ԲԱՐԵԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՑ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին իր հաւատացեալ հօտը կ՚առաջնորդէ դէպի Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութիւնը։ Այսօր՝ Աւագ ուրբաթ, մեր եկեղեցիներուն մէջ տեղի կ՚ունենայ Խաչելութեան կարգը։ Երէկ, Աւագ հինգշաբթիի խորհրդական օրուան կապակցութեամբ մեր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցան հոգեպարար արարողութիւններ։ Առաւօտուն մատուցուեցաւ Ընթրեաց Ս. Պատարագը, տեղի ունեցաւ Ոտնլուայ եւ երեկոյեան՝ Խաւարման կարգը։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Աւագ հինգշաբթի օրուայ արարողութիւններուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Ս. Գայիանէի վանքէն ներս վաղ առաւօտեան տեղի ունեցաւ Ապաշխարողաց կարգ, որուն մասնակցեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը։ Այնուհետեւ Միջօրէի ժամերգութենէն յետոյ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ի յիշատակ Վերջին Ընթրիքի ժամանակ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդի հաստատման։ Պատարագիչն էր Ս. Գայիանէ վանքի վանահայր Տ. Մատթէոս Վրդ. Պօղոսեան, որ նաեւ ընթերցեց Ս. Բարսեղ Կեսարացիի՝ «Սուրբ Հաղորդութեան մասին» յայտնի ճառը։

Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ, Ս. Տրդատի բաց խորանին վրայ կատարուեցաւ նաեւ Ոտնլուայի կարգ։ Նորին Սրբութեան օրհնութեամբ այս առթիւ դուրս բերուեցաւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի մասունքը, որ կը պահուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Սուրբգրային ընթերցումներէն յետոյ, արարողութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը օրհնեց խորանին վրայ դրուած ջուրն ու իւղը, ապա հոգեպարար շարականներու երգեցողութեան ներքեւ, Աստուածորդիի օրինակով ծունկի գալով, լուաց եւ իւղով օծեց Մայր Աթոռի միաբաններու ոտքերը։ Այդ միաբաններն էին Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեան, Տ. Մինաս Աբեղայ Հախվերդեան եւ Արամայիս Սրկ. Սողբաթեան։

Արարողութեան աւարտին Ամենայն Հայոց Հայրապետը Ս. Գրիգոր Նարեկացիի մասունքով օրհնեց Հայաստան աշխարհն ու աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը՝ հայցելով Հայոց Եկեղեցւոյ մեծ աղօթողի բարեխօսութիւնը համավարակի առկայ ծանր իրավիճակի դիմագրաւման համար։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը երեկոյեան ալ մասնակցեցաւ Խաւարման կարգին։  

Ուրբաթ, Ապրիլ 10, 2020