ԶԵԿՈՅՑ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ Ի ՄԱՍԻՆ ԵԿԵՂԵՑԵԱՑ ՎԵՐԱԲԱՑՄԱՆ

Աթոռոյս Պատկառելի Կրօնական ժողովը 27 մայիս 2020, չորեքշաբթի, յետմիջօրէին գումարուեցաւ Պատրիարքարանի մէջ, նախագահութեամբ Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հօր։

Ծանօթ է, թէ քորոնայի համավարակի պատճառաւ նկատի ունենալով առողջապահական շրջանակներու թելադրութիւնները՝ ժողովի որոշմամբ մեր եկեղեցիները փակուած էին հաւաքական պաշտամունքի՝ 16 մարտ 2020 թուականէն ի վեր։ Կրօնական ժողովը նկատելով, որ մասամբ բարելաւումներ կ՚արձանագրուին եւ որոշ թոյլտուութիւններով կեանքի բնականոնացման ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուին, օրակարգի վրայ ունեցաւ նախապէս կայացած որոշումը վերատեսութեան ենթարկելու պարագան։ Նախ եւ առաջ կ՚ուզենք յիշեցնել ու յատկապէս շեշտել, թէ գլխաւորութեամբ Նորին Ամենապատուութեան, ժողովական հայրերը փափաքող են, որ մեր եկեղեցիները վերաբացուին թէ՛ հաւաքական պաշտամունքի եւ թէ խորհրդակատարութեանց եւ յուղարկաւորութեան արարողութեանց համար, սակայն միշտ նկատի ունենալով հաւատացեալներու թանկագին առողջութիւնը։

1. ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԳԻԾԵՐ

Իրաւ է, թէ մզկիթներու արտաքին շրջափակերուն մէջ, նաեւ որոշ մեծ մզկիթներու պարագային շէնքերէն ներս պաշտամունքի որոշ թոյլտուութիւններ եղած են, առողջապահական ու գիտական մարմիններու որոշած կանոններուն հնազանդելու պայմանաւ։ Իսկ սրահներու նման հանրային հաւաքական ներկայութեան սահմանուած վայրերու ըստ նախընթացի բնական կերպով օգտագործելու պարագան կը նախատեսուի կեանքի կոչել աւելի յետագայ օրերուն։

Որոշ թոյլտուութիւններ եղած են, պայմանաւ որ գործածուին առողջապահական դնչակապեր (եիւզ մասքէսի) ու պահուի ընկերային հեռաւորութեան պայմանը։

Հակառակ այս բոլորին, ծանօթ իրողութիւն է նաեւ, թէ համավարակը չէ վերջացած եւ մեր պաշտամունքը եւ այլ արարողութիւններ կը կատարուին եկեղեցւոյ մէջ եւ ո՛չ թէ արտաքին բակին կամ համալիրին մէջ։ Ուստի եկեղեցւոյ մէջ բաւականին դժուար է տեղի սահմանափակումներ կատարել, նկատի ունենալով ընկերային հեռաւորութեան պայմանը։ Եթէ նոյնիսկ փորձուի գործադրել այդ մէկը, այդ պարագային կը նախատեսուի, թէ սոյն արարքը պատճառ կը դառնայ գանգատի եւ նոյնիսկ վիճաբանութեանց։ Ուստի մեր իսլամ հարեւաններու պաշտամունքային դրութեան համար սահմանուած թոյլտուութիւնները եւ ընկերային հեռաւորութեան պայմանը դըժ-ւար է պատշաճեցնել մեր պարագային, եթէ ոչ՝ անկարելի։ Հարցը կապուած է հաւատացեալներու առողջապահութեան նկատմամբ մեր ունեցած լուրջ մտահոգութեան հետ։ Եկեղեցիներու դռները անմիջապէս ու անզգոյշ որոշումներով կրկին բանալ պիտի նշանակէ յայտարարել, թէ այլեւս գոյութիւն ունի ո՛չ մէկ վտանգ, որ պատճառ կրնայ դառնալ նոր վարակումներու։

2. ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒՄ

Յետ խորհրդակցութեան որոշուեցաւ եկեղեցիներու հաւաքական պաշտամունքի վերաբացման համար նախատեսել Վարդավառի կիրակին՝ 19 յուլիս 2020։ Բնականաբար յաճախ նկատի պիտի առնուին երկրի ընդհանուր վիճակի մասին եղած պաշտօնական յայտարարութիւնները եւ եթէ պահանջքը ծագի կամ եկեղեցիներու պաշտամանց համար բացումը պիտի յետաձգուի եւ կամ ալ եկեղեցիներ կրկին պիտի փակուին հաւաքական պաշտամունքի։

3. ՊԱՐՏԷԶ ՈՒ ՍՐԱՀՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԱԾՈՒՄ

Ցնոր տնօրինութիւն արտօնելի չէ նաեւ պարտէզներու ու սրահներու գործածութիւնը, ընդունելութեան կամ այլ նպատակներով։

4. Ս. ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Ժողովական հայրերը իրենց մտահոգութիւնը յայտնեցին, թէ համավարակի այս տեւողութեան ընթացքին հաւատացեալներ ո՛չ միայն պաշտամունքէ, այլ նաեւ ամենակարեւորը՝ Սուրբ Հաղորդութենէ զրկուած են։ Ուստի, որոշուեցաւ, որ ստորեւ նշուած եկեղեցիներու երէցները 1 յունիս 2020, երկուշաբթիէն սկսեալ 09.30-11.00 ժամերու միջեւ ընդունին անհատական դիմումներ եւ մատակարարեն Ս. Հաղորդութիւն անոնց, որոնք կը փափաքին։ Սոյն եկեղեցիներն են՝ Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր, Սկիւտարի Ս. Խաչ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Մայր, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ, Ետիգուլէի Ս. Փրկիչ մատուռ, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի, Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս։ Այս պարագաներուն թէ՛ եկեղեցականներ եւ թէ դիմողներ պարտին պահել առողջապահական կանոնները, միշտ նկատի ունենալով այլոց առողջութիւնը։

5. ՍՓՌՈՒՄՆԵՐ

Կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագի մատուցումները հեռակայ դրութեամբ կը շարունակուին սփռուիլ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցիէն Աթոռոյս կայքէջին մէջ, հանդերձ Նորին Ամենապատուութեան քարոզխօսութեամբ։ Կիրակի օրերու փողոց ելլելու արգելքի վերացման պարագային եկեղեցիներու մէջ, ուր որ կարելիութիւն կայ, դռնփակ սուրբ պատարագներ պիտի շարունակուին մատուցուիլ։

6. Ս. ՊՍԱԿԻ ՄԱՍԻՆ

Որոշուեցաւ յունիս 14, կիրակիէն սկսեալ արտօնել, որ եկեղեցիներուն մէջ Սուրբ Պսակի արարողութիւնները կատարուին առաջին աստիճանի ազգականներու մասնակցութեամբ՝ միայն եւ միշտ նկատի ունենալով նախասահմանուած պաշտօնական եւ առողջապահական պայմաններու տրամադրութիւնները՝ առողջապահական դնչակապի գործածութիւնը եւ ընկերային հեռաւորութիւնն ու հականեխիչներու գործածութիւնը։ Խնդակցութիւն յայտնելու համար կը թելադրուի բաւարարուիլ լոկ ներկայութեամբ, հեռու մնալով ձեռնուելէ։

7. Ս. ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Որոշուեցաւ յունիս 14, կիրակիէն սկսեալ արտօնել, որ Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութիւնները տեղի ունենան, առաջին աստիճանի ազգականներու մասնակցութեամբ՝ կրկին առողջապահական դնչակապի գործածութիւնը եւ ընկերային հեռաւորութիւնն ու հականեխիչներու գործածութիւնը ապահովելով։ Ս. Մկրտութեան պարագային ծնողներ պէտք է նկատի ունենան, թէ մանուկը ֆիզիքապէս մօտ պիտի ըլլայ քահանային, կնքահօր ու կնքամօր, այսինքն հարկադրաբար խախտուած պիտի ըլլայ ընկերային հեռաւորութիւն պահելու պայմանը։ Ուստի, եթէ անհրաժեշտութիւն չէ, ակամայից, կը թելադրուի յետաձգել մկրտութեան կատարումը բնականոնացման ժամանակներուն։

8. ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Ծանօթ է, թէ եկեղեցիներու հաւաքական պաշտամունքի փակման յաջորդող օրերուն, որոշուած էր յուղարկաւորութեան արարողութիւնները կատարել գերեզմանատուներու մէջ, առաջին աստիճանի ընտանեկան անդամներու մասնակցութեամբ։ Նկատուած է, թէ ցարդ գերեզմանատուներու մէջ կատարուած բացօթեայ արարողութեանց ընթացքին եւս կ՚անտեսուին ժողովիս թելադրութիւնը, որուն կէտ նպատակն էր ժողովուրդի առողջութիւնը։ Հետեւաբար, ժողովական հայրերը մտահոգութիւնը ունեցան, թէ եկեղեցիներու մէջ յուղարկաւորութեանց կատարման արտօնութիւն տրուելու պարագային կարելի պիտի չըլլայ հակակշռել անհատներու եւս մասնակցութիւնը ու թէ՛ եկեղեցւոյ մէջ եւ թէ դուրսը ակամայ անտեսուած պիտի ըլլան առողջապահական պայմանները։ Նաեւ մտածուած է, թէ եկեղեցիէն գերեզմանատուն փոխադրութեան համար յատկացուած փոխադրամիջոցներու մէջ բոլորովին պիտի անտեսուին ընկերային հեռաւորութեան եւ առողջապահական պայմանները։ Նաեւ այլ հարց է մեռելակառքի մէջ շարժավարի կողքին եւ չորս մեռելակիրներու քահանայի կողքին գտնուիլը, որ ինքնին անտեսում է առողջապահական պայմաններուն։ Ուստի, նկատի ունենալով այս բոլորը, որոշուեցաւ ցնոր տնօրինութիւն յուղարկաւորութեանց կատարումը շարունակել գերեզմանատուներու մէջ։ Մեր ժողովուրդին անգամ մը եւս կարեւորութեամբ կը յիշեցնենք մեր նախկին թելադրութիւնը յուղարկաւորութեան արարողութիւններու մասնակցութեան կապակցութեամբ։ Այս արարողութիւններուն թող հաճին մասնակցիլ միայն առաջին աստիճանի ընտանեկան անդամներ։ Մնացեալներ, բնականաբար կը փափաքին իրենց յարգանքը մատուցանել հանգուցեալներու յիշատակին, այս արտակարգ վիճակի պարտադրութեամբ անոնք թող բաւարարուին հեռակայ դրութեամբ ցաւացկութիւն յայտնելով, նաեւ թաղման ժամուն իրենց աղօթքներով՝ հանգուցեալներու հոգիներու խաղաղութեան համար։ Նոյնը կը թելադրենք, որ առտնին կատարելի արարողութեանց ընթացքին եւս յարգուին եւ պահուին առողջապահական պայմանները։ Այս բոլոր թելադրութիւնները կ՚ըլլան ի սէր ժողովուրդի առողջութեան պահպանման։

Կու գանք մերազն հաւատացելոց ազնիւ ուշադրութեան յանձնել, թէ նոր զարգացումներու լոյսին տակ կատարելի նոր տնօրինումներ պիտի յայտարարուին ըստ կարեաց։ Կ՚աղօթենք, որ Աստուած իր հովանին անպակաս ընէ մեր բոլորին վրայէն ու այս արտակարգ վիճակը իր վերջը գտնէ եւ մենք վերագտնենք մեր բնականոն հոգեւոր կեանքը շարունակել ըստ նախընթացի։

ԴԻՒԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ

29 մայիս 2020
12150

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2020