«ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԽԵԼԱԳԱՐՈՒԹԻՒՆ Է»

Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը Վատիկանի մէջ հաւատացեալներու հետ տեսակցելու ժամանակ անդրադարձաւ Ուքրայնայի տագնապին։ «Ուքրայնայի մէջ պատերազմը խելագարութիւն կ՚ըլլայ», ըսաւ Սրբազան Պապը՝ ընդգծելով, որ Քիեւի եւ Մոսկուայի միջեւ լարուածութեան յաղթահարումը անհրաժեշտ է։ Ան յոյս յայտնեց, թէ Ռուսաստան-Ուքրայնա առկայ լարուածութիւնը կը յաղթահարուի բազմակողմանի երկխօսութեան միջոցաւ՝ մասնաւորապէս Նորմանտական ձեւաչափին շնորհիւ։

«Եկէք, շարունակենք աղօթել Աստուծոյ խաղաղութեան համար, որպէսզի լուրջ երկխօսութեան միջոցաւ յաղթահարուին լարուածութիւնն ու պատերազմի վտանգը եւ Նորմանտական ձեւաչափով բանակցութիւնները նպաստեն այս նպատակին։ Եւ չմոռնանք, որ պատերազմը խելագարութիւն է», նշեց կաթողիկէ աշխարհի հովուապետը։

Միեւնոյն ժամանակ, Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակցութիւն բերած էին՝ անցեալ յունուարի 26-ին Ուքրայնայի մէջ խաղաղութեան համար կազմակերպուած միջազգային աղօթքին։ 

Հինգշաբթի, Փետրուար 10, 2022