ԱՐԺԱՆԹԻՆԷՆ ՀԻՒՐԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Արժանթինէն պատուիրակութիւն մը, որու անդամներու շարքին էին հասարակական գործիչներ, լրագրողներ, իրաւաբաններ եւ գործարարներ։ Խումբին ուղեկցեցաւ արժանթինահայ գործարար Խուան Փապլօ Քէչէճեան, որ Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց հիւրերը՝ դիտել տալով, որ խումբի անդամները Հայաստան կ՚այցելեն ծանօթանալու համար հայ ժողովուրդին, անոր մշակոյթին, կրօնին, պատմութեան ու հոգեւոր արժէքներուն։

Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց ներկաները եւ գոհունակութիւն յայտնեց Հայաստան-Արժանթին սերտ յարաբերութեան կապակցութեամբ։ Զրոյցի տեւողութեան Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ նաեւ տարածաշրջանի առկայ իրավիճակին, Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։

Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց նաեւ հիւրերու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին միջեկեղեցական յարաբերութիւններուն, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն կողմէ ձեռնարկուած քայլերուն։

Երկուշաբթի, Մայիս 1, 2023