ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ՔՐԻՍՏՈՆԷԻՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԱՂՕԹՔ

Երուսաղէմի մէջ Քրիստոնէից միութեան համար աղօթքի շաբթուան շրջանակներէն ներս էքիւմենիք արարողութիւններ տեղի կ՚ունենան զանազան քրիստոնեայ յարանուանութիւններու սրբավայրերէն ներս։ Այսպէս, շաբաթավերջին, Յոյն Կաթոլիկ Աւետման եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական արարողութիւն մը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան աւագ թարգման Տ. Վազգէն Վրդ. Ալէքեան։

Սուրբ Քաղաքի թէ՛ խորհրդաւոր մթնոլորտին եւ թէ առկայ մարտահրաւէրներուն տեսակէտէ այս աղօթքները ունին մեծ նշանակութիւն:

Հինգշաբթի, Փետրուար 1, 2024