ՅԱՂԹԱՀԱՐՄԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ

Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսկոս Ա. Սրբազան Պապը այսօր Վատիկանի մէջ կը հիւրընկալէ Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդները։ Այս հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ։ Այսպէս, Անթիլիասի աղբիւրները հաղորդեցին, որ երէկ Արամ Ա. Կաթողիկոս Հռոմ մեկնեցաւ յատուկ թռիչքով մը, որու ուղեւորներու շարքին էր նաեւ Լիբանանի Մարոնիտ Պատրիարքը՝ Ռաաի։

Նախընթաց օր, Ս. Պետրոս-Ս. Պօղոս առաքեալներու տօնին առթիւ Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր արարողութեան աւարտին Սրբազան Պապը անդրադարձած էր այս օրուայ հանդիպման։ Քահանայապետը նշած էր, որ խորհրդակցութիւն եւ աղօթք տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի խաղաղութեան եւ ապագային համար։

Արամ Ա. Կաթողիկոս երէկ Հռոմի օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի եւ Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանի դեսպան Կարէն Նազարեանի կողմէ։ Ժամանումէն վերջ ան առաջնորդուեցաւ իր իջեւանած պանդոկը։ Երեկոյեան Նորին Սրբութեան ի պատիւ նեղ շրջանակով ընթրիք մըն ալ սարքուեցաւ Վատիկանի մէջ։ Սեղանակիցները բաժակ բարձրացուցին Արամ Ա. Կաթողիկոսի արեւշատութեան համար, որու գահակալութեան տարեդարձը նշուեցաւ վերջին օրերուն։ Սեղանակիցները նաեւ մաղթեցին, որ Լիբանանի համար ձեռնարկուած այժմու առաքելութիւնը պսակուի յաջողութեամբ։

Դէպի Վատիկան ուղեւորութեան ընթացքին Արամ Ա. Կաթողիկոսին կ՚ընկերանան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան եւ Անթիլիասի տեղեկատուութեան բաժնի վարիչ Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան։

Վատիկանի այս օրուայ հանդիպումը նախատեսուած է երկու հիմնական մասէ։ Առաջինը՝ Լիբանանի ներկայ կացութեան շուրջ քննարկումն է, իսկ երկրորդը՝ հրապարակային արարողութիւն մը ի զօրակցութիւն երկրին։ Առաջին բաժնին մէջ կ՚արտայայտուին Սրբազան Պապը, Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ Ռաաի Պատրիարքը։ Քահանայապետի խնդրանքին ընդառաջ՝ Կիլիկեան Աթոռի գահակալը կ՚անդրադառնայ Լիբանանի դիմագրաւած այժմու տնտեսական-քաղաքական կացութեան եւ զայն յաղթահարելու կարելիութիւններուն։ Մարոնիտ պատրիարքը կը ծանրանայ եկեղեցւոյ ընկերային ծառայութիւններուն վրայ։

Վատիկանի այս օրուան ժողովի նախաձեռնութեան մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս կարեւոր դերակատարութիւն մը ունեցաւ՝ շուրջ երկու ամիս առաջ Սրբազան Պապին յղած իր նամակով։ Լիբանանի, Վատիկանի եւ առհասարակ Եւրոպայի լրատուամիջոցները յատկապէս կը մատնանշեն իր դերակատարութիւնը եւ ցայսօր բազում հարցազրոյցներով ցոլացուցած են անոր մօտեցումները։

Վատիկանի այս օրուան հաւաքէն վերջ Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ Ռաաի Պատրիարքը վաղը կէսօրուան ժամերուն պիտի վերադառնան Պէյրութ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 1, 2021