ՎԱՐԴԱՎԱՌ

Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը Հայ Եկեղեցիի հինգ տաղաւար տօներէն երրորդն է: Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոս, համաձայն Աւետարանի, Ս. Պետրոս, Ս. Յակոբոս եւ Ս. Յովհաննէս առաքեալներու հետ կը բարձրանայ Թաբօր լեռը՝ աղօթելու: Աղօթքի պահին Յիսուս անոնց առջեւ կը պայծառակերպուի. «Դէմքը փայլեցաւ, ինչպէս արեգակը. եւ Անոր զգեստները դարձան սպիտակ՝ ինչպէս լոյսը» (Մատթէոս 17:2, Մարկոս 9:2, Ղուկաս 9:29): Աշակերտներու ապշած աչքերու առջեւ Քրիստոս կը խօսի շուրջ հազար տարի առաջ վախճանած Մովսէսի եւ հրեղէն կառքով երկինք համբարձած Ս. Եղիա մարգարէի հետ: Ս. Ղուկաս աւետարանիչը կը պատմէ, որ անոնք կը խօսէին Քրիստոսի երկրային կեանքի վերջին օրերու դէպքերու մասին, որ տեղի պիտի ունենային Երուսաղէմի մէջ (Ղուկաս 9:31): Սքանչելի տեսարանէն զմայլած՝ Ս. Պետրոս առաքեալը կը բացագանչէ. «Վարդապետ, լաւ է, որ մենք այստեղ մնանք. երեք տաղաւարներ շինենք, մէկ՝ Քեզի, մէկը՝ Մովսէսի եւ միւսը՝ Եղիայի համար»: Մինչ Ան կը խօսէր, լուսափայլ ամպ մը հովանի կը դառնայ անոնց, եւ ամպէն եկող ձայնը կ՚ազդարարէ. «Այս է իմ սիրելի Որդին, որուն հաւանեցայ, Անոր լսեցէք»: Հանգստացնելով ու ոտքի կանգնեցնելով գետնամած առաքեալները՝ Յիսուս անոնց կը պատուիրէ ոչ ոքի յայտնել տեսածի ու լսածի մասին՝ մինչեւ Աստուծոյ Որդիի փառաւորուիլը:

Ս. Յովհան Ոսկեբերան երեք բացատրութիւն կու տայ, թէ ինչու Տիրոջ յայտնուեցան Ս. Մովսէս եւ Ս. Եղիա մարգարէները. երկուքն ալ ունեցած են Աստուծոյ տեսիլքը՝ Մովսէսը՝ Սինա (Ելք 24.12-18), իսկ Եղիան՝ Քորեբ լերան վրայ (Գ Թագաւորներ 19:8-18): Անոնք խորհրդաբար կը ներկայացնէին կեանքը եւ մահը: Մովսէս մահացաւ՝ այդպէս ալ չտեսնելով խոստացուած երկիրը, իսկ Եղիան կենդանի կերպով երկինք վերացաւ հրեղէն կառքով:

Յիսուսի պայծառակերպութեան ժամանակ Մովսէսի՝ նախանձայոյզ օրէնսդիրի ու Եղիայի՝ երկինք տեղափոխուած նախանձախնդիր օրինապահի յայտնուիլը կը խորհրդանշէ, որ Քրիստոս է Օրէնսդիրը եւ չի դրժեր Աստուծոյ Ուխտը: Ան է Տէրը երկրի եւ երկինքի, ողջերու ու մեռեալներու, քանզի Մովսէսը մեռեալներու մէջէն վեր հանեց, իսկ Եղիան՝ ողջերու:

Այս տօնը յայտնի է նաեւ Վարդավառ անունով: Տօնի ժամանակ ժողովրդական սովորոյթներէն է միմեանց վրայ ջուր ցօղելն ու աղաւնիներ թռցնելը, որոնք կը խորհրդանշեն ջրհեղեղը, Նոյի ընտանիքի փրկութիւնը, Նոյի աղաւնին: Սովորութիւն է նաեւ ծաղիկներով զարդարուիլը, ինչ որ Աստուածորդիի փառքի երեւման առթիւ մեծ ուրախութեան արտայայտութիւն է:

«Վարդավառ» ժողովրդական անուանումը, հաւանաբար, կու գայ վարդաջուր լեցնելու սովորութենէն:

Ս. Գրիգոր Տաթեւացին տօնի «Վարդավառ» անունը կը բացատրէ Յիսուսը վարդի հետ համեմատելով. ինչպէս վարդը մինչեւ բացուիլը թաքնուած է իր պատեանի մէջ եւ բացուելով՝ կ՚երեւի բոլորին, այնպէս ալ Յիսուս մինչեւ այլակերպութիւնը Իր մէջ կը կրէր աստուածային էութիւնը եւ պայծառակերպուելով՝ յայտնեց Իր Աստուածութիւնը:

Վարդավառի տօնին կը նախորդէ շաբաթապահք: Իսկ յաջորդ օրը, ինչպէս տաղաւար բոլոր տօներէն յետոյ, Մեռելոց է. բոլոր եկեղեցիներու մէջ ննջեցեալներու հոգիներու համար կը մատուցուի Սուրբ Պատարագ եւ կը կատարուի հոգեհանգիստ:

Պայծառակերպութեան տօնով հաստատուեաւ այն ճշմարտութիւնը, որ Յիսուս Աստուծոյ Որդին է: Աստուծոյ պատգամն է առաքեալներուն եւ ողջ աշխարհին. «Անոր լսեցէք»: 

Շաբաթ, Յուլիս 10, 2021