ԱՌԱՒՕՏԵԱՆ ԵՒ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ այս օրերուն Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանին կը մասնակցի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, երէկ, Մայրավանքի համալիրէն ներս մասնակցեցաւ Արեւագալի արարողութեան, որուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Մեծ պահոց շրջանին ամէն չորեքշաբթի առաւօտ Արեւագալի արարողութիւն տեղի կ՚ունենայ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Երէկ ալ, Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Ս. Վարդան մատուռ-մկրտարանին մէջ տեղի ունեցաւ Արեւագալի արարողութիւնը, որուն համար Վեհափառ Հայրապետն ու Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ժամը 07.30-ին թափօրով առաջնորդուեցան մատուռ-մկրտարան, ուր բացի Սուրբ Էջմիածնի միաբանութեան անդամներէն, առաւօտեան եւ Արեւագալի ժամերգութիւններուն մասնակցեցան նաեւ ԳՀԽ-ի անդամները։ Այս առթիւ հոգեւորականաց դասու անդամներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը ստացան Վեհափառ Հայրապետի բիւր օրհնութիւնները։

Մինչ այդ, ընթացքի մէջ է ԳՀԽ-ի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը։

Հինգշաբթի, Մարտ 10, 2022