ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՁՐԻ ՊԱՐԳԵՒԸ ՉՄՈՌՆԱԼ

Մեծ Պահքի 19-րդ օրն է:

Երկրորդ Օրինաց գիրքին 8-րդ գլուխին մէջ կը կարդանք.

«Քու անձիդ զգուշութիւն ըրէ՛, չըլլայ քու Տէր Աստուածդ մոռնաս ու չպահես Անոր պատուիրանները, օրէնքներն ու կանոնները, որոնք Ես այսօր քեզի կը պատուիրեմ: Երբ ուտես ու կշտանաս եւ գեղեցիկ տուներ շինես ու բնակիս անոնց մէջ ու երբ արջառներդ եւ հօտերդ շատնան ու նաեւ արծաթդ ու ոսկիդ շատնան եւ քու բոլոր ունեցածդ շատնայ, թող սիրտդ չհպարտանայ եւ քու Տէր Աստուածդ չմոռնաս, որ եգիպտացիներու երկրէն, ծառայութեան տունէն քեզ հանեց եւ այն մեծ ու ահագին եւ խայթող օձերով ու կարիճներով լեցուն, չոր ու անջուր անապատին մէջ քեզ պտտցուց ու քեզի ապառաժէն ջուր հանեց եւ անապատին մէջ քու հայրերուդ չճանչցած մանանայովը քեզ կերակրեց, որպէսզի քեզ խոնարհեցնէ ու փորձէ եւ վերջը քեզի բարիք ընէ: Սիրտիդ մէջ մի՛ ըսեր, թէ՝ “այս հարստութիւնը իմ կարողութիւնովս ու իմ ձեռքիս ուժովը վաստակեցայ”. հապա քու Տէր Աստուածդ յիշէ՛, քանզի հարստութիւն ստանալու համար քեզի ուժ տուողը Ա՛ն է, որպէսզի քու հայրերուդ Իր երդումով ըրած ուխտը հաստատէ, ինչպէս այսօր կը տեսնես:

Եւ եթէ քու Տէր Աստուածդ մոռնալով ուրիշ աստուածներու ետեւէ երթաս, զանոնք պաշտես ու անոնց երկրպագութիւն ընես, Ես այսօր ձեզի կը վկայեմ, թէ դուք բոլորովին պիտի կորսուիք. այն ազգերուն պէս, որոնք Տէրը ձեր առջեւէն պիտի կորսնցնէ, այնպէս որ պիտի կորսուիք, վասն զի ձեր Տէր Աստուծոյն խօսքին մտիկ չըրիք» (Բ. Օր 8.11-20):

Այս խօսքերը Տէր Աստուած ուղղած է Իսրայէլի որդիներուն, որոնք ազատելով Եգիպտոսի երկրէն բերած ու հասցուցած էր Խոստացուած Երկիրը: Այս խօսքերով Աստուած կը զգուշացնէր անոնց, որ յանկարծ չմոռնան զԻնք եւ Իր՝ իրենց նկատմամբ կատարած բոլոր բարիքները: Ճի՛շդ է, որ այս խօսքերը հրեաներուն ուղղուած է, բայց անոնց միջոցով նաեւ ուղղուած է բոլոր ժամանակներու մարդոց, յատկապէս քրիստոնեայ հաւատացեալներուն:

Եկէք այս խօսքերը մեր առօրեային կապենք եւ պիտի նկատենք, թէ ինչքանով նաեւ այս խօսքերը մեզմէ իւրաքանչիւրին կը վերաբերին: Ինչ որ նոյնութեամբ պիտի պահենք, կը սեւցնենք, որպէսզի յայտնի ըլլայ ընթերցողին: Այսպէս.

Քու անձիդ զգուշութիւն ըրէ՛, չըլլայ քու Տէր Աստուածդ մոռնաս ու չպահես Անոր պատուիրանները, օրէնքներն ու կանոնները, որոնք Ես այսօր քեզի կը պատուիրեմ: Երբ ամէն տեսակի բարիքներով լիանաս, գիտութիւն ձեռք բերես, լաւ աշխատանք ունենաս ու մեծ գումարներ աշխատիս եւ այդ գումարներով հարստութիւն դիզես մէկ կողմէ եւ միւս կողմէ կեանքդ վայելես, թող սիրտդ չհպարտանայ եւ քու Տէր Աստուածդ չմոռնաս, որ Ադամական մեղքէն, սատանայի ծառայութենէն քեզ ազատեց, ինչպէս նաեւ ներկայիս քեզ կը պահէ սատանայի արբանեակներուն ամէն տեսակի յարձակումներէն՝ որոնց կ՚ենթարկուիս պանդխտութեան տարիներուն ընթացքին, քեզի ուղղութիւն, առաջնորդութիւն եւ վահան տալով՝ կարենալ դիմագրաւելու անոնց յարձակումներուն եւ յաղթական դուրս գալու այդ պայքարէն: Այս բոլոր բաները կ՚արտօնէ, որպէսզի հետդ կատարուին, որպէսզի հաւատարմութիւնդ փորձէ եւ յետոյ քեզ բիւրաւոր բարիքներով վարձատրէ: Սիրտիդ մէջ մի՛ ըսեր, թէ՝ այս գիտութիւնն ու հարստութիւնը իմ կարողութիւնովս ու իմ ձեռքիս ուժովը վաստակեցայ, հապա քու Տէր Աստուածդ յիշէ՛, քանզի հարստութիւն ստանալու համար քեզի ուժ տուողը Ա՛ն է, որպէսզի քեզի՝ մարդուն տուած բոլոր խոստումները իրականանան, եւ դուն՝ Երկինքի Արքայութեան ժառանգորդ ու Երկնաւոր Թագաւորին սեղանին վրայ նստիս, սեղանակից դառնալով սուրբերուն:

Եւ եթէ քու Տէր Աստուածդ մոռնալով ուրիշ աստուածներու ետեւէ երթաս, զանոնք պաշտես ու անոնց երկրպագութիւն ընես, Ես այսօր ձեզի կը վկայեմ, թէ դուք բոլորովին պիտի կորսուիք. այն ազգերուն պէս, որոնք Տէրը ձեր առջեւէն պիտի կորսնցնէ, այնպէս որ պիտի կորսուիք, վասն զի ձեր Տէր Աստուծոյն խօսքին մտիկ չըրիք:

Չմոռնանք զԱստուած, չմոռնանք Անոր մեր նկատմամբ կատարած բարիքները, չմոռնանք այն բոլոր պարգեւները, որոնք ձրիօրէն կու տայ մեզի, մանաւանդ չմոռնանք այն Գերագոյն Պարգեւը՝ Տէր Յիսուսը, Ով ձեռքերը խաչին վրայ տարածելով, մեզ վերստին արժանացուց որդեգրութեան շնորհին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

28 փետրուար 2023, Վաղարշապատ

Ուրբաթ, Մարտ 10, 2023