ԿԱՐՄԻՐ ԿԻՐԱԿԻԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Կարմիր կիրակիի Ս. Պատարագին նախագահեց Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Սարվէն Սրկ. Պըչաքճեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սամաթիոյ Սահակեան եւ Կէտիկփաշայի Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբերու անդամներուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Սեւան Արապեանի։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրուան քարոզին մէջ անդրադարձաւ Կարմիր կիրակիի իմաստին։ Ան շեշտեց, որ Հայ Եկեղեցւոյ հայրերը գոյներու անուններ սահմանած են յարութեան կիրակիներուն համար։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։

Երկուշաբթի, Մայիս 1, 2023