ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԽԻԹԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Արցախի վերջին պատերազմի ժամանակ նահատակուած Նարեկ Սրկ. Պետրոսեանի այրին՝ Մարիամ Բզնունին։ Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Տ. Մովսէս Վրդ. Սարգսեան։ Հարկ է նշել, որ պատերազմի ընթացքին զոհուած Նարեկ Սրկ. Պետրոսեան Հայաստանի Զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդի օգնականն էր։ Երէկուան հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը հոգելոյս սարկաւագի կողակցին իր օրհնութիւնները եւ մխիթարութեան խօսքերը փոխանցեց։ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ ճեմարանի տարիներէն եւ միաբանական կեանքի շրջանէն կը ճանչնար հոգելոյս Նարեկ Սրկ. Պետրոսեանը, որ ամէնուրեք նախանձախնդրութեամբ ու բարեխղճօրէն կը կատարէր իր պարտականութիւնները։ Պատերազմի ընթացքին իր կողմէ դրսեւորուած ծառայանուիրումն ու արիութիւնն ալ եղած է այս ուղղութեամբ հերթական ապացոյց մը։

Վեհափառ Հայրապետը աղօթեց լուսահոգի Նարեկ Սրկ. Պետրոսեանի ընտանիքին համար։ Զրոյցի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը յորդորեց առ Աստուած ապաւինութեամբ շարունակել ապրիլ աստուածային սիրոյ ու ջերմութեան ներքեւ՝ յաւերժացնելով հանգուցեալի անմար յիշատակը։

Հանգուցեալ Նարեկ Սրկ. Պետրոսեան հայրենիքի պաշտպանութեան ուղղութեամբ ցուցաբերած բացառիկ խիզախութեան եւ անձնական արիութեան համար Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հրամանագրով յետմահու պարգեւատրուած էր «Մարտական խաչ» առաջին աստիճանի շքանշանով։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 1, 2021