ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀՈԼԱՆՏԱՅԻ ՀԱՒԱՏԱՐՄԱՏԱՐԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Հոլանտայի դեսպանութեան ժամանակաւոր հաւատարմատար Եափ Ֆրետերիքսը։ Վեհափառ Հայրապետը զրոյցի ընթացքին շնորհաւորեց նորանշանակ հաւատարմատարը եւ անոր յաջողութիւն մաղթեց Հայաստանի իր առաքելութեան արդիւնաւորման համար։

Նորին Սրբութիւնը հանդիպման ընթացքին անդրադարձաւ երկու ժողովուրդներու պատմական կապերուն՝ մասնաւորապէս ընդգծելով, որ Ամսթերտամը եղած է հայ գրատպութեան նշանաւոր կեդրոններէն մին։

Խօսելով Հոլանտայի հայկական համայնքի գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Հոլանտայի եկեղեցիներու հետ մշակուած համագործակցութեան մասին՝ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ նկատեց, որ տեղւոյն հայ համայնքը աշխուժօրէն ներգրաւուած է երկրի զարգացման գործընթացին։

Այս բոլորէն վերջ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Հայաստանի առջեւ ծառացած անվտանգային հիմնախնդիրներուն, Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերու ծանր կացութեան։ Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Հոլանտայի կողմէ այս դժուարին շրջանին Հայաստանին եւ արցախահայութեան ի նպաստ ցուցաբերուած զօրակցութեան համար։

Հաւատարմատար Եափ Ֆրետերիքս հաւաստիացուց, որ Հոլանտայի իշխանութիւնները կը շարունակեն աջակցութիւն ցուցաբերել Արցախէն հայրենազրկուած հայերուն, ինչպէս նաեւ ջանքեր կը գործադրեն Հայաստանի անվտանգային եւ հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման խնդիրներու դիմագրաւման ուղղութեամբ:

Ուրբաթ, Մարտ 1, 2024