Արխիւ
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան երէկ Սամաթիոյ Անարատ Յղութեան եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց արարողութիւններուն եւ խօսեցաւ քարոզ մը։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ սարքուած տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։
Յուշանուէրներ՝ Արէտ եւ Մոնիք Երկանեաններուն եւ Բարսեղ Սարայլըին։
Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Պատրիարքարանի աղբիւրները համայնքային մամուլի նկատառման յանձնեցին Տիրամայր Մարի Մութաֆեանի կողմէ կատարուած ստիպողական յայտարարութիւն մը, որ նիւթի բնոյթին բերումով գրի առնուած է թրքերէնով։ Վերջին շրջանին տեղական մամուլը կը գրէ, որ մեր համայնքէն խումբ մը անհատներ դիմած են դատական մարմիններուն՝ որպէսզի տիրամայրը խնամատար նշանակուի Մութաֆեան Պատրիարքին համար։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ընտանիքը, ընկերութեան կորիզն է, առանց որու կարելի չ՚ըլլար առողջ ընկերային կեանք մը հաստատել եւ մշակել, ու զարգացնել զայն։ Եւ քանի որ ընկերային կեանքի մէջ յարաբերութիւններ կը կայանան պարտականութիւններու եւ իրաւունքի վրայ, ուրեմն ընտանիքն կազմող անդամներուն ալ կը վերաբերի պարտականութիւններ եւ իրաւունք, որոնց ներդաշնակութեան վրայ կը բարձրանայ ընտանիքի «շէնք»ը՝ բարձրացնելով նաեւ ընկերութեան մե՜ծ շէնքը։
3 Դեկտեմբերին, Նիոնի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցաւ Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար 2016-2017-ի ախոյենութեան զտումի Ա. հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
ՖԻՖԱ-ն հրապարակեց 2015 տարուան վերջին դասաւորումը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ինքզինք արդարացնելու՝ անձին արդարութիւնը ամէն պարագայի ցոյց տալու հակամէտ են մարդիկ։ Ո՛չ ոք ընդհանրապէս չ՚ընդունիր, թէ «անիրաւ» է կամ «անարդար», եւ անպայմա՛ն ճամբայ մը կ՚որոնէ արդարացնելու համար ինքզինք։
Հաշմանդամ երախաներու համաշխարհային օրուան առթիւ, Դեկտեմբերի 3-ին, ՃՀՓ-ի Իսթանպուլի երեսփոխաններէն Սելինա Տողան այցելեց ԶԻՊԷՉ-ի կեդրոնը, ուր ջերմ մթնոլորտի մը մէջ մէկտեղուեցաւ տղոց հետ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Մխիթարեան սանուց միութեան եւ Պէյօղլուի Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս-երգչախումբի ներկայացուցիչները, որոնց հետ էր նաեւ երաժիշտ Մաժակ Թոշիկեան։
Երէկ երեկոյեան Մխիթարեան սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Մեր աշխարհի լուռ վիճակը» խորագրեալ ձեռնարկ մը։
Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բանախօսութիւն մը, որ կազմակերպուած էր Սեբաստահայոց եւ բարեկամներու հայրենակցական միութեան նախաձեռնութեամբ
Մարսէյլի մէջ Պոլսահայ մշակութային միութեան եւ «Սահակ-Մեսրոպ» մշակութային կեդրոնի համատեղ նախաձեռնութեամբ յատկանշական երեկոյթ մը:
Այլին Գօչունեան հանդէս եկաւ «Մշակութային ժառանգութեան մը վերարժեւորումը հարիւր տարի անց» խորագրեալ ելոյթով մը:
Ասիական զարգացման դրամատունը վերջերս Երեւանի մէջ կազմակերպուած մասնաւոր հաւաքոյթով մը նշեց Հայաստանէ ներս իր ծաւալած գործունէութեան 10-ամեայ յոբելեանը։ Այս առթիւ դրամատան ներկայացուցիչները մանրամասնութիւններ փոխանցեցին Հայաստանի մէջ կեանքի կոչուած ծրագրերուն շուրջ։
Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան յայտնեց, որ յաջորդ տարի երկիրը պիտի միանայ «Ստեղծագործ Եւրոպա» ծրագրին։ Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան «Մշակոյթ եւ ստեղծագործութիւն» ծրագրի պաշտօնական մեկնարկը։
«Շարլ Տը Կոլ» օդանաւերու ռազմանաւը հիւրընկալեց Ֆրանսայի նախագահը:
Ֆրանսուա Օլանտ մէկտեղուեցաւ ԻՇԻՊ-ի դէմ գործողութիւններու մասնակից զինուորներուն հետ:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումը նախատեսուած է մինչեւ ամսավերջ:
Ըստ Նալպանտեանի, Պաքու համանախագահներուն պատասխանած է սահմանի վերջին յարձակումով:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները՝ վաղը պիտի մասնակցին սպասուած համապետական հանրաքուէին: Ամիսներ տեւած քարոզարշաւէն ետք երկրի քաղաքական դաշտի հիմնական ուժերը իրենց ամբողջական ներուժի լարումով պիտի մասնակցին այս ընտրութիւններուն:
«Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման դէմ լայնածաւալ պայքարի մթնոլորտին մէջ Թուրքիա երէկ առաւ անկիւնադարձային քայլ մը։ Թուրք զինեալ ուժերը մուտք գործեցին Մուսուլ, ուր Պաշիքա շրջանին մէջ պիտի ստեղծեն մշտական ռազմախարիսխ մը։ Այս վերջինը պիտի նմանի Պամերնիի ռազմախարիսխին։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Սերպիոյ Պատգամաւորներու պալատի նախագահ Եան Համաչէքը, որու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Հիւրերուն կ՚ուղեկցէր Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Էտուար Շարմազանով։ Վեհափառ Հայրապետի կողքին էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Արդարին ճամբան շիտակ է։ Դո՛ւն, որ ուղիղ ես, արդարին ճամբան դուն կ՚ուղղես» (ԵՍԱՅԵԱՅ ԻԶ 7)։ Կան չորս առաքինութիւններ, որ առանցքային դեր կը կատարեն։ Այս իսկ պատճառով անոնք կոչուած են «գլխաւոր առաքինութիւններ»։