Արխիւ

Երկուշաբթի, Մայիս 26, 2025

Գատըգիւղի ընտանիքը շաբաթավերջին Արամեան-Ունճեան վարժարանի շրջանաւարտից օրուան առթիւ համախմբուեցաւ՝ բարձր տրամադրութեամբ։

Երկուշաբթի, Մայիս 26, 2025

Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը շաբաթավերջին շրջանաւարտից տարեկան հաւաքին առթիւ բացառիկ խանդավառութիւն ապրեցաւ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Դպրեվանքի ընտանիքի վարիչները յարգանքի այցելութիւն մը տուին Շիշլիի գերեզմանատան Պատրիարքներու բաժանմունքը, ուր խոնարհեցան հաստատութեան նախկին վանահայրերու յիշատակին առջեւ։

Երկուշաբթի, Մայիս 26, 2025

Էսաեանի ընտանիքը շաբաթավերջին բացառիկ ոգեւորութեան մէջ էր՝ շրջանաւարտներու բաժակի օրուան առթիւ։ Վարժարանի հիմնադրութեան 130-ամեակի յոբելենական շրջանին զուգադիպեցաւ այս հաւաքը, որ բնորոշուեցաւ արտակարգօրէն բարձր տրամադրութեամբ։

Երկուշաբթի, Մայիս 26, 2025

Մեր համայնքի կրթական մշակներէն Լենա Չաքըր, Մելիսա Ինկիլիզօղլու եւ Արփէն Չընար, որոնք Էսաեան եւ Թարգմանչաց վարժարաններուն մէջ կը պաշտօնավարեն, վերջերս Գերմանիա այցելեցին՝ միջազգային ծրագրի մը մասնակցելու համար։

Երկուշաբթի, Մայիս 26, 2025

«Արաս» հրատարակչատունը լոյս ընծայած է սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Գրիգոր Պըլտեանի կողմէ հեղինակուած «Ընդառաջում» գիրքին, որ հրատարակուած է Խաչիկ Աբէլեանի աջակցութեամբ։ Այս գիրքը առաջին անգամ սահմանափակ տպաքանակով Երեւանի մէջ հրատարակուած է 2019 թուականին։

Երկուշաբթի, Մայիս 26, 2025

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր հովանաւորութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ պարգեւաբաշխման հանդիսութիւն մը։

Երկուշաբթի, Մայիս 26, 2025

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այսօր մեկնած է Զուիցերիա, ուր մայրաքաղաք Պեռնի մէջ կը մասնակցի՝ «Կրօնական ազատութիւն. հայկական հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան պահպանումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ» խորագրեալ միջազգային համաժողովի մը։

Շաբաթ, Մայիս 24, 2025

Մոնրէալի «Ալեք Մանուկեան» վարժարանի հիմնադրութեան 55-ամեակին առթիւ յոբելենական ձեռնարկ:
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Սեմ Սիմոնեան այցելեց Գանատա:

Շաբաթ, Մայիս 24, 2025

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը իրականացնել հնարաւոր կ՚ըլլայ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման, նաեւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման պարագային։

Շաբաթ, Մայիս 24, 2025

Երեւանի ղեկավարութիւնը յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի հիւրընկալէ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարրոն, որ երկուշաբթի պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Հայաստան։​

Շաբաթ, Մայիս 24, 2025

Այս երկուշաբթի պիտի սկսի՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Երեւանեան երկխօսութիւն» միջազգային համաժողովը։ Այս տարի արդէն երկրորդ անգամ հայկական դիւանագիտութիւնը հանդէս կու գայ նման նախաձեռնութեամբ մը։​

Շաբաթ, Մայիս 24, 2025

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պէզճեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Եդուարդ Եըլտըրըմն ու գործակից ընկերները։​

Շաբաթ, Մայիս 24, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

​Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի (1346-1409 թթ.), «Ոսկեփորիկ»ի մէջ (1401 թ.) «Վկայութիւններ Համագոյ եւ Զուգապատիւ Սուրբ Երրորդութեան եւ նոյնագործ Արարչութեան մասին» խորագրով կը գրէ.

Շաբաթ, Մայիս 24, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Բոլորս ալ կը տանջուինք, կը պայքարինք, մեր անձերը կը հիւծենք, որպէսզի ձեռք ձգենք աշխարհի ամենէն խաբուսիկ, ամենէն վտանգաւոր ու անիմաստ ստեղծագործութիւնը՝ դրամը. հաւատքի մարմնացում մը, որ կը դառնայ նաեւ մարդկային արժէքներու գերիշխան տիրակալը:

Շաբաթ, Մայիս 24, 2025

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Եւրոպա յարաբերութիւնները անցած են շատ մը փուլերէ, իսկ 20-րդ դարու համաշխարհային երկու պատերազմները ուրուագծած են այդ յարաբերութիւններու բնոյթը եւ հասցուցած են զանոնք ներկայի իրավիճակին։

Շաբաթ, Մայիս 24, 2025

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Բազմաթիւ վերլուծաբաններու կարծիքով՝ Հայաստան վճռական քայլերով կ՚ընթանայ դէպի 2026-ի ընտրութիւնները։ Անոնց շարքին է Լիլիթ Տալլաքեան։ Ուստի, այս օրերուն լսելի հիմնական հարցադրումներէն մին կապ ունի երկրի ներքին քաղաքական կեանքի յառաջիկայ հաւանական իրադարձութիւններուն հետ։

Շաբաթ, Մայիս 24, 2025

Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ​

Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի ներկայացնենք թերթիս երբեմնի յօդուածագիրներէն, պոլսահայ գրող, արձակագիր, բանաստեղծ, քրոնիկագիր եւ թարգմանիչ՝ Երուանդ Կոպէլեանի կեանքն ու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր գրութիւններէն փունջ մը:

Շաբաթ, Մայիս 24, 2025

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը վերջերս վեհարանի մէջ մէկտեղուեցաւ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէ ներս վերապատրաստման դասընթացքներուն մասնակցած հոգեւորականաց հերթական խումբի անդամներուն հետ։

Շաբաթ, Մայիս 24, 2025

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը երէկ արձագանգեց Կովկասի մահմետականներու վարչութեան նախագահի նախօրէի յայտարարութիւններուն։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ հրապարակուած յայտարարութիւնը։

Շաբաթ, Մայիս 24, 2025

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սեբաստահայոց հայրենակցական միութեան վարչայինները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մուրատ Եէօնքէսէրի։​

Էջեր