Արխիւ

Ուրբաթ, Մայիս 2, 2025

Այսու մեր համայնքի անդամներուն կը յայտնենք, թէ Պատրիարքական Աթոռի կողմէ տրուած մկրտութեան վկայագրերու հետ վերջերս յառաջացած հարցի մասին անհրաժեշտ քայլերն առնուած, պատկան իշխանութեանց հետ կապ հաստատուած ու հարցը լուծուած է։

Ուրբաթ, Մայիս 2, 2025

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի ուղեկից մասնագէտ Միւժտատ Աթաման նախընթաց օր ասուլիսի մը մասնակցեցաւ աշակերտներու ծնողներուն հետ։ Հաճելի զրոյցի մը մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցաւ այս երեկոյթը, որ կազմակերպուած էր թաղի «Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ։

Ուրբաթ, Մայիս 2, 2025

Կեդրոնական վարժարանի նախաձեռնութեամբ այս տարի 13-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ՝ Իսթանպուլին ձօնուած լուսանկարչական ցուցահանդէսը, որուն կը մասնակցին հարիւր եւ աւելի տարիներու վաղեմութեամբ քաղաքիս լիսէները։ Անմոռանալի վարպետ Արա Կիւլէրի յիշատակին ձօնուած մրցոյթի մրցանակաբաշխման արարողութիւնը առիթ դարձաւ Կեդրոնականի երդիքին տակ բացառիկ ոգեւորութեան ստեղծման։

Ուրբաթ, Մայիս 2, 2025

Ճազի միջազգային օրը Երեւանի մէջ նշուեցաւ բացառիկ ոգեւորութեամբ։ Մայրաքաղաքի սրտին վրայ հոծ թիւով երաժշտասէրներ համախմբուեցան բարձր տրամադրութեամբ։

Ուրբաթ, Մայիս 2, 2025

Ուաշինկթըն-Քիեւ-Մոսկուա առանցքին վրայ նոր իրավիճակ՝ հակամարտութեան կասեցման սպասումով:
Ուքրայնա ԱՄՆ-ի տնտեսական հովանաւորութեան տակ մտաւ՝ հակառակ Ռուսաստանի հետ առկայ պատերազմին:

Հինգշաբթի, Մայիս 1, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ի՞նչ է ձեր կարծիքը սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ. ուսումը, գիտութիւնը կրնա՞յ փոխել մարդուս նկարագիրը եւ բնաւորութիւնը։ Հարցումը կրկնենք տարբեր ձեւով. մտքի զարգացումը լոկ, կարո՞ղ է նաեւ ազնուացնել սիրտը։

Հինգշաբթի, Մայիս 1, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շատերու համար տակաւին կը շարունակէ հարցական մնալ, թէ Յիսուս Քրիստոս իրապէ՞ս 40 օր ու գիշեր ծոմապահութեամբ անցուց, որովհետեւ գիտականօրէն կարելի է անօթի մնալ մօտաւորապէս 30-40 օր՝ սակայն մարդ առանց ջուրի եւ հացի՝ ընդամէնը 3-7 օր:

Հինգշաբթի, Մայիս 1, 2025

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք փունջ մը մտածումներ, Սարգիս Զէյթլեանէն:
* Հայրենադաւութեան ընդունակ են մարդկային յետին խլեակները միայն, բարոյապէս անվերականգնելի արարածները լոկ, ընկերային ամէն արժէքէ եւ արժանիքէ պարպուած մարդակերպները սոսկ:

Հինգշաբթի, Մայիս 1, 2025

Հայ թատրոնի նշանաւոր դերասանուհի Պայծառ Ֆասուլեաճեանի (Փափազեան) ծննդեան 180-ամեակը կը լրանայ այս տարի։ Դերասանուհի Ֆասուլեաճեան (ծնեալ՝ Փափազեան) հայ բեմի մէկ այլ նուիրեալի՝ Թովմաս Ֆասուլեաճեանի կինը եւ զուգընկերն էր։

Հինգշաբթի, Մայիս 1, 2025

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է պոլսահայ կրթական համակարգի տիրական դէմքերէն Հերմինէ Պենլիօղլու։ Պաքըրգիւղի ընտանիքին հետ նոյնացած, հայ դպրոցի առաքելութեան յարատեւութեան ճանապարհին տասնամեակներ շարունակ ջանք ու եռանդ չխնայած, անձնուրաց աշխատանք տարած կրթական մշակ մըն էր Հերմինէ Պենլիօղլու, որու կորուստը համատարած ցաւ ստեղծած է համայնքային շրջանակներէն ներս։

Հինգշաբթի, Մայիս 1, 2025

Համաշխարհային պարի օրը այս տարի բացառիկ ոգեւորութեան առիթ հանդիսացաւ Երեւանի մէջ։ Գեղարուեստասէրները մայրաքաղաքի Ազատութեան հրապարակին վրայ համախմբուեցան եզակի ձեռնարկի մը առթիւ։

Հինգշաբթի, Մայիս 1, 2025

Ուղղափառ եկեղեցւոյ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը արժանացած է «Templeton» հեղինակաւոր ու պատուաբեր մրցանակին։ Այս իրադարձութիւնը արձագանգ գտած է միջազգային մամուլին մէջ՝ մինչ յունաց պատրիարքը յառաջիկայ սեպտեմբերին, Նիւ Եորքի մէջ պիտի ստանայ իր մրցանակը։

Հինգշաբթի, Մայիս 1, 2025

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

​Պատերազմը ահաւոր ու սարսափելի բան մըն է: Մէկ կողմէ կը պատճառէ մահ ու կոտորած, բայց նաեւ՝ վախ եւ ընկճուածութիւն: Շարժապատկերի վրայ պատերազմական ժապաւէններ դիտելը կրնայ դիւրին թուիլ, բայց պատերազմի մէջ ապրիլը ուրիշ բան մըն է:

Հինգշաբթի, Մայիս 1, 2025

Պոլսահայութիւնը կորսնցուց վարպետ մը. Տիգրան Թոփալեանի ոսպնեակը դարձած էր յիշողութեան գործօն:
Ոչ եւս է՝ թրքահայ արդի տարեգրութեանց բազում պահերը վաւերացուցած եւ անմահացուցած բազմավաստակ լուսանկարիչը:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 30, 2025

Երեւան-Տոհա առանցքին վրայ աշխոյժ քննարկումներ կը ծաւալուին բոլոր առաջնահերթ ուղղութիւններով:
Հայաստանի եւ Քաթարի միջեւ անվտանգութեան արժեւորման ծիրէն ներս Մերձաւոր Արեւելքը խոշորացոյցի տակ:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 30, 2025

ՆԱԹՕ-ի դաշնակից, ռազմավարական գործընկեր Թուրքիոյ եւ Իտալիոյ միջկառավարական գագաթաժողովը:
Անգարա եւ Հռոմ հետամուտ՝ Միջերկրականի անվտանգութեան, Եւրոպայի կայունութեան եւ Անդրատլանտեան կապերուն:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 30, 2025

Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ նորոգ վախճանեալ քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապը երէկ վերայուղարկաւորուեցաւ քաղաքիս մէջ։ Վախճանեալ պապի յուղարկաւորութեան յաջորդած իննօրեայ ժամանակաշրջանը Կաթոլիկ եկեղեցւոյ կողմէ պաշտօնապէս սուգի շրջան կը համարուի։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 30, 2025

ՎԱՐԴԱՆ Թ. ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ

Ֆրանսիսքոս Պապը անվախ պահանջատէրը եղաւ հաւատացեալին հոգեւոր եւ եկեղեցական իրաւունքներուն՝ մա՛նաւանդ անտեսուած հատուածին։ Ան մարդկութեան առջեւ, աւետարանական արդարութեան եւ գործնական եղբայրսիրութեան առաքեալը եղաւ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 30, 2025

Վրաստանի նախագահը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընունուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ:
Քաւելաշվիլի Նորին Սրբութիւնը վստահեցուց, թէ Թիֆլիզ պիտի շարունակէ աշխատիլ տարածաշրջանային խաղաղութեան համար:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 30, 2025

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Տէր եւ տիկին դարձեալ բժիշկի մօտ ենք։ Իրականութիւն է, թէ որչափ «տարիքդ առնես», այդքան ալ բժիշկներդ կը շատնան։ Ամէն օր մարմինդ «տեղէ» մը քեզի «ձայն» կու տայ եւ այս ձեւով տարիքդ քեզի իր «ներկայութիւնը» կը զգացնէ։

Էջեր