ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԱՄՈԶՄԱՄԲ, ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԹԻՒՐ ՊԱՏԿԵՐԱՑՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցան կարեւոր ժողովներ։ Առաջինը՝ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանն էր՝ բարձր նախագահութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։ Երկրորդը՝ միաբանական համագումարն էր, որուն մասնակցեցան նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու ներկայացուցիչները։ Երէկ, ԳՀԽ-ի անդամները մասնակցութիւն բերին միաբանական համագումարին։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին մեկնած է մասնակցելու համար ԳՀԽ-ի նստաշրջանին։ Բացի ԳՀԽ-ի անդամներէն, միաբանական հաւաքին մասնակցեցան նաեւ թեմակալ առաջնորդներ եւ սրբազաններ, որոնք կը պաշտօնավարեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Թէ՛ Վեհափառ Հայրապետը եւ թէ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ հանդէս եկան ելոյթներով։ Հարկ է նշել, որ միաբանական համագումարը կ՚ընթանայ՝ «Էջմիածինը որպէս առաքելութիւն» կարգախօսով եւ կը զուգադիպի Սուրբ Էջմիածնի հաստատման 1720-ամեակի յոբելենական տարուան։

Իր պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը մտահոգութեամբ արձանագրեց, որ շարունակ հարուածներ կը հասցուին Եկեղեցւոյ հեղինակութեան դէմ՝ փորձելով նուազեցնել հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականի բարերար ազդեցութիւնն ու գործունէութիւնը։ Այստեղ կը հետապնդուի՝ ժողովուրդի միասնութեան, միաբանութեան ու ազգային ինքնութեան պահպանման աւանդական կառոյցը տկարացնելու նպատակը։ Ուստի, Նորին Սրբութիւնը եկեղեցականներուն յորդորեց՝ ըլլալ նախանձախնդիր իրենց խօսքին, գործին ու քայլերուն մէջ, սրբագրել թերացումները եւ բարի օրինակ հանդիսանալ մարդոց, հանապազ սէր եւ հոգատարութիւն դրսեւորել ժողովուրդին հանդէպ։

Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ նաեւ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններու առկայ տարաձայնութիւններուն, որոնք հետեւանքն են Եկեղեցւոյ առաքելութեան վերաբերեալ իշխանութիւններու թիւր պատկերացումներուն, նաեւ հայրենական կեանքի տարաբնոյթ մարտահրաւէրներուն դիմաց Եկեղեցւոյ սկզբունքային դիրքորոշումներուն։ Ան այս շրջանակին մէջ անընդունելի նկատեց «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկայի դպրոցական ծրագիրներէն դուրս թողուիլը։ Մինչդեռ, սա կարեւոր նպաստ մըն էր մատաղ սերունդի համամարդկային արժէքներու, քրիստոնէական հաւատքի սկզբունքներուն, ազգային ինքնութեան եւ ինքնագիտակցութեան, սրբազան ժառանգութեան վերաբերեալ գիտելիքներու կարեւոր գործին մէջ։ «Հայրենաշինութեան, պետութեան բարօրութեան ու զօրացման առաքելութեան մէջ մեր Սուրբ Եկեղեցին միշտ զօրակից է իշխանութիւններուն։ Սակայն մեր կոչումն է համարձակութեամբ ահազանգել վտանգներուն, դէմ կանգնիլ ազգային անդաստանէ ներս անարդարութեան դրսեւորումներուն, նաեւ հայրենիքին, համազգային շահերուն տեսակէտէ վնասակար գործընթացներուն», շեշտեց ան։ 

Շաբաթ, Յունիս 10, 2023