Արխիւ
Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ գիրքի շնորհանդէս մը, որ կազմակերպուած էր «Արաս» հրատարակչութեան նախաձեռնութեամբ։
Պուտափեշտի մէջ կազմակերպուած Եւրոպական քաղաքական համայնքի 5-րդ գագաթաժողովի արձագանգները կը շարունակուին։ Այս մեծ ժամադրութիւնը, միեւնոյն ժամանակ առիթ հանդիսացաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս ամենաբարձր մակարդակի վրայ հաղորդակցութեան թարմացման։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ իր երկիրը հասած է փափաքին, պատերազմ չ՚ուզեր եւ Հայաստան պէտք է վերջ տայ զինուելու։
Անգարա-Աթէնք առանցքին վրայ պատրաստութիւն՝ յառաջիկայ տարեմուտի ղեկավարներու շփման համար: Թուրքիա-Յունաստան յարաբերութիւնները կ՚ընթանան դրական ուղղութեամբ. համագործակցութիւնը պիտի խորանայ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Վրաստանի թեմի առաջնորդ Տ. Կիրակոս Եպսկ. Դաւթեան համոզուած է, թէ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերաբացման զուգահեռ՝ հայոց ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս ընթացք կ՚առնէ զարթօնք մը։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ոտքի վրայ զրոյց մը ունեցան Պուտափեշտի մէջ, ուր մասնակցեցան Եւրոպական քաղաքական համայնքի 5-րդ գագաթաժողովին, որ կազմակերպուած էր Հունգարիոյ տանտիրութեամբ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ինչո՞ւ զոհաբերութիւններ կ՚ընենք: Ի՞նչ բան կը մղէ մեզ անհրաժեշտութեան պարագային հրաժարիլ մենք մեզմէ:
Կեանք՝ նուիրուած ուրիշի մը երջանկութեան…
Բոլորս կը ձգտինք լաւ մարդ ըլլալ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
ԿՈՅՍ՝ նշանակ է կռապաշտութենէ զերծ հաւատարիմ ծառաներու. (ՅԱՅՏ. ԺԴ 4)։
ԿՐԱԿ կը նշանակէ Աստուծոյ Խօսքին զօրութիւնը. (ԵՐԵՄ. ԻԳ 29). դարձեալ, բան մը զտելու միջոց. (ԶԱՔ. ԺԳ 9), (ՄԱՂ. Գ 2)։ Կը նշանակէ նաեւ հալածանք. (Ա ՊԵՏ. Ա 7), եւ պատիժ կամ տանջանք. (ՄԱՐԿ. Թ 44)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Յաջողութիւնը իրականութեան մէջ կրթութեան մէջ մասնիկն է (պարտի՛ ըլլալ). կը հաւատանք, որ դպրոցական աշակերտներուն համար կեանքի պայքարին մասին գիտութիւն ստանալը շատ աւելին կ՚արժէ, քան թուաբանութեան կամ աշխարհագրութեան դասընթացք մը. թէ՛ ընտանեկան եւ թէ դպրոցական կրթութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունի մանուկին վրայ եւ հետեւաբար կարելի չէ անկէ դուրս ձգել կեանքի պայքարի գաղափարը, որպէսզի անոնց մէջ կամաց կամաց կազմուի ապագայ երիտասարդը.
Գալֆաեան տան սաները փայլուն յաջողութիւն արձանագրեցին՝ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան կողմէ կազմակերպուած մտախաղերուն մէջ։ Առաջին երկու հանգրուանները յաջողութեամբ յաղթահարելով՝ անոնք իրաւունք շահեցան աւարտական փուլի բարձրանալու։
Համայնքային վարժարաններու վարիչներ ընդունուեցան Իսթանպուլի կրթական տնօրէնին կողմէ:
Հասարակաց քննութիւններու պարագային յառաջիկայ տարիէն սկսեալ նկատի պիտի առնուին հայոց տօներու թուականները:
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով եռօրեայ նստաշրջանը երէկ եզրափակուեցաւ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ քննարկումներ՝ Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովի պատրաստութիւններուն շուրջ:
Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի երդիքին տակ եզակի եւ ուշագրաւ էնսթալասիոն-կատարում:
Անմոռանալի արուեստագէտի 125-ամեակին առթիւ կը ցոլանայ՝ իր պատկերային ու տարածական մտածողութիւնը:
Երեւանի մօտ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի յայտարարեց, որ իր երկիրը դէմ է ամէն ինչի, որ ունի միջանցքի տրամաբանութիւն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դեսպանը երէկ Հայաստանի Կապան քաղաքին մէջ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին հերթական անգամ անդրադարձաւ «Զանգեզուրի միջանցք»ի հարցին եւ ըսաւ.
Ռուսաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկու յայտնեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս իրավիճակի բարելաւման նախադրեալներ կան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու Մոսկուայի ժողովին ընթացքին Շոյկու նշեց, որ թէեւ տարածաշրջանի իրավիճակը կը շարունակէ մնալ բարդ, սակայն անոր բարելաւման նախադրեալները կան։
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան վստահութիւն յայտնեց, թէ Երեւան-Ուաշինկթըն համագործակցութիւնը Սպիտակ տան նոր վարչախումբի ղեկավարման ժամանակ եւս բարեյաջող կ՚ընթանայ։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Աթէնք, ուր կը հիւրընկալւի Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Եորկօ Կերափեթրիտիսի կողմէ։ Մինչ Անգարա-Աթէնք առանցքին վրայ նոր կլիմայ մը ձեւաւորելու ուղղեալ ջանքերը կը շարունակուին, այցելութեան ընդառաջ երկու նախարարները փոխադարձ յայտարարութիւններ ըրին Թուրքիոյ եւ Յունաստանի յառաջատար լրատուամիջոցներուն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առաւօտ վերադարձաւ իր Աթոռը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շուրջ շաբաթէ մը ի վեր կը գտնուէր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ շնորհաւորութիւններ կը ստանայ աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն կողմէ։ Այս ամբողջին մէջ, Անգարայի եւ Երեւանի ղեկավարութիւններն ալ շնորհաւորած են Տանըլտ Թրամփը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Ժընեւի համալսարանի հայկական ուսմանց 50-ամեայ յոբելեանը պիտի նշուի յառաջիկայ շաբթուան մէջ։ Այսպէս, նոյեմբերի 13-ին, Ժընեւի համալսարանին մէջ, այս յոբելեանին առթիւ նախատեսուած է կլոր սեղան մը՝ «Պատմութիւն, սիներժի եւ մարտահրաւէրներ» խորագրին ներքեւ։