ՎԵՀԱՓԱՌԸ ՄԵԿՆԱԾ ԱՄՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ուղեւորութեան ձեռնարկած է դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը տեղեկացուց, որ Վեհափառ Հայրապետի ճամբորդութիւնը սկսած է այսօր։

Իր կեցութեան օրերուն Նորին Սրբութիւնը հանդիպումներ կ՚ունենայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարերարներու հետ՝ քննարկելով անոնց աջակցութեամբ ձեռնարկուած ծրագրերու իրականացման ընթացքը։

Երեքշաբթի, Փետրուար 1, 2022