Արխիւ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան երէկ հիւրընկալեց «Հայկեան» մրցանակաբաշխութեան դափնեկիրները։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Մայրավանքի տարածքէն ներս, «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի դահլիճի երդիքին տակ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վերջերս, Թէքէեան մշակութային միութեան Հայաստանի մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ներկայացումը ամերիկաբնակ յայտնի հասարակական գործիչ, հրապարակախօս՝ Երուանդ Ազատեանի «Ազգային-քաղաքական յորձանուտի մէջ» Ա. գիրքին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Սիրելի՛ Գ. Իփէկեան,
Թէեւ 71 տարուայ ուշացումով, առիթը ունեցայ ընթերցելու «Ազդակ»ի կիրակի, 1 յունուար 1950 թուականի «Ի՞նչ կ՚ընենք հայապահպանման համար» խորագրեալ ձեր յօդուածը, ուր 20-րդ դարակիսուն ինքնաքննութեան կը հրաւիրէիք ազգը՝ խորհրդածելու հայապահպանման համար մեր բոլոր ըրածներուն եւ չըրածներուն մասին:
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խօսք. «Մօտ էր հրեաներուն Զատիկը» (Յհ 11.49):
Մեկնութիւն. Զատիկը ազատութիւն կը լսուի, իսկ Պասքայն՝ անցում:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան նախընթաց օր հիւրընկալեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանը։ Ինչպէս ծանօթ է, նախագահ Սարգսեան ի պաշտօնէ կը գլխաւորէ հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդը։
Քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեան վերջերս միջազգային մրցոյթի մը մասնակցեցաւ Հնդկաստանի մէջ։ Այս մրցոյթի արդիւնքով ան նուաճեց առաջնութեան մրցանակը։
ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան միջկառավարական հարթակը (IPCC) ահազանգային տեղեկագիր մը հրապարակեց, ինչ որ լայն արձագանգ գտաւ միջազգային օրակարգի վրայ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնէն ներս հրապարակուեցաւ այս տեղեկագիրը, որ իր նմաններու շարքին վեցերորդն է։
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, որ ներկայիս ընդդիմադիր «Հայ ազգային քոնկրէս» կուսակցութեան առաջնորդն է, նախընթաց օր, Երեւանի իր առանձնատան մէջ հիւրընկալեց Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը։ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի բանբերը՝ Արման Մուսինեան տեղեկացուց, որ հանդիպումը տեւած է շուրջ մէկուկէս ժամ։
Հայաստանի Սահմանադրական ատեանը նախընթաց օր շարք մը կարեւոր վճիռներ արձակեց՝ վերջին շրջանին երկրի օրէնսդիր մարմնին կողմէ ընդունուած շարք մը օրէնքներու կապակցութեամբ։ Այսպէս, Բարձրագոյն դատարանի կողմէ Սահմանադրութեան ներհակ նկատուեցան շարք մը օրէնքներ, որոնց կարգին կը գտնուի նաեւ բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան մասին ընդունուած նոր օրէնքը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ջրային փոլոյի կանանց խումբը ոսկէ մետայլ նուաճեց Թոքիոյի մէջ կազմակերպուած ամառնային ողիմպիականներուն։ Այս երեւոյթը ամերիկահայութեան տեսակէտէ ունեցաւ բացառիկ նշանակութիւն, որովհետեւ ողիմպիականներու ոսկէ մետայլ նուաճած խումբի մարզիչն էր հայազգի Էտըմ Գրիգորեան։
Համակարգի հաստատման զուգահեռ կը նախատեսուի նաեւ կարգ մը նոր տուրքերու սահմանումը:
Քննարկումներ. «Առողջապահութեան ապահովագրութիւնը Հայաստանի մէջ. իրաւական կարգաւորումները եւ գործնական կիրառումը»:
Հայաստանի մէջ առաջին անգամ շրջանառութեան դրուեցաւ տեսաձայնային դրոշմաթուղթ մը:
Հայկական երաժշտական աշխարհի հսկաներէն Առնօ Բաբաջանեանի 100-ամեակին ձօնուած է նախաձեռնութիւնը: Երեւանի «Կոմիտաս» սենեկային երաժշտութեան տան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ կնքման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը այսօր կը ժամանէ Երեւան, ուր կ՚իրականացնէ երկօրեայ շփումներ։
«Ատրպէյճան որեւէ ձեւով պէտք չէ նոյնիսկ մտածէ ներթափանցել Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը»:
Նախարար Արշակ Կարապետեան շաբաթավերջին Տաւուշի մարզ կատարած այցի ընթացքին հրահանգեց կասեցնել փորձերը:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Մարդիկ դարեր առաջ հեռաւոր վայրերէ իրարու հետ հաղորդակցելու համար գործածած են սուլոցը, որ կարգ մը վայրերու մէջ զարգանալով՝ վերածուած է սուլալեզուի (whistled language):
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Յակոբ Կարապենց (Կարապետեան - 1925-1994) ամերիկահայ գրականութեան մէջ սիրելի ներկայութիւն մը: Նրբաճաշակ, վաւերական արձակագիր, հրապարագիր, մտաւորական եւ սիրելի վիպագիրը, որուն լեզուն իր կեանքի արտացոլումն է, հարազատ եւ արդար:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ճիշդ քսան տարուան ռազմական «կուռ» ներկայութենէն ետք, Ամերիկայի Միացեալ Նահագները անցեալ տարուան դեկտեմբերին սկսաւ խօսիլ Աֆղանիստանէն իր ուժերու հեռացման հեռանկարներուն մասին։
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
Երբ դեռ դպրոցական էինք, ու մեզի կը յանձնարարուէր կարդալ սա կամ նա անգլերէն բանաստեղծութիւնը, երբեք չէինք մտահոգուեր, երբ չհասկնայինք զայն: Կը բաւէր, որ պահ մը մտնէինք «Կուկլ», գտնէինք վերլուծական յօդուած մը ու պարզապէս կարդայինք:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Հին յոյն փիլիսոփաներէն Էփիքթեթոս, որ իր փիլիսոփայութեան մէջ կ՚ընդգրկէ գործնական իմաստութիւնը, ստոյիկ փիլիսոփաներէն է, որ ապրած է Յ.Ք. 50-130 թուականներուն։ Էփիքթեթոս կը փնտռէ «Ո՞րն է լաւ կեանքը» հարցման պատասխանը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Շատ անգամ այն մտածումը կ՚ունենամ, որ այլեւս չգրեմ... որ այլեւս չգրենք եւ անխօս ու անաղմուկ մեկուսանանք՝ ազգը հանգիստ ձգելով իր հոգեվարքին մէջ: Չգրենք՝ որպէսզի սին յոյսեր ունենալով աւելիով չհիասթափուինք, եւ այսպէս հեռուէն զննենք անոր դէպի անդունդ գացող յամառ քայլերը: