ՀԱՄԱՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ՝ ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան երէկ մասնակցեցաւ՝ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի նախագահութեամբ կազմակերպուած էքիւմենիք արարողութեան մը։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, ամէն տարի յունուարի վերջին շաբաթը կը նշուի՝ որպէս Քրիստոնեայ եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբաթ։ Այս ծիրէն ներս, Հռոմի Ս. Պօղոս տաճարին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ սոյն շաբթուայ եզրափակիչ արարողութիւնը։ Սրբազան Պապի նախագահութեամբ կազմակերպուած միջեկեղեցական աղօթքին մասնակցեցան նաեւ զանազան եկեղեցիներու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ։

Հայրապետական պատուիրակի գրասենեակի հաղորդումներով, էքիւմենիք արարողութեան ընթացքին Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան Սրբազան Քահանայապետին փոխանցեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի եղբայրական ողջոյններն ու ջերմ բարեմաղթանքը։

Երեքշաբթի, Փետրուար 1, 2022