Արխիւ
Թորինոյի մէջ ԵԽ-ի ժողով. «Այսօր մենք ականատես կ՚ըլլանք անվտանգութեան ճարտարապետութեան վերահաս անկման, ինչ որ չէ սկսած վերջին քանի մը ամիսներուն»:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան. «ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութիւնը առանցքային դեր ունի խաղաղ գործընթացը յառաջ մղելու հարցին մէջ»:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, երէկ Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ «Տարիւլաճէզէ»ի նոր համալիրի հիմնարկէքի արարողութիւնը։ Սա պիտի ըլլայ ընդարձակ համալիր մը՝ քաղաքի համազօր։
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրներուն առընչութեամբ:
«Առկայ խնդիրներու արժանապատիւ լուծումները պէտք է փնտռուին բացառապէս համընդհանուր կամքի արտայայտման ու համախոհութեան մէջ՝ առաջնային նկատելով ազգային ու պետական շահը»:
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը (ԳՀԽ), նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, անդրադառնալով 44-օրեայ աղէտալի պատերազմէն յետոյ Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրներուն, աշխարհաքաղաքական եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն, կ՚արձանագրէ՝
- Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը շարունակեն իրենց դատապարտելի թշնամական վերաբերմունքը Հայաստանի, Արցախի եւ հայ ժողովուրդի դէմ։
«Աւանդական» պարախումբի անդամները վերջին օրերուն մէկտեղուեցան Գարակէօզեանի համալիրէն ներս։ Դպրոցի «Ձմրան պարտէզ»ին մէջ կազմակերպուած հաւաքոյթը առիթ դարձաւ, որպէսզի խումբի անդամները իրարու հետ կարօտ յագեցնեն եւ յառաջիկայ ամրան վերաբերեալ ծրագիրները քննարկեն։
Միրզոյեան-Պորել հանդիպում՝ ԵՄ-Հայաստան գործընկերութեան խորհուրդի ժողովին զուգահեռ:
Երեւանի ղեկավարութիւնը կը կարեւորէ միջազգային հանրութեան աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ արդէն հերթական անգամ ժամադրուած են Պրիւքսելի մէջ։ Այս շաբաթավերջին՝ մայիսի 22-ին Շարլ Միշել դարձեալ պիտի մէկտեղէ Նիկոլ Փաշինեանն ու Իլհամ Ալիեւը։
Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան մատնանշեց Հայաստանի եւ Արցախի դիմագրաւած մարտահրաւէրները:
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի 11-րդ գագաթաժողովը սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Գերմանիոյ մէջ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Առուշ Թաշն ու գործակից ընկերները։ Զրոյցի տեւողութեան խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ եկեղեցապատկան կալուածներու վերաբերեալ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի ներկայացուցիչները։ Խումբը գլխաւորեց Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, որ դպրաց դասու նախագահն է։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանն ու ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեանը։ Զրոյցի ընթացքին հիւրերը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր բացատրութիւններ տուին ներկայացուցչութեան հիմնադրութեան 20-ամեակին առթիւ նախատեսուած յոբելենական ձեռնարկին շուրջ։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Երբ դաշնամուրի համերգի մասին խօսինք, անմիջապէս մեր երեւակայութեան պաստառին վրայ կը պարզուի համերգասրահ մը եւ կամ ալ բացօթեայ վայր մը՝ ինչպիսին են Նիւ Եորքի կեդրոնական զբօսավայրը եւ Լոս Անճելըսի «Hollywood Bowl»ը։
ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԷՐՈՒԻՇԷՆ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Սրճարան մը,
Դուն՝ օրաթերթին հետ նստած:
Ո՛չ, առանձին չես:
Բաժակիդ կէսը պարապ է,
Արեւը կը լեցնէ երկրորդ կէսը անոր...
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
«Եթէ կրնաս սիրտ ու ջիղեր ու մկան
Մաշումէն ետք նորէն լարել անդադար»:
Մեր մէջ ո՞վ է այն մարդը, որ անգամուան մը համար չէ ուզած ապրիլ ու յուսահատ, յոգնած ամէն բանէ ուզած է առյաւէտ հեռանալ. ո՞վ է այն մարդը, որուն սիրտը անգամուան մը համար չէ արիւնած, չէ վիրաւորուած կամ կոտրուած. կա՞յ մարդ, որուն ջիղերը երբեւէ յոգնած չըլլան ու մկանները պրկուած:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Վարագոյրը իջաւ Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն վրայ: Պաշտօնական արդիւնքները հրապարակուած են արդէն եւ խորհրդարանի համապատկերը պարզուած:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան այս առաւօտ բարձր արարողակարգով դիմաւորեց Լիթվանիոյ նախագահ Կիթանաս Նաուսետան, որ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու Նիւ Եորքի մէջ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին շուրջ։ Իր խօսքով՝ Երեւանի ղեկավարութիւնը երկրէն ներս արմատականներու, իսկ երկրէն դուրս սփիւռքի կողմէ ճնշման տակ է։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ու սահմանագծման վերաբերեալ հանդիպումը ներկայ շաբթուայ առաջին երկու օրերուն նախատեսուած էր Մոսկուայի մէջ, սակայն տեղի չունեցաւ։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Քննարկումներու ընթացքին, հասկնալիօրէն, առաջնահերթութիւն ցուցաբերուած է Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին նկատմամբ։
«Ոստիկանները կը ձերբակալեն նաեւ մայթերէն անցնող անձեր, որոնք հաւաքի մասնակից չեն»:
Հայաստանի ընդդիմութեան համոզմամբ՝ հայ ժողովուրդը Փաշինեանին լիազօրութիւն չէ տուած Արցախը զիջելու համար: