Արխիւ

Հինգշաբթի, Յուլիս 11, 2024

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ամերիկահայ փորձառու դիւանագէտին մէջբերումները հարցազրոյցի ընթացքին. «Վստահէ, բայց ստուգէ՛։ Աստուած կ՚օգնէ անոնց, որոնք կ՚օգնեն իրենք իրենց»:
Դեսպան Էտուըրտ Ճէրէճեան. «3+3 ձեւաչափով հարթակը Երեւանի համար շատ կարեւոր է՝ կենսունակ դիւանագիտութիւն վարելու տեսակէտէ։ Հայաստան պէտք է մացառախոզ դառնայ»:

Հինգշաբթի, Յուլիս 11, 2024

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարին միջնորդութեամբ, ՆԱԹՕ-ի 75-ամեակի յոբելենական գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս հանդիպում՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ, որոնց ուղիղ շփման առընթեր՝ միջազգային հաւաքի միւս մասնակիցներու՝ մասնաւորապէս Եւրոպական Միութեան անդամ զանազան երկիրներու  յարակից տեսակցութիւններուն ընթացքին շօշափուեցաւ տարածաշրջանի իրադրութիւնը:
Ուաշինկթընի մէջ Երեւան եւ Պաքու համաձայնեցան՝ շարունակել աշխատանքը խաղաղութեան ու միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ պատմական ենթադրեալ պայմանագրի նախագծին վրայ: Մոսկուա չի թաքցներ իր խիստ ափսոսանքը:
Էնթընի Պլինքըն արդիւնաւէտ որակեց եռակողմանի քննարկումը: Արարատ Միրզոյեան Ճէյհուն Պայրամովի ներկայութեամբ վերահաստատեց հայկական կողմին քաղաքական կամքը՝ գործընթացը ամենասեղմ ժամկէտներով աւարտին հասցնելու եւ Հարաւային Կովկասի մէջ տեւական կայունութիւն հաստատելու ուղղութեամբ: Արեւմուտքը միշտ խրախուսական դերի մէջ:

Հինգշաբթի, Յուլիս 11, 2024

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Սփիւռքահայ նշանաւոր ազգային, քաղաքական, հասարակական գործիչ Բարունակ Թովմասեանի յուշագրութիւն-օրագրութիւնը արժէքաւոր տեղեկութիւններ կը պարունակէ Խորհրդային Հայաստանի մանաւանդ հոգեւոր, մշակութային կեանքի մասին:

Հինգշաբթի, Յուլիս 11, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

64 տարեկան էր, երբ Շնորհալին կաթողիկոս դարձաւ. (Սուրբ Ներսէս Դ. Կլայեցի. 1166-1173), թէեւ մարմնով տկար՝ բայց ան նոյն հոգւով եւ եռանդով կառավարեց Հայ Եկեղեցին, ինչպէս երբեմն իբրեւ խորհրդական եւ գոյակից իր եղբօրը։

Հինգշաբթի, Յուլիս 11, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մարդկային կեանքին մէջ շատ մը յոյզեր կը ձեւաւորուին ժամանակի ընթացքին՝ հիմնուելով փորձառութեան վրայ, սակայն կան անդին այլ յոյզեր, որոնք ի բնէ մարդուն մէջ գոյութիւն ունին. այդ յոյզերէն մէկն է վախը, որ մեծ ազդեցութիւն կ՚ունենայ մեր ամբողջ կեանքին վրայ:

Հինգշաբթի, Յուլիս 11, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այսօր, առաւել քան երբեք մեր դպրոցները կը գտնուին ահաւոր եւ ողորմելի վիճակի մը մէջ: Եթէ մօտիկ անցեալին մատի վրայ հաշուող տիպար ուսուցիչներ կային, այսօր շա՜տ դժուար է նման ուսուցիչներ գտնելը:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 10, 2024

Թէ՛ Նիկոլ Փաշինեան եւ թէ Իլհամ Ալիեւ հեռախօսազրոյցներով շնորհաւորեցին Մեսուտ Փեզեշքիանը:
Իրան կը դիտարկէ, որ Հայաստան կ՚երաշխաւորէ տարածաշրջանէն ներս Թուրքիոյ յառաջատար դիրքը: Երեւանի եւ Թեհրանի յարաբերութիւններու ապագայ ընթացքին վերաբերեալ վարկածները ուշադրութեան առարկայ:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 10, 2024

Այսօր Ուաշինկթընի մէջ տեղի կ՚ունենայ Արարատ Միրզոյեանի, Էնթընի Պլինքընի եւ Ճէյհուն Պայրամովի սպասուած հանդիպումը:
Հայաստան-Ատրպէյճան երկխօսութիւնը ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս կը շարունակուի: Փաուըր Երեւանի հանդիպումներուն ժամանակ կը քննարկէ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին հեռանկարները: Սպիտակ տան պաշտօնական ընդունելութիւնը համախմբեց դաշնակիցներն ու հաւաքի մասնակիցները:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 10, 2024

ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Առանց առիթի, ինքզինքս ենթադրեցի արաբական երկիրներու խօսնակ, որ կը խօսի օտար հեռատեսիլներու, ռատիոկայաններու, թերթերու լրագրողներու եւ լրատուական կայքերու ներկայացուցիչներուն հետ, օրուան ամենէն հրատապ խնդիրներուն մասին, մինչ մենք արաբական անարատ սուրճ կը խմենք, Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան ասուլիսներու սրահէն ներս:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 10, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Երբ անիկա կը խօսէր, լուսաւոր ամպ մը անոնց վրայ հովանի եղաւ եւ ամպէն ձայն մը եկաւ՝ ըսելով.- Ատիկա է սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ, ատոր մտիկ ըրէք». (ՄԱՏԹ. ԺԷ 5)։ Սիրելի՜ներ, Աւետարանի այս հատուածը վկայութի՛ւնն է Աստուծոյ սիրոյն եւ թէ Լոյսին՝ սիրոյ միջնորդը ըլլալուն ճշմարտութեան։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 10, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այսօր արդէն իսկ հասած ենք Պարոյր Սեւակի «Որդուս» բանաստեղծութեան վերջին բաժինը, ուր բանաստեղծը կը ցանկայ, որ ապագային, իր զաւակին երիտասարդութեան գոյութիւն չունենան այն բոլոր չարութիւնները, դժուարութիւններն ու անարդարութիւնները՝ որոնք եղած են բանաստեղծին օրով:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 10, 2024

Երուսաղէմի մօտ Թուրքիոյ աւագ հիւպատոս Իսմայիլ Չոպանօղլու երէկ առաւօտ այցելեց Հայոց Պատրիարքարան։ Ան ընդունուեցաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեանի կողմէ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 10, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան մասնակցեցաւ քաղաքիս Ֆրանսական պալատին մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։ Ֆրանսայի Ազգային տօնին՝ 14 յուլիսի առթիւ սարքուած ընդունելութիւնը այս տարի քանի մը օր կանուխ տեղի ունեցաւ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 10, 2024

Ara KOÇUNYAN

İstanbul Ermeni toplumu çoktan yaz tatilinin rehavetine kapılmış durumda. 2023-2024 öğretim yılı geride kaldı, 2024-2025 öğretim yılı ise önümüzde. Kısır tartışmalarla, yönetsel buhranlarla, mali açmazlarla, kangrenleşmiş genel verimsizlikle yüklü cemaat gündeminde değişiklik yok.

Չորեքշաբթի, Յուլիս 10, 2024

Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Հայ բանասիրութեան հեռանկարներ» խորագրեալ գիտաժողով մը, որ ունէր միջազգային բնոյթ։ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ կազմակերպուած էր ձեռնարկը՝ Հայաստանի Ազգային գրադարանին հետ համագործակցութեամբ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 10, 2024

Երեւանի ղեկավարութիւնը վերահաստատեց Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) շրջանակներէն ներս սերտ համագործակցութեան միջոցաւ տարածաշրջանի երկիրներու միջեւ տնտեսական կապերը ամրապնդելու յանձնառութիւնը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 9, 2024

Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ մինչեւ տարեվերջ կրնայ ստորագրուիլ միայն շրջանակային բնոյթով փաստաթուղթ մը:
Թոմաս Տը Վաալի խօսքով՝ ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի այժմու նախագծին մէջ տեղ չեն գտած կարգ մը նուրբ հարցեր, շրջանցուած են հաղորդակցութիւնները . օրինակ՝ «Զանգեզուրի միջանցք»ը, որուն հետամուտ է Ատրպէյճան:

Երեքշաբթի, Յուլիս 9, 2024

Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ Փեքինի մէջ հիւրընկալեց Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանը։ Այս վերջինը մօտաւոր անցեալին այցելած էր Քիեւ ու Մոսկուա։

Երեքշաբթի, Յուլիս 9, 2024

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտին։ Այս երկօրեայ պաշ տօնական այցելութիւնը Մոտիի առաջին արտասահմանեան ուղեւորութիւնն է վերընտրուելէ վերջ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 9, 2024

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան կառավարիչ Սեմենթա Փաուըր երէկ ժամանեց Երեւան, ուր «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Պարոյր Յովհաննիսեանի կողմէ։

Էջեր