Արխիւ
Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն շրջագծով երէկ նոր էջ մը բացուեցաւ Պրիւքսէլի մէջ:
Անգարա 3 միլիառ եւրօ օժանդակութիւն պիտի ստանայ գաղթականներուն համար: Բանակցութիւններուն գծով շուտով պիտի բացուի գլուխ մը: Առանց վիզայի մուտքի հեռանկարը յստակացած:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցիչներու հաւաքին։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակչութեան կեդրոնին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս հաւաքը, որ զուգադիպեցաւ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներու տօնին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կ՚ըսենք ու կը լսենք, թէ առողջութիւնը կարեւո՛ր է մարդուս համար, եւ առողջութեան առաջնակարգ տեղը կու տանք կեանքի գոյապահպանման ու գոյատեւման համար։ Բայց ընդհանրապէս ի մտի կ՚ունենանք մարմնական-ֆիզիքական առողջութիւնը եւ շատ անգամ կ՚անտեսենք հոգիի առողջութիւնը՝ որ նո՛յնքան կարեւոր է մարդուս համար, քանի որ մարդս մարմինով եւ հոգիով «ամբողջութիւն» մը կը կազմէ։
Երեւանի մէջ վերջին օրերուն բացուեցաւ «Կտոր մը կրակ» խորագրեալ ցուցահանդէս մը, որ կազմակերպուած է Հայաստանի Երիտասարդական հիմնադրամի եւ Երեւանի Գեղարուեստի պետական ակադեմիոյ ուսանողական խորհուրդի համատեղ նախաձեռնութեամբ։ Հայաստանի Նը-կարիչներու միութեան երդիքին տակ բացուած այս ցուցահանդէսը համատեղած է երիտասարդ արուեստագէտներու ստեղծագործութիւնները։
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ
Ամենէն հին ժամանակներէն մինչեւ այսօր մարդոց համար միշտ կենսական եղած է ընկերոջ մը, կամ ընկերներու ներկայութիւնը: Փիլիսոփաներ, տեսաբաններ եւ ընկերաբաններ վաւերական-առարկայական տեսակէտներ արտայայտած են:
Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ երեկոյեան հանդիսաւոր ժամերգութիւն մը, որ միեւնոյն ժամանակ եկաւ բնորոշել մեր այս յատկանշական սրբավայրի պաշտամունքի վերաբացումը։
Հանրապետութեան նախագահը Ռուսաստանին խորհուրդ տուաւ՝ չխաղալ կրակի հետ: Փութին մերժեց Փարիզի մէջ Էրտողանին հետ տեսակցութիւնը: Մոսկուա որոշեց տարեմուտին դադրեցնել առանցվիզաներու մուտքի դրութիւնը: Չավուշօղլու եւ Լաւրով յառաջիկայ օրերուն կրնան տեսակցիլ Պելկրատի մէջ:
Մամետեարով կրկին պնդեց, որ Մոսկուա առաջարկներ ունի՝ ղարաբաղեան հիմնահարցի լուծման համար: Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Պաքուի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ութ տարի առաջ իր կատարած այցելութենէն ետք Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին Թեհրան ժամանելով ունեցաւ կարեւորագոյն հանդիպումներ Իրանի Իսլամական հանրապետութեան նախագահ Շէյխ Հասան Ռուհանիի եւ գերագոյն հոգեւոր առաջնորդ Ալի Խամանէյի հետ:
Գալֆաեան տան մէջ վերջերս հանդէս մը տեղի ունեցաւ Ուսուցչաց օրուան առթիւ։ Օրուան յայտագրին շրջագծով վարժարանի սաները հանդէս եկան զանազան ելոյթներով, զորսձօնեցին իրենց ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային կատարեալ գոհունակութեան, կատարելութեան համար երեք հիմնական պայմաններ են՝ փնտռել, գտնել եւ պահե՛լ։ Ուստի մարդկային կեանքի ամէն մարզերու մէջ անհրաժեշտ են այս երեք հիմնական պայմանները։
Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին դռները լայնօրէն բաց են պոլսահայ երիտասարդներուն համար: Արմէն Տէր-Կիւրեղեան եւ Աշոտ Ղազարեան երէկ բազմակողմանի շփումներ ունեցան մեր համայնքին հետ:
Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի վերատեսուչ Արմէն Տէր-Կիւրեղեան եւ փոխ-վերատեսուչ Աշոտ Ղազարեան այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն Երեւանէն ժամանեցին Իսթանպուլ։ Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) կրթական յանձնախումբին անունով անոնք դիմաւորուեցան Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սէրթշիմշէքի կողմէ։
Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան եւ «Վիվասել» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան նախընթաց օր «Երեւանի մէջ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։
Տարրական կրթութենէն միջնակարգ անցնելու ուղղեալ կեդրոնական հասարակաց քննութեան՝ TEOG-ի շրջագծով, «Թուրքիոյ Հանրապետութեան յեղափոխութեան պատմութիւն եւ Աթաթիւրքականութիւն» առարկայի հարցումներուն շրջագծով աշակերտներուն ուղղուած է հայկական հարցին վերաբերեալ հարցում մը, ինչ որ այսօր արձագանգ գտած է նաեւ տեղական մամուլին մօտ։
ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքը:
Եդուարդ Նալպանտեան եւ Կէորկի Քվիրիքաշվիլի Թիֆլիզի մէջ քննարկեցին տարածքաշրջանի հրատապ խնդիրները:
Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ վերջին օրերու խտացեալ շփումներու մթնոլորտին մէջ երէկ այցելեց Մոսկուա, ուր Քրեմլինի պալատէն ներս հիւրընկալուեցաւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։
Էրտողան միջազգային յառաջատար հեռուստակայաններէն հանդէս եկաւ վճռական յայտարարութիւններով:
«Ներողութիւն պիտի չխնդրենք Մոսկուայէն, թող մեր ներողամտութիւնը խնդրեն անոնք, որոնք խախտեցին մեր օդային մարզը»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ուրոյն աշխարհահայեացքով երիտասարդ սերունդ մը հասած է այսօր։ Այսօրուան երիտասարդը բոլորովին տարբեր տեսարան մը կը պարզէ անցեալի երիտասարդ սերունդին նկատմամբ։ Զանազան առիթներով հանդիպումներ կ՚ունենանք երիտասարդներու հետ։
Իսթանպուլի Թէքնիկ համալսարանի Մաչքայի մասնաճիւղի «Մուսթաֆա Քեմալ» դահլիճին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ դասական երաժշտութեան համերգ մը։