Արխիւ

Ուրբաթ, Մարտ 21, 2025

Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ քահանայապետ Տ.Տ. Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի գահակալութեան 12-րդ տարեդարձը երէկ քաղաքիս մէջ նշուեցաւ՝ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներու մասնակցութեամբ

Ուրբաթ, Մարտ 21, 2025

Կեդրոնական վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս այցելեցին Աթէնք։ 31 աշակերտէ բաղկացեալ խումբին ուղեկցեցաւ դպրոցի ուսուցչական կազմէն երեք կրթական մշակ, ինչպէս նաեւ Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան։

Ուրբաթ, Մարտ 21, 2025

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ վերապատրաստման դասընթացքներու մասնակցած հոգեւորականներու հերթական խումբը։

Հինգշաբթի, Մարտ 20, 2025

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Երեւան-Անգարա երկխօսութեան գործընթացի հայկական կողմի պատուիրակը յայտարարած է, թէ պատճառ չկայ, որ Հայաստանն ու Թուրքիան չհաստատեն դիւանագիտական յարաբերութիւններ եւ սահմանները չբանան:

Հինգշաբթի, Մարտ 20, 2025

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Դեռ նախակրթարանի տարիներուն մեզի դպրոցին մէջ սորվեցուցած էին, որ «քեռի» կայ եւ կայ «գերի»... մօրեղբայր մը ունենալուս իրողութիւնը նկատի ունենալով՝ լրիւ հասկցած էի, թէ ով է առաջին «քեռի»ն, որ Հալէպի մէջ մեծ մասամբ այլ կերպ ալ կը կանչուէր... այո՜, «քեռի»ն իմ գիտցած մամայիս եղբայրը՝ տայտայն էր։

Հինգշաբթի, Մարտ 20, 2025

Երեւանի անվերապահ պատրաստակամութեան եւ Պաքուի յամառ չկամութեան պայմաններով անյաղթահարելի տիլեման:
Փաշինեան Ալիեւին կ՚առաջարկէ խորհրդակցութիւններու սկսիլ՝ խաղաղութեան պայմանագրի համաձայնեցուած նախագծի ստորագրման շուրջ:

Հինգշաբթի, Մարտ 20, 2025

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ պարգեւատրուեցաւ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ Քիրիլ Ա. Պատրիարքին կողմէ։ Ռուսաց պատրիարքը Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին շնորհեց «Մոսկուայի Միտրոպոլիտ Սուրբ Ալեքսի» առաջին կարգի շքանշանը։

Հինգշաբթի, Մարտ 20, 2025

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Գործելու եւ գործելու միջեւ երբեմն շա՜տ մեծ տարբերութիւն կ՚ըլլայ եւ այնքա՜ն մեծ կ՚ըլլայ այդ տարբերութիւնը, որ նոյնիսկ կատարուած նոյն գործը տարբեր երկու անհատներու կողմէ, կրնայ ամբողջութեամբ իրարու հակասող արդիւնք եւ ազդեցութիւն գործէ թէ՛ անհատներուն եւ թէ միջավայրին վրայ:

Հինգշաբթի, Մարտ 20, 2025

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Շուտով գարունը լիիրաւ կը տիրէ հայոց լեռներու եւ դաշտերու վրայ՝ մանաւանդ մեծ քաղաքներէն հեռու գտնուող պատմական վայրերը կրկին կը կանչեն իրենց խորհրդաւորութեամբ։ 

Հինգշաբթի, Մարտ 20, 2025

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

«Բանաստեղծութեան իշխան» Վահան Թէքէեան գրեթէ մասնակցած է կիրակնօրեայ մեր ընտանեկան բոլոր հաւաքոյթներուն ճաշէն ետք։ Ծնողքս երկուքն ալ Թէքէեանի երկրպագուներ… Հայրս ո՛չ միայն Թէքէեան բանաստեղծը իր գիրքերով ճանչցած՝ այլեւ աշակերտած էր անոր Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ։

Հինգշաբթի, Մարտ 20, 2025

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Յաճախ կը խօսուի, որ ներկայ ժամանակաշրջանը բարոյականութենէ, արժէքներէ եւ սկզբունքներէ զուրկ ժամանակաշրջան մըն է, որ մարդս կ՚ապրի, առանց յարգելու որեւէ մէկ սրբութիւն, սկզբունք կամ բարոյականութիւն:

Հինգշաբթի, Մարտ 20, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Եկեղեցին ունի բազմաթիւ զանազան սովորութիւններ, վարժութիւններ՝ որոնք անդրադարձման առիթներ կը ներկայացնեն հաւատացեալներու, ուշադրութիւն դարձնելու սովորական աշխարհային կեանքէն՝ դէպի հոգեւոր ճշմարտութիւններու։

Հինգշաբթի, Մարտ 20, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայ գրականութեան մէջ յոռետեսները բազմաթիւ են. յոռետես են անոնք՝ որոնք երբեք չկրցան տեսնել այն Հայաստանն ու հայութիւնը, որուն երազը տասնամեակներ շարունակ հիւսեցին. անոնք յոռետե՞ս ծնան, թէ ոչ յոռետես դարձան։ Հայ մտաւորականներէն Եղիա Տէմիրճիպաշեան 9 մարտ 1893 թուականին գրած իր մէկ յօդուածին մէջ կ՚ըսէ. «յոռետես» եմ, «յոռետես» եղայ»։

Չորեքշաբթի, Մարտ 19, 2025

Կիպրական հիմնախնդրին շուրջ կազմակերպուած են ընդլայնուած ձեւաչափով անպաշտօն ժողովներ:
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան տեսակցեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ:

Չորեքշաբթի, Մարտ 19, 2025

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Սա իրենց երկրորդ զրոյցն էր, որ տեւեց երկուքուկէս ժամ։ Պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ շփումը եղած է ծաւալուն եւ արդիւնաւէտ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 19, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Անպէտ, անիմաստ եւ անհիմն աւանդութիւններուն կառչած մնալու ջանքերը մարդիկը կը տանին նախապաշարումի։ Նախապաշարեալ մարդիկ կը յաւակնին ինքնավստահ ցոյց տալ իրենց գիտցածը եւ շրջանակին։

Չորեքշաբթի, Մարտ 19, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մենք ալ կ՚ուզէինք մտաւորականին պէս լաւատեսութեամբ նայիլ մեր հայկական սփիւռքին. մենք ալ կ՚ուզէինք եւ հազա՜ր երանի կու տայինք, որ ունենանք նոր սերունդ մը, որ իրապէս շատ աւելի հայրենասէր է քան նախկին սերունդները, սակայն պատկերը այդ մէկը չի ներկայացներ: 

Չորեքշաբթի, Մարտ 19, 2025

ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԱՐՈՒԻՇ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

-Կորսուած դրա՞խտ մըն է [Պաղեստինը]:
Ուշադիր եղիր այս եզրոյթէն. որովհետեւ ատոր հանդէպ համոզումը եւ ընդունումը՝ իրաւական եւ գոյաբանականօրէն, հասած է իր վերջնական սահմանին:

Չորեքշաբթի, Մարտ 19, 2025

ԳԷՈՐԳ ՊԵ­ՏԻ­ԿԵԱՆ

մեր մե­ծե­րը մե­ծեր էին
բա­ցուած գիր­քի նման
սէր ու յար­գանք սնու­ցա­նող
բա­ռե­րով մտա­ծում­ներ սահ­մա­նող
հա­ւատք ու կամք նե­րար­կող
գիր ու լե­զու սեր­մա­նող

Չորեքշաբթի, Մարտ 19, 2025

Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս ոստումի ենթագետին:
Առաջնորդարանի համալիրը պիտի ընդարձակուի երկու յարկով, Կլենտէյլի մէջ ալ նոր մասնաշէնք մը պիտի կառուցուի:

Էջեր