Արխիւ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 21, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ կրնայ կար­դալ ու կար­դա՜լ եւ ու­սում­նա­կան աս­տի­ճան­ներ ստա­նալ եւ բարձ­րա­նա՜լ ու բարձ­րա­նա՜լ, մարդ կրնայ հո­գե­ւոր մար­զի մէջ ալ բարձր դիր­քե­րու հաս­նիլ, աս­տի­ճան­նե­րու տի­րա­նալ, գիտ­նա­կա­նի կամ հո­գե­ւո­րա­կա­նի հո­վեր առ­նել. «մե՛ծ» ըլ­լալ, եւ տա­կա­ւին կրնայ «քա­ռա­կու­սի գլուխ» մը ու­նե­նալ՝ կար­ծա­տես ու նեղ­միտ մնալ, մէկ խօս­քով՝ հմտու­թիւն չու­նե­նալ…։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 21, 2015

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը ԺԱՄԱՆԱԿ-ին մասնաւոր յայտարարութիւններ ըրաւ՝ Ապրիլի 24-էն վերջ ընտրութեան հարցին առընչութեամբ ծրագրուած նախաձեռնութիւններուն կապակցութեամբ։
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի բացատրութիւններով, առաջին հերթին Ներքին գործոց նախարարութեան եւ Իսթանպուլի կուսակալութեան պիտի ներկայացուի մշակուած կանոնադրութեան նախագիծը, որու հաստատման հիման վրայ պիտի ընտրուի աթոռին նոր գահակալը։
Ըստ Նորին Սրբազնութեան, Պատրիարքարանի պաշտօնական կարգավիճակի սահմանման առկայ խնդրին յաղթահարման սպասման մէջ անհրաժեշտօրէն կ՚առնուին միջանկեալ քայլեր եւ այդ կարգադրութիւններուն ծիրին մաս կազմէ «Յովակիմ 1461» նորաստեղծ հիմնարկը, որ պիտի կարենայ ընդունիլ կտակներ։

 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 21, 2015

Շա­բա­թա­վեր­ջին, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ յայտ­նի ու հա­մակ­րե­լի ե­րա­ժիշտ Ար­թօ Թունչ­պո­յա­ճեա­նի հա­մեր­գը։ Ինչ­պէս միշտ, այս ան­գամ եւս իր ե­լոյ­թը ար­ժա­նա­ցաւ ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րու մօ­տիկ հե­տաքրք­րու­թեան։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 21, 2015

Ի­րա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Հո­սէին Տեհ­ղան եր­կօ­րեայ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Պա­քու։ Ան հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի քա­ղա­քա­կան եւ ռազ­մա­կան ղե­կա­վա­րու­թե­նէն յա­ռա­ջա­տար դէմ­քե­րու հետ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2015

Ա­նա­նիա Շի­րա­կա­ցիի ան­ուան ճե­մա­րա­նին մէջ սկսաւ «Կա­նաչ մո­լո­րակ» բնա­պահ­պա­նա­կան մի­ջազ­գա­յին մրցոյ­թի հա­յաս­տա­նեան փու­լը: Ար­դէն եր­րորդ տա­րին է, որ մի­ջազ­գա­յին այս մրցոյ­թի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը ճե­մա­րա­նին կը վստա­հին տա­րա­ծքաշր­ջա­նա­յին փու­լի կազ­մա­կեր­պու­մը:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի տնօ­րի­նու­թեամբ գա­ւա­ռի մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ Ս. Զատ­կի առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցած տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2015

Ան­ցեալ շա­բաթ Ե­րե­ւա­նի մէջ շփում­ներ ու­նե­ցած Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նա­կան պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը ա­ւար­տեց իր այ­ցե­լու­թեան ծրա­գի­րը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ի­րենց կե­ցու­թեան շրջագ­ծով Պուն­տես­տա­կի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը այ­ցե­լե­ցին նաեւ Կո­մի­տա­սի նո­րա­հաս­տատ թան­գա­րան-կա­ճա­ռը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2015

Հայաստան կը հիւրընկալէ Ճատրակի տասներորդ աշխարհի առաջնութիւնը՝ արդէն երկրորդ անգամ:
Մասնակից 50 մարզիկներէն 49-ը կը կրեն կրոսմայսթըրի բարձրագոյն տիտղոսը, ինչ որ եզակի երեւոյթ մըն է պատմականօրէն: Բացման հանդիսաւոր արարողութենէն վերջ խաղերը կ՚ընթանան բուռն մրցակցութեան մթնոլորտով:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2015

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան այ­սօր կ՚այ­ցե­լէ Լիւք­սեմ­պուրկ։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ Եւ­րո­պա­կան միու­թեան եւ ա­նոր նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ստեղ­ծուած Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու ժո­ղո­վին։ Հա­ւա­նա­կան է, որ ան յա­րա­կից հան­դի­պում­ներ ալ ու­նե­նայ այս շրջագ­ծով։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2015

Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ շուրջ հինգ տա­րուան ընդ­հա­տու­մէ մը վերջ վեր­ջերս կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ միջ­միու­թե­նա­կան գի­տա­կան մրցոյ­թը։ Մին­չեւ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լը այս մրցոյ­թը մաս կը կազ­մէր միջ­միու­թե­նա­կան ա­ւան­դա­կան ձեռ­նարկ­նե­րու շար­քին, սա­կայն դժբախ­տա­բար ընդ­հա­տուած էր ա­նոր յա­ջոր­դա­կա­նու­թիւ­նը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2015

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան եւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը շա­բա­թա­վեր­ջին Ե­րե­ւա­նի մէջ մաս­նակ­ցե­ցան «Վե­րապ­րած ձե­ռագ­րեր» ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2015

Հանրապետութեան նախագահը շաբաթավերջին այցելեց Գոճաէլի, ուր եւս արտայայտուեցաւ հայկական հարցի վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Սփիւռքն ու Հայաստանի պետութիւնն է, որ խնդիր ունին մեզի եւ մեր հայ եղբայրներուն հետ»:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան շա­բա­թա­վեր­ջին Ս. Զատ­կի տօ­նին առ­թիւ շնոր­հա­ւո­րա­կան այց մը տուաւ Ա­սո­րի կա­թո­լիկ­նե­րու հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ Մոն­սե­նիէօր Եու­սուֆ Սա­ղին

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Նոր տա­րի» մը՝ նոր կեան­քի մը ա­ռա­ջին օրն է, որ մար­դուս կ՚ա­ւե­տէ նո­րո­գուած, բա­րե­փո­խուած նոր շրջան մը։ Ե­րա­նի՜ ա­նոնց, որ գի­տեն օգ­տա­գոր­ծել այդ նո­րու­թիւ­նը ի­րենց կեան­քէն ներս։ Ար­դա­րեւ, «Նոր»ը դի­մա­ւո­րել չի բա­ւեր, այլ պէտք է իւ­րաց­նե՛լ, օգ­տա­գոր­ծել, ա­ռիթ մը նկա­տել զայն, էա­պէս նո­րո­գուե­լու։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2015

Ս. Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին նա­խորդ շա­բա­թա­վեր­ջին Ս. Զա­տի­կը նշեց ըստ Հին տո­մա­րի։ Ա­ւան­դա­կան խան­դա­վա­ռու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը։

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կ՚ը­սեն՝ թէ ծե­րու­թեան շրջա­նը եր­կա­րա­տեւ ըլ­լա­լու հա­մար պէտք է կա­նուխ ծե­րա­նալ։ Ար­դա­րեւ տա­րի­քոտ ըլ­լալ եւ ծեր ըլ­լալ, թէեւ մեր­ձի­մաստ են, բայց էա­պէս կը տար­բե­րին ի­րար­մէ։ Տա­րիք ու­նե­ցող մէ­կը կրնայ ինք­զինք ե­րի­տա­սարդ զգալ, եւ փո­խա­դար­ձա­բար տա­րի­քը քիչ ըլ­լալ բայց ծեր զգալ ինք­զինք։

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2015

Թուր­քիոյ մաս­նա­ւոր վար­ժա­րան­նե­րու միու­թեան կող­մէ Թուր­քիա հրա­ւի­րուած խումբ մը օ­տար կրթա­կան գոր­ծիչ­ներ ե­րէկ այ­ցե­լե­ցին Սուրբ Խաչ դպրե­վանք։ Վեր­ջին օ­րե­րուն Իս­թան­պու­լի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ վե­րո­յի­շեալ միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած հա­մա­ժո­ղով մը։

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2015

Բիւ­րա­կա­նի մէջ վեր­ջերս հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը բա­ցուե­ցաւ «Հե­ռան­կար­ներ» մի­ջազ­գա­յին ե­րաժշ­տա­կան փա­ռա­տօ­նի ա­կա­դե­միան։

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2015

Աշ­խար­հահռ­չակ ե­րա­ժիշտ Ա­րամ Խա­չա­տու­րեա­նի որ­դին՝ Կա­րէն Խա­չատուրեան այս օ­րե­րուն կ՚այ­ցե­լէ Ե­րե­ւան։ Կա­րէն Խա­չա­տու­րեան այս առ­թիւ այ­ցե­լեց Կո­մի­տա­սի նո­րա­հաս­տատ թան­գա­րան-կա­ճա­ռը։

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2015

Գեր­մա­նիա­յէն խորհր­դա­րա­նա­կան պա­տուի­րա­կու­թիւն մը վեր­ջին օ­րե­րուն այ­ցե­լեց Հա­յաս­տան։ Պուն­տես­թա­կի ան­դամ­նե­րը Ե­րե­ւա­նի մէջ շփում­ներ ու­նե­ցան Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի շրջա­նակ­նե­րէն ներս, նաեւ հիւ­րըն­կա­լուե­ցան Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի կող­մէ։

Էջեր