Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ

Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի մեկնի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ, Հայ Եկեղեցւոյ համաշխարհային երիտասարդաց միութեան (ՀԵՀԵՄ) մէջ ան կը ներկայացնէ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը։ Մօտալուտ ուղեւորութեան ընթացքին հայր սուրբը պիտի մասնակցի ՀԵՀԵՄ-ի կողմէ կազմակերպուած մեծ ուխտագնացութեան։ Համավարակի շրջանին ակամայ ընդհատուած էին ՀԵՀԵՄ-ի հաւաքները, որոնք հերթական բնոյթ կը կրէին։ Այժմ այդ աշխատանքները կը վերակենդանանան եւ ՀԵՀԵՄ աշխարհի չորս ծագերէն հոծ թիւով երիտասարդներու մասնակցութեամբ կեանքի կը կոչէ այս մեծ ուխտագնացութիւնը։

Ուրբաթ, Յուլիս 1, 2022