Արխիւ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան պատգամ մը ուղարկեց՝ Կասպից ծովու նաւթի եւ կազի 29-րդ միջազգային ցուցահանդէսի եւ Կասպեան ու կանաչ ուժանիւթի 12-րդ միջազգային ցուցահանդէսի բացման արարողութեան առթիւ։
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան երէկ յայտարարեց, որ Իրան դաշտի վրայ ներգրաւուած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծի կեանքի կոչման։
Երեւանի ղեկավարութիւնը Պրիւքսէլի հետ միշտ կը շօշափէ տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր:
Եւրոմիութիւնը միշտ ուշադիր Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին նկատմամբ:
Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի յայտնի փորձագէտ Թոմաս տը Վաալ, որ երկար տարիներ աշխատած է «Քարնեկի» հիմնարկին մէջ, «Foreign Affairs»ի հրապարակած յօդուածին մէջ յայտնեց, որ «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացումը պիտի նշանակէ Հայաստանի հարաւային սահմանի Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի կողմէ համակարգուած զաւթում։
Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ STEM մրցոյթը, որ երկրորդն էր իր տեսակին մէջ։ Միջվարժարանային այս նախաձեռնութիւնը առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սաները վերջերս փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրած են միջվարժարանային գիտական մրցոյթի մը ծիրէն ներս։ Այսպէս, դպրոցի գիտական ակումբի սաները մասնակցեցան Համաշխարհային բնապահպանական հիմնարկի (WWF) Թուրքիոյ մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած՝ Բնութեան յառաջատարներու երիտասարդական խորհրդաժողովին։
Ֆէրիգիւղի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի նշանակման հարցին մէջ նոր իրավիճակ:
Ըստ ատենապետ Մանուկ Էօղէրի, վեղարաւորի մը այս պաշտօնին կոչուիլը թաղային խորհուրդին սրտով չէ եղած:
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Քաղաքացի արաբը, որդի արաբացիութեան, որդի արաբներուն առտու կանուխ իր անկողինէն ելաւ, անմիջապէս պաղ ջուրով իր երեսը լուաց, ան սուր ածելիով մը ինչպէս որ պէտք էր՝ ածիլուեցաւ, մազերը սանտրեց կոտրուած սանտրով մը, ապա նախքան «դատի» թուղթերուն ծրարը իր թեւին տակ առնելը, անցողակի նայուածք մը նետեց իր դէմքին ու կեցուածքին, յետոյ՝ իր մօր ու քրոջ, ու ուղղուեցաւ դէպի պետական կառոյցներ, որպէսզի իր իրաւուքնին ետեւէն իյնայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ մանուկներ կը բերէին Յիսուսի եւ կ՚ուզէին որ Ան դպչի անոնց։
Ինչո՞ւ այս փափաքը։
Արդարեւ, մարմնական շփումը Յիսուսի հետ զարմանահրաշ բժշկութիւններու պատճառ եղած է, ինչպէս բազմաթիւ անգամներ յիշուած է աւետարաններու զանազան հատուածներուն մէջ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայ հրապարակախօս Մամուրեան ազգերու զարգացումին ու բարգաւաճումին համար իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ հետեւեալ գաղափարը կը յայտնէ. «Լաւագոյն կը սեպեմ որ ազգ մի պարծանաց գագաթը հասնելէն ետեւ առօք փառօք կործանի, անդիմադրելի պարագաներէ ստիպեալ՝ անհետ մարի, քան թէ շքեղ անցեալէ մ՚ետեւ անփոյթ ու հաշմ թափառի ներկայի մէջ»:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ի՜նչ չարաշուք պատահականութիւն մըն էր. բախտ վիճակած էր իրենց հսկայական օդանաւակայանին մէջ նստելու քով քովի: Անոնց միջեւ գտնուող միակ հասարակաց գիծը այդ սպասման սրահին մէջ գտնուիլն էր պարզապէս. տարբեր էին անոնց յոյզերը, սրտի խռովքն ու ապրումները:
Երէկ երեկոյեան ընթացք առած Երեւանի պալէի փառատօնը այս օրերուն կը համախմբէ գեղարուեստասէրները։ Փառատօնի ծիրէն ներս առաջին ելոյթը երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Թումանեանի այգիին մէջ։
Լեմքինի ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման կաճառը կոչ ուղղեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին, որպէսզի ազատ արձակուին այն բոլոր հայ գերիները, որոնք ապօրինաբար կը պահուին Պաքուի մէջ։
Հայաստանի ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան դէպի Լիուպլիանա պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս հիւրընկալուեցաւ Սլովենիոյ ազգային ժողովի նախագահ Ուրշքա Քլաքոչար Զուփանչիչի կողմէ։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան դէպի Փեքին ուղեւորութեան ծիրէն ներս հիւրընկալուեցաւ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Եիի կողմէ։
Անգարա եւ Ուաշինկթըն միշտ կ՚ընդգծեն Երեւան-Պաքու խաղաղութեան պայմանագրին կարեւորութիւնը:
Նախարար Արարատ Միրզոյեանի խօսքով՝ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ստեղծուած է շատ առողջ երկխօսութիւն մը:
Երուսաղէմի հայոց պատրիարքը երէկ հիւրընկալեց Անկլիքան եկեղեցւոյ կողմէ երեք եպիսկոպոսներ:
Հիւրերը ծանօթացան նաեւ Սուրբ Յարութեան տաճարի հայկական բաժիններուն՝ ներառեալ Ս. Վարդան մատուռը:
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահին մէջ, շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ յատկանշական ձեռնարկ մը։ Համանուն սանուց միութեան կողմէ ձմրան շրջանին կազմակերպուած դասընթացքներու եզրափակիչ հանդէսը առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մասնակցեցաւ Իտալիոյ Ազգային տօնին առթիւ քաղաքիս մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ մանկապարտէզներու տարեվերջի հանդէսը։ Ներկայ էր նաեւ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան: