Արխիւ

Շաբաթ, Օգոստոս 4, 2018

Ըստ Դաւիթ Տօնոյեանի, Ատրպէյճանի բոլոր ոտնձգութիւնները կը չէզոքացուին անմիջապէս:
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարը երէկ զրուցեց մամլոյ ներկայացուցիչներու հետ:

Շաբաթ, Օգոստոս 4, 2018

ՏՔԹ. ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Սրտականգառ (Cardiac Arrest) կը նշանակէ՝ սրտի աշխատանքի, այլ խօսքով՝ բաբախումի անակնկալ կանգ-դադար: Սիրտը կը դադրի բաբախելէ եւ գործելէ:

Շաբաթ, Օգոստոս 4, 2018

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը ֆրանսահայ ուխտաւորներ։ Մայրավանքէ ներս, «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդիպումը։

Շաբաթ, Օգոստոս 4, 2018

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանէն սաներ ամրան արձակուրդի շրջանին մեկնեցան Երեւան, ուր ԹՈՒՄՕ ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնէն ներս մասնակցեցան ամրան ճամբարին։ Սա դպրոցի սաներուն տեսակէտէ եզակի հնարաւորութիւն մըն էր, որովհետեւ անոնք համախմբուեցան աշխարհի զանազան անկիւններէն փութացած հարիւրաւոր պատանիներու հետ։

Շաբաթ, Օգոստոս 4, 2018

Աշխատասիրեց՝
Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

7.- Ո­րոշ դա­սեր, ո­րոնք կա­րե­լի է քա­ղել ե­լից ԺԴ. գլխուն մէջ նկա­րագ­րուած դէպ­քե­րէն
ա.- Երբ Աս­տուած մեզ դժուա­րու­թեան մը կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ, Ան նաեւ մե­զի կը հայ­թայ­թէ ան­կէ յաղ­թա­կան դուրս գա­լու մի­ջոց­ներ։

Շաբաթ, Օգոստոս 4, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

5 մայիս 1892 թուականին, Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ, «ընտրութեամբ ազգիս»՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսական գահ կը բարձրանար Մկրտիչ Արք. Խրիմեան՝ որ 1873 թուականին Պոլսոյ պատրիարքութենէ հրաժարած էր, երբ 1869 թուականին գահ բարձրացած էր։ Իր նախորդն էր Իգնատիոս Ա Քաքմաճեան, որ վախճանած էր արդէն 1869-ին։

Շաբաթ, Օգոստոս 4, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Սու­րիա­հա­յե­րու նոր ճա­կա­տա­գի­րը Սու­րիոյ մէջ ա­նո­րոշ, Սու­րիա­յէն հե­ռու վտան­գուած... 
Սու­րիոյ մէջ մնա­ցած հա­յե­րուն վի­ճա­կը մխի­թա­րա­կան չէ։

Շաբաթ, Օգոստոս 4, 2018

60-ական թուականներու ամենացանկայարոյց դերասանուհին Պրիժիտ Պարտօ վերջերս այցելեց Էլիզէի պալատը, ուր զինք դիմաւորեց Ֆրանսայի Առաջին տիկին Պրիժիտ Մաքրոն:

Ուրբաթ, Օգոստոս 3, 2018

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան յառաջիկայ շաբաթ պիտի այցելէ Փարիզ։ Կը հաղորդուի, որ 9 օգոստոսին ան Փարիզի հայկական դեսպանատան մէջ պիտի մասնակցի բաց հանդիպումի մը ու պիտի պատասխանէ ներկաներու հարցումներուն։

Ուրբաթ, Օգոստոս 3, 2018

Ռուս պաշտպանութեան փոխ-նախարարը այցելեց Երեւան եւ հիւրընկալուեցաւ բարձր մակարդակով:
Նախարար Դաւիթ Տօնոյեան եւ Ալեքսանտր Ֆոմին անդրադարձան Արցախ-Ատրպէյճան շփման գծի եւ պետական սահմանի վիճակին, նաեւ կարծիքներ փոխանակեցին տարածքաշրջանային ու միջազգային ռազմաքաղաքական կացութեան շուրջ: Օրակարգի վրայ եկան նաեւ ռուսական ռազմակայանի գործունէութեան վերաբերեալ հարցեր:

Ուրբաթ, Օգոստոս 3, 2018

Հայաստան-Թուրքիա սահմանին վրայ ձերբակալուեցաւ սահմանախախտ մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի ռուս սահմանապահ զօրքերը ձերբակալեցին սահմանը խախտած անձ մը, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացի է։ Այս վերջինը ձերբակալուած է Կիւմրիի սահմանապահ ջոկատի տեսադաշտին մէջ՝ ճարտարագիտական-թեքնիկ միջոցները յաղթահարել փորձելու ժամանակ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 3, 2018

Թուրքիա-ԱՄՆ առկայ լարուած մթնոլորտի պայմաններով կարեւոր շփում:
Նախարարներ Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Մայք Փոմփէօ որոշեցին շարունակել երկխօսութիւնը:

Ուրբաթ, Օգոստոս 3, 2018

Համահայկական 8-րդ կրթական խորհրդաժողովը Երեւանի մէջ համախմբած է 24 երկրէ 120 կրթական մշակ, որոնց խօսք ուղղեց Արայիկ Յարութիւնեան:
Քառօրեայ ծրագիրը կը նախատեսէ դաստիարակչական հարցերու շուրջ բազմակողմանի քննարկումներ, որոնց կը մասնակցին նաեւ պոլսահայ ներկայացուցիչներ:

Ուրբաթ, Օգոստոս 3, 2018

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանի Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Մանէ Թանդիլեանը։ Վեհափառ Հայրապետը նախարարը շնորհաւորեց նշանակման առթիւ եւ փոխանցեց արդիւնաւէտ աշխատանքի իր բարեմաղթանքները։

Ուրբաթ, Օգոստոս 3, 2018

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց «Հին Թիֆլիզի հայոց Շամքորեցոց Սուրբ Աստուածածին եւ Սուրբ Մինաս եկեղեցիները (պատմութիւն եւ տարեգրութիւն)» խորագրեալ աշխատութիւնը, որու հեղինակն է Արմէն Ասատրեան։ Այս հրատարակութիւնը «Թիֆլիզի հայկական եկեղեցիները» շարքի երկրորդ գիրքն է՝ նուիրուած յիշեալ եկեղեցիներու պատմութեան։

Ուրբաթ, Օգոստոս 3, 2018

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Թիք-թաք, թիք-թաք փոքրիկ իշխանը կը քալեցնէ իր փայտեայ զինուորները: Մէյ մը աջ, մէյ մը ձախ, ետեւ, առջեւ...: Գետնի փետուրէ բազմոցին նստած կը խաղայ զուարթ դէմքով, պահ մը կը սողայ փայտեայ զինուորը հեռո՜ւն տանելով, ծունկերուն վրայ թաթիկ-թաթիկ կը դառնայ դղեակին իրեն յատկացուած այս դահլիճին փայտեայ յատակը սրբելով:

Ուրբաթ, Օգոստոս 3, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հայ մեծ գրող-երգիծաբան, հրապարակախօս Յակոբ Պարոնեան (1843-1891), իր ծննդավայր Ադրիանապոլիսի մէջ (=Էտիրնէ) նախնական կրթութիւնը ստանալէ յետոյ նախ կը դառնայ դեղագործի աշկերտ, ապա՝ հաշուապահ։ 1863-ին կը տեղափոխուի Պոլիս, ուր կը կատարէ տարբեր աշխատանքներ՝ միաժամանակ գործօն մասնակցութիւն բերելով «ՄԵՂՈՒ», «ԹԱՏՐՈՆ», «ԽԻԿԱՐ» եւ այլ թերթերու եւ պարբերականներու։

Ուրբաթ, Օգոստոս 3, 2018

Հայաստանէն Գուգարաց Թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան այսօր կը ժամանէ քաղաքս։ Ան հրաւիրուած է Գազար եւ Նալպանտղազարօղլու ընտանիքներուն կողմէ, որոնց թոռը՝ փոքրիկն Ռուպինան այս շաբաթավերջին պիտի մկրտուի Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 2, 2018

Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու ե­րէ­կուան հան­դիպ­ման կա­պակ­ցու­թեամբ այս ա­ռա­ւօտ մե­զի յայտ­նեց հե­տե­ւեա­լը. 
Ներ­կա­յիս մեր հիմ­նա­կան խնդիրն է հի­ւան­դա­նո­ցի հան­դի­պա­կաց եր­բեմն բան­ջա­րա­նո­ցի տա­րած­քի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի վե­րա­ձեռք­բե­րու­մը։ Ես եր­կար ժա­մա­նակ ա­ռաջ այս հար­ցը յանձ­նած էի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Պա­րոն Էր­տո­ղա­նի նկա­տառ­ման։ 

Հինգշաբթի, Օգոստոս 2, 2018

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւանց եւ ընդհանրապէս հիմնարար ազատութիւններու վերաբերեալ խնդիրները մշտապէս կը զբաղեցնեն Թուրքիոյ օրակարգը։ Երկար ժամանակէ ի վեր այս առումով բազմաբնոյթ խնդիրներ ցցուած են երկրին առջեւ։

Էջեր