Արխիւ

Երեքշաբթի, Յուլիս 9, 2024

Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ մինչեւ տարեվերջ կրնայ ստորագրուիլ միայն շրջանակային բնոյթով փաստաթուղթ մը:
Թոմաս Տը Վաալի խօսքով՝ ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի այժմու նախագծին մէջ տեղ չեն գտած կարգ մը նուրբ հարցեր, շրջանցուած են հաղորդակցութիւնները . օրինակ՝ «Զանգեզուրի միջանցք»ը, որուն հետամուտ է Ատրպէյճան:

Երեքշաբթի, Յուլիս 9, 2024

Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ Փեքինի մէջ հիւրընկալեց Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանը։ Այս վերջինը մօտաւոր անցեալին այցելած էր Քիեւ ու Մոսկուա։

Երեքշաբթի, Յուլիս 9, 2024

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին Մոսկուայի մէջ հիւրընկալեց Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտին։ Այս երկօրեայ պաշ տօնական այցելութիւնը Մոտիի առաջին արտասահմանեան ուղեւորութիւնն է վերընտրուելէ վերջ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 8, 2024

Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ երէկուան Վարդավառի տօնակատարութիւններուն նախագահեց եւ քարոզեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան։

Երկուշաբթի, Յուլիս 8, 2024

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ հանդիսաւորապէս նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը։ Այս տարի եւս Վարդավառը առիթ դարձաւ, որպէսզի հաւատացեալները թէ՛ տաղաւարի հրճուանքը ապրին եւ թէ աւանդութիւններու վերապրումով բարձր տրամադրութեամբ համակուին։

Երկուշաբթի, Յուլիս 8, 2024

Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ միջազգային բեմահարթակի խմորումները արտասովոր ուշադրութեան առակայ կը դառնան։ Այս ամբողջին մէջ առանձնայատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Մոսկուա-Նիւ Տելհի առանցքը:

Երկուշաբթի, Յուլիս 8, 2024

Երէկ Ֆրանսա մէջ տեղի ունեցաւ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան երկրորդ փուլը, որու արդիւնքին կը սպասուէր հետաքրքրութեամբ։ Բաւական բարձր մասնակցութեան համեմատութիւն արձանագրուեցաւ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 8, 2024

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին շնորհաւորականներ ուղարկեց երկու նորընտիր ղեկավարներու՝ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանին եւ Անգլիոյ վարչապետ Քիըր Սթարմըրին։

Երկուշաբթի, Յուլիս 8, 2024

Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի միջազգային փառատօնի բացման հանդիսաւոր ու խանդավառ արարողութիւնը
Մեկնարկը վստահուած էր՝ գանատահայ աշխարհահռչակ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեանի «Եօթ քօղ» գործին: Մարզահամերգային համալիրը հիւրընկալեց հոծ թիւով գեղարուեստասէրներ: Այս տարուան պատուոյ հիւրը՝ Քեւըն Սփէյսի մեծարուեցաւ ծափահարութիւններու ներքեւ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 8, 2024

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Թուրքիա կ՚ակնկալէ Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի շուտափոյթ ստորագրումը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 8, 2024

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Այսօրուան պէս կը յիշեմ, երբ երեխայ էի, անմեղօրէն, ապստամբելով հօրս հարցուցած էի, թէ կ՚ուզէի, որ երբեք ծնած չըլլայի, քանի որ օր մը պիտի մահանամ։ Ես յստակ չեմ յիշեր անոր պատասխանը, բայց վստահ եմ, որ այս խօսքերս բաւական անհանգստացուցած էին զինքը:

Երկուշաբթի, Յուլիս 8, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ինքնաճանաչութիւնը ընտիր յատկութիւն մըն է՝ որ պէտք է ամէն անհատ մշակէ իր մէջ։ Արդարեւ, առանց ինքնաճանաչութեան ուրիշը ճանչնալ՝ օտարը հասկնալ գրեթէ անկարելի՛ է։

Երկուշաբթի, Յուլիս 8, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Արդէն իսկ հասած ենք Պարոյր Սեւակի «Որդուս» բանաստեղծութեան 4-րդ գլուխը, ուր բանաստեղծը կը յորդորէ, թէ ինչպէ՞ս պէտք է ապրիլ աշխարհի մէջ. նախապէս բոլոր գրածները աչքի առջեւ ունենալով, Սեւակ կը յորդորէ.

Շաբաթ, Յուլիս 6, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ե. դարու Հայոց գրականութեան կրօնական ազդեցութիւնը ժամանակի պահանջքի բնական արգասիքն էր. տառերու գիւտով Ս. Սահակ Պարթեւ եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետը կամեցան հայ ժողովուրդը կրօնապէս կրթել, քրիստոնէական բարոյական գաղափարները անոր մէջ հաստատել, եւ անոնք իրենց նպատակին հասան

Շաբաթ, Յուլիս 6, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Պարոյր Սեւակ իր «Որդուս» բանաստեղծութիւնը կը բաժնէ հինգ մասերու եւ մենք այսօր արդէն իսկ կը փորձենք վերլուծել բանաստեղծութեան երրորդ մասը, ուր առաւելաբար բանաստեղծը կը խօսի բարոյական արժէքներու մասին: Այս բաժինը Պարոյր Սեւակ կը յատկացնէ ազնուութեան.

Շաբաթ, Յուլիս 6, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

«Տէր, բարւոք է մեզ աստ լինել» (Մտ 17.4)

Կ՚ապրինք ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր ամէն տեսակի արժէք, արժանիք, բարոյական արժէքներ, կրօնական աւանդութիւններ եւ սրբութիւններ, ընտանեկան եւ ամուսնական սրբութիւն, զաւակ-ծնող, ծնող-զաւակ յարաբերութիւն իրար անցած են, կորսնցուցած են չափն ու սահմանը:

Շաբաթ, Յուլիս 6, 2024

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն երիտասարդ ուխտաւորներ՝ գլխաւորութեամբ Ուաշինկթըն նահանգի Սիեթըլ քաղաքի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Վազգէն Քհնյ. Պոյաճեանի։

Շաբաթ, Յուլիս 6, 2024

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

«Լոյս ճշմա­րիտ Քրիս­տոս,
ար­ժա­նա­ւո­րեա զհո­գի իմ
ու­րա­խու­թեամբ տե­սա­նել զլոյս փառաց քոց ի կոչ­ման ա­ւուրն…»

(Ս. Ներ­սէս Շնոր­հա­լի)

Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի այլակերպութեան տօնին հասած ենք։ Տօնակատարութիւն մը, որ ծլարցակումն է այն կենսաւէտ ու հաստաբուն մշտադալար ծառին, որուն  արմատները խորացած են Սուրբ Աւետարանի բերրի հողին մէջ։

Շաբաթ, Յուլիս 6, 2024

Կարսի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ «Վերադարձ Արեւմտեան Ատրպէյճան» խորագրեալ ֆորում մը։ «Մետիամաքս» գործակալութիւնը «Ազերթաչ»ի հաղորդումներուն հիման վրայ տեղեկացուց, որ այս ֆորումը կազմակերպուած էր Թուրք-ատրպէյճանական ընկերացութիւններու դաշնակցութեան (TADEF), Ատրպէյճանի սփիւռքի հետ աշխատանքի պետական կոմիտէին եւ Կարսի քաղաքապետարանին կողմէ։

Շաբաթ, Յուլիս 6, 2024

Երէկ, Իրանի մէջ տեղի ունեցաւ նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլը։ Ըստ երեկոյեան ժամերուն հրապարակուած արդիւնքներուն՝ Իրանի նախագահ ընտրուեցաւ Մեսուտ Փեզեշքիան, որ առաւելութեան հասաւ առաջին փուլին պատնէշը յաղթանակած միւս թեկնածուին՝ Սայիտ Ճալիլիի դէմ։

Էջեր