ՋԵՐՄ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ այցելութիւն մը տուաւ Ասորի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Իգնատիոս Յովսէփ Գ. Յովնան Պատրիարքին։ Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորեց իր հոգեւոր եղբօր քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանը։ Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին արծարծուեցան թէ՛ երկու ժողովուրդներու եւ թէ երկու եկեղեցիներու պատմական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ նիւթեր, զանազան գաղութներէ ներս անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններով հանդերձ։

Ասորի կաթոլիկ պատրիարքը զրոյցի աւարտին ճաշասեղանով մը պատուեց Արամ Ա. Կաթողիկոսն ու ընկերակիցները։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 1, 2021