Արխիւ
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց կիրակնօրեայ արարողութեան, որու ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Սուրբ Աթոռի մօտ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի ստորագրութեամբ, վերջին օրերուն իտալերէնով կարեւոր յօդուած մը լոյս տեսաւ Վատիկանի «Լ՚Օսերվաթորէ Ռոմանօ» պաշտօնաթերթին մէջ։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
2018 թուականին, իշխանութիւն գալէն ետք, վարչապետ Փաշինեան որեւէ անհրաժեշտութիւն չունէր համաձայնելու, թէ Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ըլլայ ինքնավարութեան կարգավիճակով: Միանգամայն բաւարար էր, որ ան համաձայնէր Մինսքի խումբի առաջարկին՝ յանձնել եօթ շրջաններէն հինգը եւ, Բերձորի ու Քարվաճառի միջանցքները պահպանելով, Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը ձգէր անորոշ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բիւզանդական կայսրութեան գոյութեան ժամանակներէն հայերը՝ չնայելով յունաց կրօնական հալածանքներուն, անընդհատ գաղթած են դէպի Կ.Պոլիս եւ այնտեղ բնակութիւն հաստատած եւ նոյնիսկ իշխանութեան եւ կայսրութեան հասած են։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
(…) Թուրքիոյ նախագահը յայտարարեց, որ շուտով Իրաքի հիւսիսին գործողութիւնները շրջանը պիտի փակեն եւ պիտի ամբողջացնեն Սուրիոյ մէջ սահմանի երկայնքին ապահովական գօտիին առկախ կէտերը: Ան աւելցուց, որ իր պետութիւնը վճռական է ոչնչացնելու Իրաքի եւ Սուրիոյ հետ սահմանի երկայնքին որեւէ ենթակառոյց, որ սպառնալիք կը ներկայացնէ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր ամենէն յայտնի բանաստեղծներէն Սիամանթօ «Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր» աշխատութեան մէջ կը հրատարակէ «Ես երգելով կ՚ուզեմ մեռնիլ» խորագրեալ բանաստեղծութիւն մը. մեռած ժամանակ երգեց թէ ոչ՝ չենք գիտեր, սակայն կը կարծենք բիրերու հարուածներուն ու քարերու տարափին տակ դժուար թէ երգած ըլլայ:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Անցնող երեք շաբաթներու ընթացքին, մեր շաբաթօրեայ սիւնակով ներկայացուցինք Մերուժան Պարսամեան գրողը, հրապարակագիրն ու խմբագիրը: Այսօր մեր ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք Մերուժան Պարսամեան բանաստեղծը, աւարտելով Պարսամեանին յատկացուած այս շարքը:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Փարիզի մէջ Ողիմպիական խաղերու բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայացուած Քրիստոսի «վերջին ընթրիք»ի պատկերը յառաջացուց ընդվզումի մեծ ալիք մը՝ քրիստոնէական շրջանակներու մէջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստան չի կրնար դուրս մնալ՝ Մերձաւոր Արեւելք-Հարաւային Կովկաս-Կեդրոնական Ասիա եռանկիւնի տարածաշրջանային «եղանակի կանխատեսումներէն»:
Էրտողան-Էսատ հաւանական հանդիպման ընդառաջ Անգարա կը ձգտի, որ Դամասկոս թէեւ մնայ ուրուական, սակայն, ստանայ անուանական օրինականութիւն: Սուրիա չի կրնար Ռուսաստանի հաւանութիւնը ստացած չըլլալ՝ Թուրքիոյ վերաբերեալ պահանջներու պարագային: Դաշտի վրայ դերակատարներու համախոհութիւնը կը սահմանափակէ ԱՄՆ-ը, որ ընթացքին վրայ կրնայ ազդել՝ «ներսէն պայթումներով»:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները ողջունեց Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչներուն միջեւ սահմանին վրայ տեղի ունեցած վերջին հանդիպումը։ Ուաշինկթըն այդ մէկը կ՚որակէ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղեալ դրական քայլ մը։
Թուրքիա-Սուրիա բնականոնացումը տեւական ժամանակէ ի վեր օրակարգի վրայ է։ Միջազգային յարափոփոխ իրավիճակը եւ տարածաշրջանային պայթիւնավտանգ իրադրութեան պայմաններուն ներքեւ այս գործընթացը կը մնայ առաջնահերթ։
Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ բացուեցաւ «Պոլիս լուսատու» լուսանկարիչներու խմբաւորման կողմէ կազմակերպուած ցուցահանդէս մը։ Իրականութեան մէջ, այս ձեռնարկը կրկնութիւն մը է, որովհետեւ «Պոլիս լուսատու»ի խնդրոյ առարկայ ցուցահանդէսը արդէն շաբաթներ շարունակ Թոփհանէի «Tütün Deposu»ին մէջ էր եւ արժանացած՝ գեղարուեստասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Միշտ քեզ կը յիշեմ
անոր համար է որ
սիրտս իբրեւ ուռկան
աշխարհը հրաւիրած եմ խրախճանքի
եւ անզգալաբար
երգուած խօսքերս կը կրկնեմ
հաւատայ որ քեզ հանդիպելէս ետք
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ներկայիս աշխարհի վրայ գոյութիւն ունի աւելի քան ութ միլիառ մարդ, որոնց իւրաքանչիւրը կը խօսի աւելի քան եօթ հազար լեզու եւ կ՚ապրի աշխարհի եօթ տարբեր մայրցամաքի վրայ։ Ի հարկէ, դժուար է ճանչնալ այսքան մարդոց իւրաքանչիւրը եւ հասկնալ, թէ ի՛նչ ըսել կ՚ուզեն անոնք։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սա անուրանալի իրողութիւն մըն է, թէ մարդկային միտքը անկայուն, թերի եւ թոյլ է, եւ այս պատճառով՝ մարդուս իմաստութիւնը սահմանափակ է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ընդհանրապէս հայրապետական կոնդակներ չկարդալու սովորութիւն մը ունիմ, որովհետեւ այսպէս կամ այնպէս այդտեղ գրուածները լսած կամ կարդացած ենք նախապէս. պարզապէս տարբեր է ստորագրութիւնն ու ոճը՝ շատ անգամ հրատարակուած աւանդութիւն մը վառ պահելու համար:
Գնալը կղզիի մէջ կազմակերպուած մարզական փառատօնը երէկ երեկոյեան եզրափակուեցաւ ոգեւոր հանդիսութիւնով մը։ Շիշլի մարզակումբի, Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Ներսէսեան դպրաց դասու, ինչպէս նաեւ Գարակէօզեան տան Կազդուրման կայանի համատեղ ջանքերով կազմակերպուած այս ձեռնարկը ձօնուած էր հոգելոյս Մեսրոպ Պատիրարք Մութաֆեանի յիշատակին։
Ցաւով տեղակացանք, թէ մեր համայնքէն Կարօ Գաբրիէլեան բռնութեան մը ենթարկուած է Գնալը կղզիի մէջ։ Ան վէճի բռնուած է՝ իր բնակած շէնքի մուտքի խանութի սեփականատիրոջ հետ։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շատ անժամանակ ու ողբերգական ձեւով մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի այնքան սիրելի դէմքերէն տքթ. Տանիէլ Քուզուլուք, որ իր սերունդի եզակի ներկայացուցիչներէն մին էր։ Երէկ գիշեր ան հոգին աւանդած է իր բնակարանին մէջ՝ խոր սուգի մատնելով թէ՛ ընտանիքը եւ թէ բոլոր սիրելիները։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն վրայ գործադրուած յարձակումէն անմիջապէս ետք, Իսրայէլ այս անգամ հարուածեց Թեհրանը: Երկու գործողութիւններն ալ թիրախային էին. առաջինը «Հիզպուլլահ»ի ռազմական խորհուրդի անդամներէն մին էր, իսկ երկրորդը՝ «Համաս»ի գլխաւոր ղեկավարը: