ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԱՂՕԹՔ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Խաղաղութեան աղօթք՝ Հայաստանի եւ Արցախի ապահովութեան ու խաղաղութեան համար։ Մայիսի 9-ի տօնին առթիւ տեղի ունեցաւ այս արարողութիւնը՝ մայրավանքի համալիրէն ներս, Ս. Վարդան եւ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ մատուռ-մկրտարանի երդիքին տակ։ Վեհափառ Հայրապետը ծնրադիր առ Աստուած աղօթք բարձրացուց, որպէսզի Հայաստանն ու Արցախը ապահով ու անսասան մնան, հայրենեաց սահմանները՝ անառիկ, իսկ հայոց բանակի զինուորները՝ ամուր եւ քաջ։ Նորին Սրբութիւնը օրուան պատգամին մէջ ըսաւ. «Ծանր եւ դժուարին օրեր կ՚ապրինք այսօր։ Ամենօրեայ բռնաճնշումներու եւ նուաստացումներու կ՚ենթարկուի շրջափակեալ Արցախի մեր ժողովուրդը։ Նուազ չեն նաեւ Հայաստանի առջեւ յառնած սպառնալիքները, անհանգիստ են սահմանները, լեցուն՝ թշնամիի սադրանքներով եւ յարձակումի վտանգներով։ Հայաստան եւ Արցախ հայրենի մեր երկրին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները մտահոգութիւններով ու տագնապներով համակած են հոգիները մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ ինչպէս հայրենիքի, այնպէս ալ սփիւռքի մէջ»։ Ան աւելցուց, որ այս տօները դարձած են խորհրդանշանը բռնութեան ու չարի դէմ պայքարի, հայրենի հողի վրայ անկախ կեանք կերտելու մաքառումի եւ ազատատենչ ոգիի յաղթութեան։

Միւս կողմէ, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ յարգանքի այցելութիւն մըն ալ տուաւ Երեւանի «Յաղթանակ» զբօսայգին, ուր անծանօթ զինուորի շիրմին՝ Մայր Հայաստան յուշարձանին առջեւ ծաղկեպսակ մը զետեղեց, իր հետն ունենալով բարձրաստիճան եկեղեցականներ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 10, 2023