Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապի պաշտօնամուտի փուլին կանխատեսումներ՝ Վատիկանի ժառանգուած օրակարգին շուրջ:
Կաթոլիկ եկեղեցւոյ կուտակուած խնդիրները կը մեկնաբանուին՝ ներքին բարդ հաւասարակշռութիւններու եւ թէժ պայքարներու լոյսին ներքեւ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մարդկային հոգեբանութեան եւ բարոյագիտութեան դաշտին մէջ, սոսկ տեսական հարցերէ անդին, կան հիմնարար հասկացութիւններ, որոնք կը խարսխեն անհատի վարքագիծը, ինքնընկալումը եւ շրջապատի հետ յարաբերութիւնները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մաղաքիա Արքեպս. Օրմանեանի «Խոհք եւ խօսք»ը մեզ՝ հոգեւորականներու սնարի գիրք մըն է, ուր կը գտնուին ո՛չ միայն իր կեանքի տեսարանները, այլ նաեւ տիպար հոգեւորականի մը որդեգրած սկզբունքները՝ որոնք ուղեցոյցներ են ներկայ հոգեւոր կեանքին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդիկ մի՛շտ ալ կը ծնին տարբեր՝ իրենց արտաքինով, համոզումներով, բնաւորութեամբ ու մշակոյթով, որոնք ժամանակի ընթացքին զարգանալով հանդերձ որոշ առանձնայատկութիւն մը կ՚ունենան, սակայն, այդ տարբերութիւններով հանդերձ կ՚ունենան հասարակաց գիծեր, որոնք կը կազմուին անկախ անձի կամքին.
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ալէն Պերսէն, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան։ ԵԽ-ի ընդհանուր քարտուղարը ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Զանազան առիթներով «Յառաջ»ի հին թիւերէն քաղելով ներկայացուցած ենք հայ գիրին ու մշակոյթին նուիրեալ վաստակաշատ խմբագիր, ազգային-քաղաքական գործիչ Շաւարշ Միսաքեանի խմբագրականներէն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Արաբական ծոցի երկիրներէ ներս Տանըլտ Թրամփի շփումներու լոյսին տակ կարեւոր հաւանականութիւններ:
Ուաշինկթընի տարածաշրջանային նոր քայլերն ու մտադրութիւնները Թեհրանի դէմ հրահրումներ չեն ենթադրեր:
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
* Մուսթաֆա Մահմուտը բարոյականութեան մասին կը գրէ.
Բարոյականութիւնը մարդկութեան գոյատեւումին միակ երաշխիքն է: Երբ բարոյականութիւնը վերանայ, մարդիկը աղուէսներու նման կ՚ըլլան՝ զիրար կ՚ուտեն: Օրէնքները առանձինն, բաւարար չեն մարդկային հոգին սանձելու:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ընդհանրապէս, ընտանիքներու մէջ կան՝ որոնք բան չեն ուզեր նետել կամ հրաժարիլ որեւէ առարկայէ՝ բարոյական հանգամանք մը վերագրելով անոր։ Կան նաեւ, որ պատրաստ են նետել ամէն բան՝ որ աւելորդ կը նկատեն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայ ժողովուրդին համար պէտք է պարզ ըլլայ, որ պետութեան խնդիրը ո՛չ թէ Կաթողիկոսի վարքին, այլ ընդհանուր եկեղեցւոյ հետ կապ ունի։ Յիշեցեցէ՛ք, թէ ինչպէս մի քանի տարիներ առաջ դպրոցներու դասագիրքէն կրօնի գիտութիւնը դուրս դնելու համար կը պայքարէին, չյաջողեցան, որովհետեւ այդ ժամանակ անոնք ուղղակի կրօնը ուզեցին դուրս դնել. այժմ աւելի խելացի ձեւանալով կը փորձեն այնպէս մը ներկայանալ, որ իրենք Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հաւատաւոր զաւակներ են եւ իրենց խնդիրը պարզապէս Վեհափառ Հայրապետի անձին հետ կապ ունի:
Շաբաթավերջին նախատեսուած լիսէներու մտից քննութեան՝ LGS-ի ընդառաջ, երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ունեցաւ իր երկրորդ հանդիպումը պոլսահայ վարժարաններու աշակերտութեան հետ։
Էսաեան վարժարանի մէջ 2024-2025 կրթական շրջանի ներկայ եզրափակիչ փուլը կը բնորոշուի խանդավառ հանդէսներով։ Վերջին օրերուն դպրոցին մէջ տեղի ունեցան մանկապարտէզի տարեվերջի հանդէսն ու առաջին դասարանի ընթերցման տօնը:
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հիմնադրութեան 564-րդ տարեդարձը երէկ աւանդական արարողութեամբ նշուեցաւ Գումգաբուի մէջ։ Այսպէս, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ժամերգութեան հանդիսաւոր արարողութիւն, որուն մասնակցեցան պոլսահայ հոգեւորականաց դասու բազմաթիւ անդամներ։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Հայաստանի վարչապետին կողմէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ բարձրաստիճան հոգեւորականներու դէմ հրապարակուած մեղադրանքներու եւ պահանջներու քաղաքական շարժառիթները հիմնականին մէջ երկու ուղղութիւն ունին:
Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթը երէկ ընկերային ցանցերու իր պաշտօնական հաշիւներուն վրայ տեղ տուաւ այս լուսանկարին։
2024-2025 կրթական շրջանի աւարտին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս տարի եւս հայրական հետաքրքրութեան առարկայ կը դարձնէ համայնքային վարժարաններու սաները։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է Եշիլգիւղի վարժարանի տնօրէն Մելիքճան Զաման։ Բօթը իսկապէս ցնցում յառաջացուցած է թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Արդարեւ, Մելիքճան Զամանին մահը շատ անժամանակ է, որովհետեւ ան երիտասարդ տարիքի մէջ դարձած է յանկարծամահ։
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը ներկայիս կը նշէ իր հիմնադրութեան 70-ամեակը։ Վերջերս շուրջ մէկ շաբթուան բազմակողմանի ծրագիր մը կեանքի կոչուեցաւ՝ ի նշանաւորումն այս եզակի յոբելեանին։
Այս օրերուն Հայաստանի մէջ տեղի կ՚ունենան սուր եւ ծայր աստիճան լարուած գործընթացներ, որոնց աղմուկը հասած է մինչեւ միջազգային հարթակներ։ Փաշինեանն ու իր զուգընկերուհին հռետորական ուժգին արշաւ սկսած են ընդդէմ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ անոր հոգեւորականութեան։
Հայաստանէ ներս յառաջացած եկեղեցի-պետութիւն լարուածութեան պայմաններուն ներքեւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ ուշ գիշերին յորդորեց պահպանել միասնականութիւնը։