ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՅ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Տարեմուտի առթիւ, Սուրբ Ծննդեան տօնին ընդառաջ, երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը կատարեց շարք մը հայրապետական այցելութիւններ։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետը Կոտայքի թեմէն ներս այցելեց Ծաղկաձորի ճամբարը, ուր ապաստանած են Արցախէն ընտանիքներ։ Հադրութէն տեղահանուած արցախցիները իջեւան գտած են այնտեղ։ Վեհափառ Հայրապետը իր զօրակցութիւնն ու օրհնութիւնը բերաւ անոնց եւ ընտանիքներուն հետ զրուցելու ժամանակ տեղեկացաւ իրենց ապագայ ծրագրերուն։ Ան Սուրբ Ծնունդի սեմին նուէրներ բաժնեց տարեցներուն եւ երեխաներուն։ Նորին Սրբութեան ընկերացան Կոտայքի թեմակալ առաջնորդ Տ. Առաքել Արք. Քարամեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վարչատնտեսական բաժնի վարիչ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։

Վեհափառ Հայրապետը երէկ այցելեց նաեւ «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնը, որ կը գործէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեան ներքեւ։ Հիւանդանոցի տնօրէն փրոֆ. Արմէն Չարչեանի ուղեկցութեամբ, Վեհափառ Հայրապետը այցելութիւններ շնորհեց այն վիրաւոր զինուորներուն, որոնք բուժում կը ստանան այնտեղ։ Նորին Սրբութիւնը օրհնութիւնն ու գնահատանքը բերաւ հայրենիքի պաշտպանութեան սրբազան առաքելութեան ընթացքին վիրաւորուած քաջորդիներուն համար եւ հետաքրքրուեցաւ անոնց ապաքինման ընթացքով, առկայ կարիքներով։ Բոլոր հիւանդասենեակները շրջելով՝ Վեհափառ Հայրապետը աղօթեց վիրաւորեալ զինուորներու շուտափոյթ ապաքինման համար։

Նոյնպէս երէկ, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Հայաստանի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած N զօրամասի մարտական դիրքերը։ Նորին Սրբութեան ընկերացաւ Հայաստանի Զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան։ Ան այս առթիւ իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները փոխանցեց սահմանապահ զինուորականներուն՝ մեծապէս արժեւորելով հայ զինուորի ու հրամանատարի անձնուէր եւ անմնացորդ ծառայութիւնը հայրենիքին համար։ Վեհափառ Հայրապետը ջերմ զրոյցի ընթացքին ընդգծեց, որ հայոց բանակը եղած է ու կը մնայ հիմնական երաշխաւորը անկախ պետականութեան պահպանութեան եւ հայրենաբնակ ժողովուրդի պաշտպանութեան։ Նորին Սրբութիւնը հաստատեց, որ Արցախի պատերազմին ժամանակ հայրենեաց պաշտպաններու դրսեւորած արի ոգին, նախանձախնդրութիւնը, անձնազոհ եւ եղբայրասէր կերպարը միայն հպարտութեան զգացումով կը լեցնեն իր հոգին։ Վեհափառը նաեւ աղօթքով յիշեց անոնց ծառայակից նահատակ եղբայրները եւ այլեւս պատմութեան մէջ արձանագրուած իրենց սխրանքները, որոնք ուժ պիտի տան համայն հայ ժողովուրդին՝ կերտելու Հայաստանի նոր լուսաւոր օրը։

Ամենայն Հայոց Հայրապետը սրբապատկերներ նուիրեց զինուորներուն, անփորձանք ու ապահով ծառայութիւն մաղթեց բոլորին՝ նշելով, որ հայ զինուորականները մշտապէս Հայոց Հայրապետի եւ հայ եկեղեցականներու աղօթքին մէջ են։

Ուրբաթ, Յունուար 1, 2021