Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուած սիրայօժար տուողը կը սիրէ։ Մարդ, եթէ սիրայօժար չտայ, Աստուած Իր բաժինը կ՚առնէ, Աստուծոյ առնելու ձեւը սակայն յաճախ ցա՛ւ կը պատճառէ մարդուս։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Խրիմեան Հայրիկ ընտանիքի անդամներէն մէկը կը նկատէ նաեւ քահանան՝ որպէս տան երէց եւ անոր պարտաւորութիւններն ու դերը շեշտելու համար իր 16-րդ գլուխը կը կոչէ «Տան երէց եւ իւր պարտիք», ուր կը խօսի հոգեւոր հովիւին մասին, ըսելով թէ անոնց «միայն յանձնուած է ընտանեկան հոգեւոր պէտքերը հոգալ ու մատակարարել»:
Պէզճեան Մայր վարժարանի 8-րդ դասարանի աշակերտուհիներէն Մելանի Քուշ ուշագրաւ յաջողութիւն մը արձանագրեց՝ Թուրքիոյ մտախաղերու Դ. շարքի եզրափակիչ փուլին։
Մատակարար մարմինը այսօր կը տեսակցի ծնողաց միութեան ներկայացուցիչներուն հետ:
Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հայրը փորձած է իրաւաբանական օժանդակութիւն ապահովել Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին համար:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս անցեալ շաբաթավերջին գումարուեցաւ տարեկան պատգամաւորական ժողովը՝ նախագահութեամբ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի։ 97-րդ պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ Արիզոնայի Ս. Աբգար եկեղեցւոյ համալիրէն ներս։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ աւանդական շուքով նշեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման տօնը, որու ընթացքին յիշատակուեցաւ նաեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Աթոռի 1441 թուականին Սիս քաղաքէն վերջնականօրէն Սուրբ Էջմիածին փոխադրումը։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Ապու Տապիի մէջ տեսակցեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Ապտուլլահ պին Զաիտ ալ Նահիանի հետ։ Ան պաշտօնական այցելութիւն մը կու տար այդ երկիրը։
Պէզճեան Մայր վարժարանը վերջերս մասնակցութիւն բերաւ մտային Բ. խաղերուն, որու արդիւնքով ունեցաւ գնահատելի յաջողութիւն։ Թուրքիոյ Մտախաղերու միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած մրցաշարքի հիւրընկալն էր «TED Atatürk» քոլէճը։
Շիշլի մարզակումբը երէկ կազմակերպեց միջվարժարանային փոքրերու մարմնամարզի խրախճանք մը, որ տեղի ունեցաւ Աթագիւղի ողիմպիական աւանին մէջ։ Իր տեսակին մէջ երկրորդ այս նախաձեռնութիւնը ձօնուած է ակումբի հոգելոյս երախտաշատ սպասաւորներէն Պերճ Մուրատ Օքանի յիշատակին։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը այս տարի եւս յաջողութեամբ կազմակերպեց միջմիութենական ճատրակի մրցաշարքը, որ 17-րդն էր իր նմաններու շարքին։ Ներկայ շաբթուան առաջին երեք օրերուն համայնքային զանազան վարժարաններէն խումբեր իրենց ուժերը չափեցին Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ։
Երէկ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Սարօ Սիրականեանն ու անդամներէն Թանիա Գույումճու Աքարսուն։
Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին տեսակէտէ մեծ մարտահրաւէր մը:
«Papaz Evleri»ի հարցին շուրջ երկարաշունչ դատավարութեան համար Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հայրը այցելած է Իսթանպուլի Հանրապետական աւագ դատախազին: Համայնքային շրջանակները յոյս դրած են որոշման վիճարկման վրայ:
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը 192 տարեկան. օր աւանդական շուքով տօնակատարութիւններու:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը այս առաւօտ նախագահեց Համբարձման փառաշուք արարողութիւններուն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ամէն անգամ, երբ կը գրենք սփիւռքահայ մտաւորականի մը, արուեստագէտի մը մասին, հայրենիքի հետ իր կապի միջոցով կը փորձենք տալ նկարագիրը, ներկայացնել յատկանշական դրուագներ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այսօր, 9 մայիս 2024-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ Տէր Յիսուս Քրիստոսի երկինք համբարձումը:
Այս տօնին կապակցութեամբ ընդհանրապէս կը գրուի ու կը խօսուի կամ հոգեւոր ընկալումի, եւ կամ ալ ժողովրդային աւանդութիւններու ու սովորութիւններու մասին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իմաստակ, կեղծ իմաստուն եւ սոփեստ մարդիկ, իր գիտութեամբ պարծենկոտ անձեր, ընկերութեան մէջ շատ հաւանութիւն չեն գտներ։ Եթէ աշխարհ իմաստակներով լեցուն ըլլար, մարդկութիւնը ոչ մէկ գիւտ կրնար կատարել։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայրիկ իր «Դրախտի ընտանիք» աշխատութեան 15-րդ գլուխին որպէս խորագիր կ՚ընտրէ «Ընտանեկան կտակ - Յիշատակ»ը. յաճախ կտակ ըսելով մենք կը հասկնանք նիւթական ժառանգութիւնը, որ կը փոխանցուի ողբացեալին յաջորդներուն, սակայն Հայրիկ այստեղ տարբեր կտակի մասին է, որ կը խօսի. Հայրիկի բացատրութեամբ կտակը հետեւեալն է. «Կտակը տիրապէս կը նշանակէ այն սուրբ աւանդ եւ յանձնարարութիւնը, զոր մարդ իւր կենդանութեանը ուրիշ կտակակատար անձի մի կ՚աւանդէ, որ յետ իւր մահուն կատարեն իւր կտակը՝ աննենգ եւ անվրէպ հաւատարմութեամբ»:
Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, անոնք անդրադարձան տարածաշրջանային հարցերու։
Էրտողան Ասատովի հետ հանդիպման ժամանակ խօսեցաւ Երեւան-Պաքու հաշտութեան գործընթացի մասին:
Թուրքիա կ՚ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն Ալմաթիի վաղուան ժամադրութիւնը: