Արխիւ
Հայաստանի մէջ 2027 թուականին տեղի պիտի ունենայ Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, կառավարութեան երէկուան ժողովէն վերջ այս նիւթին շուրջ լրագրողներու հետ զրուցեց Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Գրիգոր Մինասեան, որ կը գլխաւորէ նաեւ բարեփոխումներու խորհուրդը։
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային գիտաժողով մը, որ կազմակերպուած էր «Գեղարդ» գիտավերլուծական հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ։
30 Օգոստոսի առթիւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մասնակցեցաւ երէկ կազմակերպուած ձեռնարկներու
Նորին Ամենապատուութիւնը թրքահայութեան անունով Յաղթանակի տօնը շնորհաւորեց Իսթանպուլի նահանգապետարանին մէջ
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ արտասովոր խանդավառութեամբ, մեծ շուքով մը այսօր կը նշուի 30 Օգոստոսի տօնը։ Մեծ յաղթանակը անկիւնադարձային նշանակութիւն ունեցած էր Թուրքիոյ Հանրապետութեան ստեղծման ճանապարհին։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի այս շրջանին մէջ լայնածաւալ պատրաստութիւններ յառաջ կը տարուին:
Վեհափառ Հայրապետը նախագահեց կարգադիր յանձնախումբի ժողովին՝ միւռոնօրհնութեան եւ Մայր Տաճարի վերաօծման ընդառաջ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Պերճ Զընկըքն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Մենքոն Քհնյ. Փընարճեան։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Էապէս, շատ բան պարտական ենք հին յոյներուն՝ յատկապէս ներկայ քաղաքական բառապաշարի մեծամասնութեան պարագային։ Սակայն բոլորովին տարբեր են անոնց եւ ներկայ ժամանակներու քաղաքականութեան մասին ընկալումներն ու սահմանումները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը զարգացաւ ԺԹ. դարուն, երբ Աւետարանը դէմ առ դէմ գտնուեցաւ արդի ճարտարարուեստական ընկերութեան, անոր սպառումի արտադրութեան նոր կառոյցներուն, անոր պետութեան եւ իշխանութեան մասին նոր յղացումին, անոր աշխատանքի եւ սեփականութեան նոր ձեւերուն հետ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդկային կեանքին մէջ ամենէն շատ չարաշահուած բառը անկասկած «ազատութիւն»ն է, որ շատ մը մարդոց ձեռքը վահան դարձած է պաշտպանելու համար իրենց անմարդկային արարքները, որոնք դէմ են մարդկային կեանքի վայելչութեան:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Անգարայի մէջ տեղի ունեցած Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին մասին պաշտօնական լրահոսը որեւէ հիմնական նորութիւն չի փոխանցեր:
Մինչ Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւններու բնականոնացման հարցը կը շարունակէ մնալ այժմէական, երկու երկիրները կը վերաբանաձեւեն իրենց դիրքորոշումները։ Անգարայէն եւ Դամասկոսէն կը հնչեն իրերայաջորդ յայտարարութիւններ, որոնցմով կողմերը յարափոփոխ իրավիճակի մէջ կը մատնանշեն իրենց առաջնահերթութիւնները։
Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ Փեքինի մէջ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճէյք Սալըվընը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, կողմերը ընդգծեցին, որ ԱՄՆ-Չինաստան յարաբերութիւններուն մէջ մեծ փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են։
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն երէկ Փարիզի մէջ հիւրընկալեց Անգլիոյ վարչապետ Քիըր Սթարմըրը։ Էլիզէի պալատին մէջ երկու ղեկավարները քննարկեցին Անգլիոյ եւ Եւրոմիութեան յարաբերութիւնները վերբեռնելու հնարաւորութիւնը։
Անգարա-Պրիւքսէլ առանցքին վրայ երկար ժամանակ անց դրական եւ յուսադրիչ իրադարձութիւն մը:
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան. «ԵՄ-ի երկիրներու իմ գրեթէ բոլոր պաշտօնակիցներուն համոզմամբ՝ Թուրքիոյ հետ կանոնաւոր երկխօսութիւն պէտք է յառաջ տարուի՝ ներառեալ Հարաւային Կովկասի հարցերուն շուրջ»:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնի վարչամեքենայի եւ արտասահմանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու՝ Դիլիջանի մէջ կազմակերպուած հաւաքի աւարտին այցելութիւն մը տրուեցաւ դէպի Կիրանց, որ կը գտնուի Ատրպէյճանի հետ սահմանին։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովներու գործունէութեան մասին կանոնակարգը այսօրուան դրութեամբ ստորագրուեցաւ։
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ աշխատաժողով մը, որ զուգադիպեցաւ 2024-2025 կրթական շրջանի բացման փուլին։ Մասնագիտական հաւաքոյթ մըն էր այս մէկը, որ համախմբեց համայնքային շրջանակներէն բազում դէմքեր, որոնք ուղղութիւն կու տան պոլսահայ կրթական կեանքին ու կը կառավարեն դպրոցական ցանցը։
ՀԲԸՄ-ի պարբերաթերթին համար նիւթ կը պատրաստուի՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի մասին:
Լրագրող Արաքս Կասեան եւ լուսանկարիչ Դաւիթ Յակոբեան այս օրերուն կը շփուին համայնքային շրջանակներուն հետ:
Երէկ երեկոյեան Գնալըի մէջ համերգով մը հանդէս եկաւ երգիչ Պարթեւ Կարեան, որուն ընկերացաւ «Առագաստ» նուագախումբը։ Կղզիի բարձունքին խանդավառութեան առիթ դարձաւ այս ձեռնարկը՝ նկատի ունենալով արուեստագէտին վայելած համակրանքը։
Ս. Աստուածածնի ծնողներուն՝ Ս. Յովակիմի եւ Ս. Աննայի եւ իւղաբեր կանանց տօնին առթիւ, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ նախընթաց օր մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ: Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։