Արխիւ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2021

Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ փակ քննարկում մը՝ Ատրպէյճանի հետ շփման գծի առկայ վիճակին, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու միջեւ սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացին շուրջ։ Խորհրդարանական դռնփակ լսումներէն վերջ, հրատապ բնոյթով քննարկումներուն կապակցութեամբ յայտարարութիւնով մը հանդէս գալու համար համաձայնութիւն չգոյացաւ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2021

Նախագահ Արմէն Սարգսեանի ուղեւորութիւնը՝ նոր մեկնարկ մը Երեւան-Ռիատ առանցքին վրայ:
Հայաստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ փոխյարաբերութիւններու հաստատման առումով լուրջ անկիւնադարձ մը:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2021

Անգարա Երեւանէն անկեղծ կամք կ՚ակնկալէ Պաքուի հետ առկայ հարցերու լուծման ուղղութեամբ:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան. «Այս տարածքաշրջանին մէջ խաղաղ, փայլուն ապագայ մը հնարաւոր է»:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2021

Երէկ, Պէյրութի մէջ, Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աուն ընդունեց կաթողիկէ հայոց նորընտիր Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-պատրիարքը։ Հանդիպման ընթացքին ան շեշտեց, որ Լիբանանի հայ կաթոլիկները պատրաստ են միշտ ծառայելու իրենց երկրին։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2021

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ հոկտեմբերի 10-ին, Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ ձեռնադրուած 25 նոր սարկաւագները։ Վեհարանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ներկայ էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան եւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2021

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ շփումներ ունեցաւ Տիարպաքըրի մէջ։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այցելեց տեղւոյն Ս. Կիրակոս եկեղեցին, որու վերանորոգութեան աշխատանքները ընթացքի մէջ են։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2021

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու վաքըֆներու առկախեալ ընտրութիւններու խնդիրը այս շրջանին դարձեալ գետի նման վարարած է օրակարգի վրայ։ Թէեւ փոքրամասնութիւններուն տեսակէտէ հրատապ բնոյթ ունի այս հարցը եւ երկար ժամանակէ ի վեր առաջնահերթութիւն դարձած է, սակայն, լուծման ճանապարհին վրայ բեկումի մը արձանագրումը կախում ունի պետական պատկան մարմիններէն։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2021

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

​Մի՛ դատեր, որ չդատուիս:
Ուրիշի սխալները նշմարելը, դիմացինը մեղադրելը, դատապարտելը դիւրին է, իսկ սեփական հոգիի խորքը ընկղմիլը՝ բաւական բարդ: Կը գերադասենք կոյր մնալ սեփական անձի, սխալներու նկատմամբ:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2021

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Աստուածաշունչի մէջ իւրաքանչիւր դրուագ եւ պատմութիւն ընթերցողին կողմէ ունի տարբեր հասկացողութիւն եւ ընկալում: Իւրաքանչիւր անհատ կը հասկնայ եւ կ՚ընկալէ՝ մեկնելով իր մտաւոր, բայց նաեւ ապրած ընտանեկան, ազգային, ընկերային-մշակութային ու պատմական ենթահողերէն եւ իրավիճակներէն:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վերջերս ծանօթի մը երբ հանդիպեցայ, սովորական դարձած հարցադրումներէն ետք անցանք երկրի տիրող վիճակին մասին խօսելու: Անդրադառնալէ ետք օր օրի ծանրացող վիճակին, ինչպէս նաեւ «ապագայ»ի մասին որոշ մարդոց «վառ» երեւակայութեան եւ խանդավառութեան անտրամաբանութեան, ծանօթս ի վերջոյ հետեւեալ արտայայտութիւնը ունեցաւ.

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայրենիքի մէջ բնակութիւն հաստատելուս եղաւ աւելի քան երկու տարի, սակայն մինչեւ օրս երբ փաստաթուղթերու կամ անձնական գործերու համար այս կամ այն կազմակերպութեան, մի՛նչեւ իսկ կառավարական գրասենեակներու հետ գործ ունենամ, մի՛շտ նոյն հարցումներուն դէմ հանդիման կը գտնեմ անձս.-

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2021

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ասկէ ետք կը ճառէ հրեաներու անհաւատութիւնն ու խստութիւնը.
Խօսք. «Բազմաթիւ հրաշքներ գործած էր անոնց դիմաց» (Յհ 12.37):

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ներկայիս կը հանդիպինք բազմաթիւ ծնողներու, որոնք իրենց մանուկը «հանդարտեցնելու» եւ որոշ չափով իրենք եւս հանգստանալու համար մանուկները կը նստեցնեն մանկական ժապաւէններու (cartoon) դիմաց. այս մէկը պատճառ կ՚ըլլայ, որ մայրեր մտածեն, որ այդ մէկը պարզապէս ժամանց մըն է մանուկին համար՝ առանց անդրադառնալու, որ այդ ժապաւէնը իր դերն ու մասը ունի մանուկի հոգեբանական զարգացման մէջ:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2021

Պատմաբան Սեւան Նշանեան Յունաստանի կողմէ անբաղձալի անձ հռչակուեցաւ։ 2017 թուականին, Ֆոչայի բաց կալանավայրէն խոյս տալով ան ապաստանած էր Եգէականի Սամոս կղզին։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2021

«Արմէնփրէս» գործակալութեան եւ Երեւանի Պետական համալսարանին միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ համագործակցութեան յուշագիր մը։ Փաստաթուղթը ստորագրեցին գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեան եւ համալսարանի վերատեսուչի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Յովհաննէս Յովհաննիսեան։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2021

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այսօր միօրեայ այցելութիւն մը կու տայ Ատրպէյճան՝ իր պաշտօնակցին՝ Իլհամ Ալիեւի հրաւէրին ընդառաջ։ Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ սա դէպի Ատրպէյճան Էրտողանի հերթական այցելութիւններէն մին է, որու ծրագիրը չ՚ընդգրկեր մայրաքաղաք Պաքուն։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2021

«Մտքերու հայկական գագաթաժողով»ը շաբաթավերջին երրորդ անգամ կազմակերպուեցաւ Դիլիջանի մէջ:
Կեդրոնական դրամատան նախագահ Գալստեան. «Հայաստան կրնայ տուն մը դառնալ բազմաթիւ նորարարութիւններու համար»:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2021

Հայաստանի Ազգային ժողովը փակ նիստով մը պիտի քննարկէ Ատրպէյճանի հետ սահմանի առկայ վիճակը:
Ըստ որոշ հաղորդումներու, Մոսկուայի մէջ նախատեսուած է Փաշինեան-Փութին-Ալիեւ նոր գագաթաժողով մը:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2021

Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը այս օրերուն հովուապետական այցելութիւն մը կու տայ դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Ուղեւորութեան ծրագրի առանցքային փուլերը նախատեսուած են Ուաշինկթընի մէջ, ուր Յունաց Պատրիարքը ժամադրուած է ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտընի, պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի, Թուրքիոյ եւ Յունաստանի դեսպաններուն եւ այլ յառաջատար դէմքերու հետ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2021

Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան նախագահ տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի ջանքերով վերջերս հրատարակուած է նոր սերունդին ուղղեալ Ս. Գիրք մը։ «Մանուկներու բացատրական Աստուածաշունչ» կը կոչուի այս հատորը, որ որակաւոր հրատարակութիւն մըն է։

Էջեր