առումով:
Տավուտօղլու ընթացիկ որակեց գործողութիւնները եւ նամակ մը ուղարկեց Պաղտատի վերապահութիւններուն դէմ:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2015

Հայաստանի առջեւ ուրուագծուեցաւ կառավարման խորհրդարանական համակարգի հորիզոնը:
Երէկուան հանրաքուէին ընտրողները մասնակցութիւն բերին շուրջ 50.51 տոկոսի համեմատութեամբ: Ընդդիմութիւնը գիշերուան ժամերուն բողոքի ցոյցեր կազմակերպեց Երեւանի մէջ:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2015

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան այ­սօր այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Պրիւք­սէլ։ Սա շատ կա­րե­ւոր հանգ­րուան մըն է Հա­յաս­տան-Եւ­րո­միու­թիւն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ։ Ար­դա­րեւ, այ­սօր պաշ­տօ­նա­պէս կ՚ազ­դա­րա­րուի Հա­յաս­տա­նի եւ Եւ­րո­միու­թեան մի­ջեւ նոր ի­րա­ւա­կան փաս­տա­թուղ­թի շուրջ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն սկիզ­բը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2015

Այս­քան դրա­մով Յու­դան ծա­խեց Յի­սուս Քրիս­տո­սը. այս­պէս կը գրէ Ա­ւե­տա­րա­նը։ Հա­ւատ­քի եւ գա­ղա­փա­րի ըն­կալ­ման պա­կա՞սն էր, թէ նիւ­թա­պաշ­տու­թեան տի­րա­պե­տու­թիւ­նը Յու­դա­յի հո­գիին մէջ, մօտ 2000 տա­րի ա­ռաջ, որ կը յաղ­թէր ո­րե­ւէ այլ զգաց­մուն­քի կամ հա­ւատ­քի։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2015

Հար­պի­յէի Սէն թ՚Էսփ­րի ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ Շա­բաթ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ շա­հե­կան հա­մերգ մը, որ կո­չուած էր «Պա­րոք մարգ­րիտ­ներ»։ Այս առ­թիւ հան­դէս ե­կաւ «Քա­մե­րա­թա պա­րոք Իս­թան­պուլ» խում­բը, որ ներ­կայ ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րը հա­ղորդ դար­ձուց իս­կա­պէս բարձ­րո­րակ ա­րուես­տի մը։ Ե­րե­կոյ­թին ներ­կայ էր նաեւ Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2015

Նշան­թա­շըի «Մար­քի» գե­ղա­րուես­տաս­րա­հին մէջ Շա­բաթ յետ­մի­ջօ­րէին կա­տա­րուե­ցաւ Ան­թո­նիօ Քո­սեն­թի­նո­յի աշ­խա­տա­նո­ցին մաս­նա­կից ա­րուես­տա­գի­տու­հի­նե­րուն նկար­չա­կան խառն ցու­ցա­հան­դէ­սը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2015

Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան ե­րէկ Սա­մա­թիոյ Ա­նա­րատ Յղու­թեան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ նա­խա­գա­հեց ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն եւ խօ­սե­ցաւ քա­րոզ մը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 7, 2015

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ սարքուած տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։
Յուշանուէրներ՝ Արէտ եւ Մոնիք Երկանեաններուն եւ Բարսեղ Սարայլըին։
Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։

Էջեր