ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ «Եղիցի լոյս» մրցանակի յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Պատուոյ մրցանակը այս տարի շնորհուեցաւ Ռուսաստանէն յայտնի շարժանկարի բեմադրիչ Ալեքսանտր Մինտածէին։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մինտածէի մրցանակը յանձնեց՝ բարձր գնահատանք յայտնելով անոր արուեստին ու ստեղծագործութեան նկատմամբ։ Հարկ է նշել, որ «Եղիցի լոյս» մրցանակը ամէն տարի կը յանձնուի «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի միջազգային փառատօնին հետ նոյնաժամանակ։

Երէկուան պարգեւատրման արարողութիւնը սկսաւ Տէրունական աղօթքով։ Ներկայ էին շարժանկարի միջազգային փառատօնի մասնակիցներ եւ այլ հիւրեր։ Ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ներեկեղեցական բաժնի տնօրէն Տ. Պարոյր Քհնյ. Աւետիսեան։ Այս առթիւ ան ծանօթութիւններ տուաւ մրցանակաբաշխութեան աւանդութիւններուն եւ այս տարուայ մրցանակակրին մասին։

Ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ «Ոսկէ ծիրան»ի հիմնադիր-տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ եւ Վեհափառ Հայրապետին՝ մշակոյթի եւ արուեստի տարածման ուղղութեամբ ցուցաբերուած մշտական օժանդակութեան համար։ Սրտի խօսք մըն ալ արտասանեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։

Ելոյթներէն վերջ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան ընթերցեց «Եղիցի լոյս» մրցանակի Հայրապետական վկայագիրը։ Այս առթիւ հաստատուած էր, որ «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի միջազգային փառատօնի շրջանակներէն ներս հոգեւոր, մշակութային եւ մարդասիրական արժէքներու քարոզչութեան եւ համաշխարհային շարժանկարի արուեստի մէջ մեծ վաստակի համար Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ սահմանած «Եղիցի լոյս» մրցանակը 2019 թուականին շնորհուի շարժանկարի բեմադրիչ Ալեքսանտր Մինտածէին։ Յաւարտ վկայականի ընթերցման, Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան յայտնի բեմադրիչին յանձնեց մրցանակը։

Այնուհետեւ շնորհակալութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ մրցանակակիրը, որ արարողութենէն վերջ առանձնապէս ընդունուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ։

Մրցանակաբաշխութեան արարողութեան աւարտին համերգային կատարումներով հանդէս եկաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի սարկաւագաց երգչախումբը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 10, 2019